ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՅԱԿՈԲ ԼԵՒՈՆ ՇԱՄԼԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 23 յունիս 2024ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 94-ՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ-ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ
ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ կիրակի, 23 յունիս 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 94-րդ կրթական-ուսումնական տարեշրջանի աւարտին առիթով:
Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
Տեսուչ Դպրեվանուց
Ս. պատարագի մատուցումէն ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ դպրեվանքի 2023-2024 տարեշրջանի փակման հանդիսութիւնը:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդին մասնակցելու Ս. պատարագին եւ ներկայ գտնուելու դպրեվանքի ուսումնական-կրթական տարեշրջանի փակման հանդիսութեան:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Տիկին Անայիս Արզումանեան-Շամլեան, տէր եւ տիկին Սերժ եւ Ռանիա Շամլեան եւ զաւակունք, տէր եւ տիկին Փիեռ եւ Միշա Սահակեան եւ զաւակունք շնորհակալութիւն կը յայտնեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Ազգային կեդրոնական վարչութեան, ներկայ եւ նախկին պետական երեսփոխաններուն, միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով եւ ընկերային առցանց միջոցներով մասնակից եղան իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին` ՅԱԿՈԲ ԼԵՒՈՆ ՇԱՄԼԵԱՆի մահուան սուգին:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը, Տորայի շրջանին մէջ, կարիք ունի հաշուապահի մը: Դիմել` հեռ. 03-164767 թիւին:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Տղամարդու հագուստի վաճառատուն մը կարիքը ունի երիտասարդ պաշտօնեայի մը` 25-էն 40 տարեկան: Դիմել` հեռ. 76-506463: