1 յուլիսին աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան պիտի հասնի Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Լազար Քոմանեսքուն, կը յայտնեն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պիտի կայանայ նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Լազար Քոմանեսքուի հանդիպումը:
1 յուլիսէն Հայաստան կը ստանձնէ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան նախագահութիւնը: Կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի նախորդ նախագահութիւնը եղած է 2018-ի առաջին կիսուն: