«Եու.Է.Էֆ.Ա.»-ի «Քոնֆետերէյշըն լիկ»-ի առաջին հանգրուանի զտումի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչներ Նոա եւ Ուրարտու յաղթանակներ արձանագրեցին:
Նոա, որ Աբովեանի մարզիկ Վահագն Թովմասեանով դաշտին վրայ կը խաղար, եւ 3100 համակիրներով կրցաւ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնել Հիւսիսային Մակեդոնիոյ Շքենտիա ակումբը:
81-րդ վայրկեանին, փորթուգալցի Կոնսալօ Կրեկորիօ գլխու հարուածով նշանակեց Նոայի առաջին կոլը:
Նոայի երկրորդ կոլը նշանակեց 34 տարեկան սերպ պաշտպան Ալեքսանտր Միլքովիչ:
Էսթոնիոյ մէջ, Ուրարտու կրցաւ 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալ շատ բարդութիւններէ ետք:
Արդարեւ, Ուրարտու, որ «զրկուեցաւ» իր 4 ռուս մարզիկներէն վիզա չկրցաւ ձեռք ձգել Էսթոնիոյ կառավարութենէն:
«Եու.Է.Էֆ.Ա.»-ին գանգատ նամակ մը ղրկուելէ ետք, պարզապէս դատ բացուեցաւ «Եու.Է.Էֆ.Ա.»-ի դատական մարմինին եւ Էսթոնիոյ ֆետերասիոնին միջեւ:
Յամենայն դէպս, արդէն իսկ 2 վիրաւոր ռուս մարզիկներ ալ ունեցող Ուրարտու առանց իր 6 ռուսերուն կրցաւ 2 կոլ նշանակել:
11-րդ վայրկեանին, Թալինա Քալեւ խումբի պաշտպան Թրիսթան Թիվալի բացած էր մրցումին հաշիւը: Ուրարտուի աջ ծայրի յառաջապահ Էտկար Մովսիսեան կրցաւ 28-րդ եւ 77-րդ վայրկեաններուն կոլեր նշանակել եւ յաղթանակ կերտել ի նպաստ Ուրարտուին:
Դարձի մրցումները տեղի կ՛ունենան 18 յուլիսին: Նշենք, որ Հայաստանի բաժակակիր Արարատ Արմենիա Բ. հանգրուանի զտումի մրցումներուն կը մասնակցի, ուր պիտի մրցի Մոլտովայի Զիմպրու խումբին դէմ:


