Շաբաթ օր, Վալենսիայի մէջ տեղի ունեցաւ Փարիզի Ողիմպիականի զտումի մրցումներու գծով կիսաւարտականի մրցումը` Լիբանանի ազգային խումբին եւ Պահամասի միջեւ: Վերջին մրցումին, Անկոլայի դէմ Լիբանանի ազգային խումբի մարզիչ սերպ Միոտրակ Փերիզիչի մայրը մահացած էր (մրցումին պահուն), եւ ուրբաթ օր ան ստիպուեցաւ մեկնիլ Սերպիա, իսկ խումբին օգնական մարզիչ Մարքօ Ֆիլիփովիչ անոր գործը կատարեց:
Պէտք է աւելցնենք, որ առանց Ուաէլ Արաքժիի, Ամիր Սէուտի, մարզիչ Փերիզիչի եւ վիրաւոր Քարիմ Զայնունի, Լիբանանի ազգային խումբը շատ լաւ մրցում ունեցաւ:
Առաջին մասին Պահամաս, որ իր կազմին մէջ ունի «Էն. Պի. Էյ.»-ի 3 աստղեր, 31-16 արդիւնքով յառաջացաւ, բայց Լիբանան 2-րդ եւ 3-րդ մասերուն յաղթեց (19-20) եւ (13-18), բայց սպասելի էր, որ վերջին մասին ան տեղի տայ շատ աւելի լաւ եւ փորձառու մրցակիցին առջեւ, 26-18:
Սերժիօ Տարուիշ 22 կէտ նշանակեց, մինչ Հայկ Կէօքճեան 13 կէտ եւ Օմարի Սփելմըն 12 կէտ աւելցուցին ի նպաստ Լիբանանի: Ալի Մանսուր 6 ռիպաունտ եւ 7 էսիսթ կատարեց, մինչ Ալի Հայտար եւ Եուսեֆ Խայյաթ 9-ական կէտեր նշանակեցին:
Միւս կիսաւարտականին, Սպանիա 81-74 արդիւնքով յաղթեց Ֆինլանտային: Աւարտականին Սպանիա 86-78 արդիւնքով յաղթեց Պահամասին եւ հասաւ Փարիզի Ողիմպիական մրցումներուն:
Նշենք, որ Սպանիա պիտի ըլլայ Ա. խմբակին մէջ` իրեն հետ ունենալով Եաննիս Անթեթոքումփոյի Յունաստանը, Տենվըր Նակեթցի Ճամալ Մարէյի Քանատան եւ Տանթէ Էքսըմի ու Տիոփ Ռիթի Աւստրալիան:
Բ. խմբակին մաս կը կազմեն Ֆրանսան, Գերմանիան, Ճափոնը եւ Պրազիլը, իսկ Գ. խմբակին` Սերպիան, հարաւային Սուտանը, Փուերթօ Ռիքոն եւ Միացեալ Նահանգները: Յառաջիկայ օրերուն աւելի կը խօսինք մասնակցող խումբերուն մասին: