Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոփա Ամերիքա. Ուրուկուէյ Դուրս Ձգեց Հիւրընկալ Միացեալ Նահանգները

July 3, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քոփա Ամերիքայի մրցումները հետզհետէ հաճելի կը դառնան, եւ երէկ, կարեւոր մրցումի մը, Ուրուկուէյ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Միացեալ Նահանգները, Քանսասի մէջ:

Ուրուկուէյի մարզիչ Մարչելօ Պիելսայի խումբը յաջորդական իր 3-րդ մրցումը յաղթեց եւ քառորդ աւարտականին պիտի մրցի Դ. խմբակի երկրորդ դիրքը գրաւող խումբին դէմ: 15 անգամ Քոփայի ախոյեան Ուրուկուէյ վերջերս լաւ ֆութպոլ կը ցուցաբերէ իր արժանթինցի մարզիչին հետ, որ ծանօթ է իր յարձակողական ֆութպոլի խաղաոճով, նոյն պահուն կազմակերպուած ձեւով ճնշելով մրցակիցին վրայ` սխալներ ստիպելու համար անոր:

Հակառակ ասոր, Միացեալ Նահանգներ առաջին 25 վայրկեաններուն աւելի ճնշեց իր մրցակիցին վրայ: Լոս Անճելըսի յառաջապահ Քրիսթիան Օլիվերա, որ 27-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացած էր վիրաւոր Մաքսիմիլիանօ Արաուխոն փոխարինելով, 66-րդ վայրկեանին նշանակեց Ուրուկուէյի եւ մրցումին միակ կոլը: Արդարեւ, ազատ հարուածէ մը ետք Ռոնալտ Արաուխօ գլխաւոր հարուած մը տուաւ, որ զսպեց Միացեալ Նահանգներու բերդապահ Մաթ Թըրնըր, բայց գնդակը հասաւ Օլիվերային, որ շատ դիւրութեամբ նշանակեց կոլը:

Այս առիթէն քիչ առաջ, Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Ֆետերիքօ Վալվերտէ հեռուէն տուաւ ռմբային հարուած մը, որ Թըրնըրի բերդին մօտէն անցաւ:

Վերջին վայրկեաններուն, հիւրընկալ երկրի խումբը ճնշեց, սակայն արդիւնքը մնաց անփոփոխ:

Ուրուկուէյ այժմ պիտի սպասէ այսօր առաւօտ տեղի ունենալիք մրցումներուն արդիւնքներուն` գիտնալու, թէ Պրազիլի՞ դէմ թէ Քոլոմպիայի դէմ պիտի մրցի:

«Երկու խումբերն ալ լաւ մրցակիցներ են: Քոլոմպիա շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի: Բոլորս ալ գիտենք, թէ Պրազիլը որքա՛ն լաւ մրցակից է, եւ արդէն պէտք է սկսինք վերլուծելու մեր աշխատանքները, անմիջապէս որ գիտնանք մեր մրցակիցը, եւ այդ հիման վրայ պատրաստուինք», ըսաւ Ուրուկուէյի օգնական մարզիչ Տիեկօ Ռեյես, որ փոխարինած էր կախակայուած Տիելսան:

Օրուան 2-րդ մրցումին, Փանամա 3-1 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Պոլիվիոյ դէմ:

Ֆախարտօ (22), Կէրրերօ (79) եւ Եանիս (91) նշանակեցին Փանամայի կոլերը, մինչ Պրունօ Միրանտա 69-րդ վայրկեանին նշանակեց Պոլիվիոյ միակ կոլը: Փանամա, որ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Միացեալ Նահանգները, հասաւ քառորդ աւարտական:

Նշենք, որ այսօր առաւօտեան ժամերուն Պրազիլ պիտի մրցի Քոլոմպիոյ դէմ, իսկ Քոսթա Ռիքա` Փարակուէյի դէմ, Դ. խմբակի եւ առաջին հանգրուանի վերջին մրցումներուն:

Նախորդը

29 Տարիներու Անմնացորդ Ծառայութիւն

Յաջորդը

Թենիս. Ուիմպըլտընի Մրցաշարքը Սկսաւ Անակնկալներով

RelatedPosts

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղատ Աֆտալ
Մարզական

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղատ Աֆտալ

January 9, 2026
Ճատրակ.  Լեւոն Արոնեան` 2025-ին Ամէնէն Շատ Վաստկած Վարպետներէն Մէկը
Մարզական

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան` 2025-ին Ամէնէն Շատ Վաստկած Վարպետներէն Մէկը

January 9, 2026
Ափրիկէի Ազգերու Բաժակ.  Քառորդ Աւարտականին «Տաք» Մրցումներ
Մարզական

Ափրիկէի Ազգերու Բաժակ. Քառորդ Աւարտականին «Տաք» Մրցումներ

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.