Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Միայն Արդար Հատուցման Ճամբով

April 17, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ցեղասպանութեան տարելիցի նախօրեակին, թրքական խաբեպատիր մեքենայութիւնները դարձեալ գլուխ կը բարձրացնեն. դարձեալ փորձ կ՛ըլլայ աշխարհը մոլորեցնելու` յառաջ քշելով այն վարկածները, թէ` այսօրուան Թուրքիան անմեղ է, հայերն ու թուրքերը հաւասարապէս տուժած են Համաշխարհային Ա. պատերազմի իրադարձութեանց հետեւանքով, ցաւալի անցեալը պէտք չէ գրգռել, պէտք է յառաջ անցնիլ, բարեկամական մօտեցումը զարգացնել ու ապագային նայիլ գործնապաշտ մօտեցումով:

Դարձեալ փորձ կը կատարուի անհատոյց պարտքերը քողարկելու, մէկդի ձգելու եւ, տակաւին, հայեր ներգրաւելու այս գործընթացին մէջ: Այս փորձերը կը կրկնուի՜ն ու կը կրկնուին, հաւանաբար մեկնելով այն համոզումէն, որ եթէ սուտ մը կամ անընդունելի առաջարկ մը հազար անգամ կրկնես, թերեւս հազարմէկերորդ փորձիդ հաւատացողներ ու ընդառաջողներ գտնես…

Մեզի` հայութեան համար, կայ մէկ ու միակ ճամբայ. եթէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի-հայութեան միջեւ պատմական տխուր հաշիւները պիտի փակուին ու բարի դրացնութեան էջը պիտի բացուի, հոն հասնելու միակ ձեւը` Թուրքիոյ կողմէ ամբողջական հատուցում կատարելն է, ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս: Իսկ պէտք կա՞յ կրկնելու, որ ամբողջական հատուցում ըսելով` կը հասկնանք մարդկային, նիւթական ու հողային բոլոր կորուստներուն դիմաց արդար հատուցում, որուն մասին ոչ մէկ սակարկութիւն ընդունելի է:

Մեր կարգին, այս պահանջը պիտի կրկնենք ու կրկնենք, մինչեւ որ պնդագլուխները, բարեմտութիւն խաղացող իմաստակները, անոնք ըլլան հայ թէ թուրք կամ Թուրքիոյ պաշտպան-դաշնակից, հասկնան, թէ առանց արդարութեան` մնայուն ու կայուն լուծումներ անկարելի պիտի մնան. այս ճշմարտութիւնը իրական է հայութեան Դատին, թէ անտեսուած իրաւունքներ ունեցող ոեւէ ժողովուրդի համար:

Եւ թող ոչ ոք, բարեմիտի ու բարեկամի դիմակով, հայութեան ներկայանայ Թուրքիան չքմեղացնելու պատճառաբանութիւններով: Ցեղասպանութիւնը միայն Համաշխարհային Ա. պատերազմին տեղի չունեցաւ. Թուրքիա` օսմանեան, սահմանադրական թէ հանրապետական դիմակով, միշտ ալ հետապնդած է հայը իր հայրենիքէն զրկելու քաղաքականութիւն, գործադրած է ջարդ ու բռնագաղթ: Վերջին աղաղակող օրինակը` Կիլիկիոյ վերջնական պարպումն էր Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտէն 2-3 տարի ետք, առանց մոռնալու Մուսա լերան պարպումը` Համաշխարհային Բ. պատերազմի նախօրեակին…:

Իսկ եթէ թուրք մտաւորականներ, պատմագէտներ ու քաղաքական մարդիկ այսօր իսկապէս կը ցանկան տխուր էջերուն փակումը, պէտք է ընդունին անցեալի ահաւոր ոճիրը, իրենց ժողովուրդին բացատրեն, թէ անպարտի վկայական առնելու համար, պէտք է լիովին դարմանել այն` ինչ որ դարմանելի է (փաստօրէն, մարդկային կորուստները միշտ ալ պիտի մնան անդարմանելի), կատարել ամբողջական ու արդար հատուցում, ու միայն անկէ ետք որոնել բարի դրացնութեան, գործակցական յարաբերութեանց միջոցները:

Եթէ կան նման տրամադրութիւններ, երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը կը դառնան կարելի: Իսկ եթէ բարեմիտներն անգամ պիտի շարունակեն թութակել, որ հողային հատուցման հարցը պէտք է միանգամընդմիշտ փակուած համարել, որովհետեւ անկարելին կը պահանջուի, այդ պարագային, կը մնանք փակ ճամբու մէջ:

Մենք` հայերս, այս պատասխանը ունինք բոլորին: Եւ մեր պահանջները արդար են, որովհետեւ հիմնուած են պատմական անյեղլի ճշմարտութեանց վրայ:

Արդարութիւնն ու Ճշմարտութիւնը ի վերջոյ կը յաղթանակեն, որքան ալ ձգձգում պատճառեն խաբեպատիր փորձեր: Այս հաւատքով ու ինքնավստահութեամբ պէտք է տեսնենք, որ այսօր մեր նպատակներուն աւելի՛ մօտ ենք, քան տասնամեակներ առաջ:

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Շարժապատկերներու Շաբաթը Սկսաւ Մեծ Յաջողութեամբ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»-ի Խմբագրատուն Կ՛Այցելեն Հոգեւոր, Գործարարական Եւ Մշակոյթի Մարզերու Գործիչներ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.