Երէկ Շարքի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի երիտասարդներու խումբը (20 տարեկանէն վար) սկսաւ Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան մրցումները` 8-1 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը արձանագրելով Նըժմեթ Սահրայի վրայ:
Սերժ Ղալիունճեան (2), Արամ Ճեմեզեան (2), Յովիկ Տիշչեքենեան (2), Փոլ Քաճոյեան եւ Քարլոս Թոմաս նշանակեցին ՀՄԸՄ-ի 8 կոլերը. ՀՄԸՄ կիսախաղին 4-1 արդիւնքով արդէն յառաջ անցած էր:
Խումբը կը մարզէ Գէորգ Բարսեղեան, որ 24 տղաք ունի պատրաստելու իբրեւ ապագայի ՀՄԸՄ-ականներ ֆութպոլիստներ:
Շատ գեղեցիկ ֆութպոլ ցուցաբերեցին երէկ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի երիտասարդները: Յոյսով, որ յառաջիկայ շաբաթ Տապըլ Քիքի դէմ ալ անոնք յաղթանակի կը հասնին` պայքարի ոգիով եւ խմբային խաղարկութեամբ: Հետաքրքրական էր նաեւ համակիրներու ներկայութիւնը` դաշտին մէջ` քաջալերելու երիտասարդ տղաքը:
Յառաջիկայ մրցումը, ինչպէս ըսինք, տեղի պիտի ունենայ Տապըլ Քիքի դէմ, որ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Շիյահի դէմ:
Նշենք, որ կը մասնակցին նաեւ Սահել Մեթն եւ Սաֆա Շուէյֆաթ խումբերը:


