Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եուրօ 2024. Այսօր` Խրուաթիա – Իտալիա

Յունիս 24, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթավերջին շարունակուեցան Եուրօ 2024-ի խմբակներու 2-րդ ճակատումները, որոնց աւարտին միայն Գերմանիա, Սպանիա եւ Փորթուգալ 2 յաղթանակներ ապահովելով հասան Բ. հանգրուան:

Փորթուգալ բաւական դժուար յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Չեխիոյ դէմ (2-1), 3-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Թուրքիոյ դէմ: Պեռնարտօ Սիլվա 21-րդ վայրկեանին, Աքայտին (28-րդ վայրկեանին սխալմամբ իր բերդին մէջ) եւ Պրունօ Ֆերնանտեշ (56-րդ վայրկեանին) նշանակեցին Փորթուգալի կոլերը: 56-րդ վայրկեանին Ռոնալտոյի փոխանցումը` Պրունոյի կոլին, եղաւ Եուրոյի պատմութեան մրցանիշ, հաւասարելով չեխ Քարել Փոպորսքիի փոխանցումներուն (7): Կրնանք ըսել, որ Գերմանիոյ եւ Սպանիոյ նման, Փորթուգալ շատ լաւ խմբային մրցում մը ունեցաւ, եւ մրցաշարքի ազդանշանէն առաջ, երբ թեկնածուներու առաջին դիրքերը կը գրաւէր, այս երկրորդ մրցումին յստակ բան մըն էր այդ մէկը: Պէտք չէ մոռնանք, որ առաջին մրցումին, Չեխիա 7-8 մարզիկներով կը պաշտպանէր Փորթուգալի դէմ, եւ այդ պատճառով է, որ Փորթուգալ դժուարութիւն ունեցած էր:

Իր երկրորդ մրցումին, Չեխիա «բնական» ֆութպոլ խաղցաւ եւ բաւական յարձակողական եւ գրաւիչ ելոյթ մը ունեցաւ Վրաստանի դէմ, սակայն անիկա ամէն ինչի մէջ յաջողեցաւ, բացի կոլ նշանակելէ. Լեւերքուզընի յառաջապահ Փաթրիք Շիք 59-րդ վայրկեանին կրցաւ նշանակել կոլ մը` հաւասարելով Վրաստանի կոլին, որ նշանակած էր Ճորճ Միքաութածէ 45-րդ վայրկեանին: 26 յարձակումներ եւ 11 հարուածներ բերդին վրայ, սակայն 1 կոլ:

Այժմ Չեխիոյ կը մնայ յաղթել Թուրքիոյ` չորեքշաբթի գիշեր հասնելու համար յաջորդ հանգրուան:

Ուրբաթ գիշեր արձանագրուեցաւ այս Եուրոյի առաջին մրցումը, որուն ընթացքին կոլ չնշանակուեցաւ իրաւարարին «օգնութեամբ»:

Արդարեւ, Ֆրանսա, որ կը մրցէր Նետերլանտներուն դէմ` առանց յառաջապահ Քիլիան Էմպափէի, որ քիթը կոտրած էր Աւստրիոյ դէմ մրցումին ընթացքին, 69-րդ վայրկեանին կոլ մը ստացաւ շնորհիւ Զաւի Սիմընզի, սակայն ՎԱՐ-ը որոշեց ջնջել կոլը, որովհետեւ Տենզել Տոմֆրիզ Ֆրանսայի բերդապահին ձախ կողմն էր, եւ ըստ իրաւարարին կրնայ Ֆրանսայի բերդապահ Մենիանի կեդրոնացումը շեղած ըլլալ…

Յամենայն դէպս, Ֆրանսայի  ազգային խումբի մարզիչ Տիտիէ Տեշան ինքզինք բախտաւոր պէտք է զգայ, որ Նետերլանտներ այլ առիթներ չկրցան ստեղծել: Զարմանալին այն է, որ Տեշան Փորթուգալի իրեն ամէնէն շատ աստղերով հարուստ խումբը ունի, սակայն չափազանց զգուշ խաղաոճ կը կիրարկէ: Ճիշդ է, որ Անթուան Կրիզման քանի մը ստոյգ կոլի առիթներ կորսնցուց, սակայն ան շատ փոփոխութիւններ կատարելու եւ մրցումին ընթացքը փոխելու ճամբան ունի: Մինչեւ 79-րդ վայրկեան ոչ մէկ փոփոխութիւն, մինչ փոխարինուած մէկ մարզիկը` Օսման Տեմպելէ, Ֆրանսայի ամէնէն աշխուժ եւ արագ մարզիկներէն մէկն էր: Դաշտ ներկայացան Քինկզլի Քոման (Պայերն Միւնիխ) եւ Օլիվիէ Ժերու, որ փոխարինեց Մարքուս Թիւրամը: Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի պահեստի աթոռներուն վրայ կան Ռէալ Մատրիտի Էտուարտօ Քամավինկան, Ֆերլան Մենտին, Փարիզ Սեն Ժերմենի Պրատլի Պարքոլան, Քոլօ Մուանին եւ Զէյր-Էմերին, ինչպէս նաեւ Ինթեր Միլանի Եուսուֆ Ֆոֆանան եւ Պենճամեն Փաւարտը եւ Լիվըրփուլի Իպրահիմա Քոնաթէն:

Այժմ Նետերլանտներուն կը մնայ յաղթել Աւստրիոյ` գրաւելու պարագլուխի դիրքը, մինչ Ֆրանսա պէտք է յաղթէ Լեհաստանին (վաղը ժամը 19:00-ին):

Նշենք, որ Աւստրիա 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Լեհաստանի դէմ:

Ե. խմբակին մէջ, Պելճիքա անակնկալ պարտութիւն մը կրելէ ետք Սլովաքիայէն, իր երկրորդ մրցումը, 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռումանիան շնորհիւ Թիլըմանսի եւ Տը Պրունյի կոլերուն:

Պելճիքա, որ շատ մեծ պայքարի ոգի ցոյց տուաւ այս մրցումին, ամէն դիրքերուն վրայ լաւ ելոյթ ունեցաւ, մինչ Ռումանիա իր կարգին բաւական ճնշեց Պելճիքայի բերդին վրայ, սակայն առանց լուրջ վտանգ ստեղծելու:

Այս արդիւնքէն ետք Ե. խմբակը զարմանալի պատկեր մը ունեցաւ, երբ Ա. խումբերը իրենց 2 մրցումները պարտութեամբ եւ յաղթանակով աւարտած են, եւ չորեքշաբթի օր շատ ճակատագրական պիտի ըլլան երկու մրցումները` Ռումանիա-Սլովաքիա եւ Պելճիքա-Ուքրանիա:

Այսօր գիշեր, ժամը 22:00-ին պիտի վճռուի Իտալիոյ ճակատագիրը: Արդարեւ, Բ. խմբակի վերջին մրցումներուն, առաջին դիրքը գրաւող Սպանիա պիտի մրցի Ալպանիոյ դէմ, մինչ Իտալիա` Խրուաթիոյ:

2002-էն ի վեր խումբերը 5 անգամ մրցած են իրար դէմ, ուր 2002-ի Մոնտիալին Խրուաթիա 2-1 արդիւնքով յաղթած էր. 2006-ին Իտալիոյ մէջ, բարեկամական մրցումի մը ընթացքին Խրուաթիա 2-0 արդիւնքով յաղթական դուրս եկած էր, մինչ վերջին 3 ճակատումները (2012, 2014 եւ 2015) 1-1 արդիւնքով աւարտած էր: Իտալիա 3 կէտ ունի եւ հաւասարութեան պէտք ունի անցնելու յաջորդ հանգրուան, մինչ Խրուաթիա անպայման 3 կէտ շահելու գծով պիտի խաղայ եւ 1 կէտ ունի երկու մրցումներէ ետք:

Պարագլուխի դիրքը գրաւող Սպանիա, ամէնէն յարձակողական գեղեցիկ ֆութպոլ կը ցուցաբերէ այս Եուրոյին եւ կը սպասուի, որ դիւրին յաղթանակ մը արձանագրէ Ալպանիոյ դէմ մրցումին:

 

Նախորդը

Բռնցքամարտ. Հայ Մարզիկները 7 Ոսկի, 2 Արծաթ Եւ 1 Պրոնզ Մետալներ Շահեցան

Յաջորդը

Լեռնալիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Նըժմեթ Սահրա 8-1

RelatedPosts

«Պունտըսլիկա».   Պայերն Միւնիխ 13-րդ Յաջորդական Յաղթանակը Արձանագրեց
Մարզական

«Պունտըսլիկա». Պայերն Միւնիխ 13-րդ Յաջորդական Յաղթանակը Արձանագրեց

Հոկտեմբեր 27, 2025
Մարմնամարզութիւն.  Մամիկոն Խաչատրեան Արծաթէ Մետալակիր
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Մամիկոն Խաչատրեան Արծաթէ Մետալակիր

Հոկտեմբեր 27, 2025
Արժանթինի Ֆութպոլի Բաժակ.  Զելարայեան Հիանալի Կոլ Նշանակեց,  Բայց Պելկրանօ Դուրս Մնաց
Մարզական

Արժանթինի Ֆութպոլի Բաժակ. Զելարայեան Հիանալի Կոլ Նշանակեց, Բայց Պելկրանօ Դուրս Մնաց

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?