Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եուրօ 2024. Գերմանիա Հասաւ Յաջորդ Հանգրուան. Սերպիա Փրկուեցաւ Վերջին Վայրկեանին

Յունիս 21, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հիւրընկալ Գերմանիա դարձաւ առաջին ազգային խումբը, որ Բ. հանգրուանի իր տոմսը ապահովեց, երբ չորեքշաբթի 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հունգարիան, իր 2-րդ մրցումին:

Հունգարիա, որ առաջին մրցումին 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Զուիցերիոյ դէմ, շատ արագ սկսաւ մրցումը եւ քիչ մնաց կոլ մը նշանակէր առաջին իսկ յարձակումին, սակայն Գերմանիոյ բերդապահ Մանուէլ Նոյըր արթուն էր եւ կրցաւ զսպել Ռոլանտ Սպայի հարուածը:

Վարդագոյնով մանիշակագոյն տարազով դաշտ ներկայացած Գերմանիա մինչեւ 12-րդ վայրկեան Հունգարիոյ բերդը չկրցաւ վտանգել: Ռոպերթ Անտիրխի հարուածը զսպուեցաւ Պենտեկիւզ Պոլլայի կողմէ:

4 վայրկեան ետք, Քայ Հավերցի հետ փոխանցումներէ ետք Իլքայ Կիւնտողան գնդակը փոխանցեց Մուսիալային, որ ոտքի գեղեցիկ շարժումներէ ետք 10 մեթրէն նշանակեց Գերմանիոյ կոլը, մինչ յետսապահ Ֆիւլա ծունկով կը փորձէր զսպել գնդակը:

Հունգարիա գանգատեցաւ իրաւարարին, թէ Կիւնտողան Ուիլի Օրպանի դէմ ֆաուլ գործած էր կոլի պատրաստութեան պահուն, սակայն ՎԱՐ-ը ստուգելէ ետք պատահածը կոլը նկատի առաւ:

Իտալացի մարզիչ Մարքօ Ռոսի իր տղոց հրամայեց յարձակիլ եւ, ազատ հարուածի մը վրայ, Լիվըրփուլի միջնապահ Տոմինիք Սոպուլայ քիչ մնաց խաբէր Նոյըրը, որ սակայն ոստում մը կատարեց եւ վերի անկիւնէն զսպեց հարուածը, ապա անմիջապէս ետք զսպեց Պառնապաս Վարկայի փորձը` հասնելու գնդակին:

Առաջին կիսախաղի աւարտէն քիչ առաջ Հունգարիա կոլ մը նշանակեց, սակայն ծայրի իրաւարարը օֆ-սայտի դրօշը բարձրացուցած էր:

Բ. կիսախաղին 2 արագ առիթներ ի նպաստ Գերմանիոյ, ուր Կիւնտողանի եւ Թոնի Քրուսի հարուածները զսպուեցաւ բերդապահ Կուլաչիի եւ պաշտպանի մը կողմէ:

60 վայրկեան չեղած Հունգարիա առիթ ունէր կոլ նշանակելու, բայց Վարկայի գլխու հարուածը Նոյըրի բերդէն բարձր անցաւ:

Այս առիթէն հազիւ 5 վայրկեան անցած, ձախ յետսապահ Մաքսիմիլեան Միթըլշթատ դէպի կեդրոն փոխանցեց, եւ Գերմանիոյ խմբապետ Կիւնտողան գնդակը զետեղեց Հունգարիոյ բերդին մէջ` նշանակելով 2-րդ կոլը:

Շթութկարթի դաշտին համակիրները ուրախ մնացին այս կոլով, եւ Եուլիան Նակըլզմանի մարզած խումբը յաջորդական երկրորդ մրցումը ըլլալով համոզիչ ելոյթ ունեցաւ եւ արդիւնք տուաւ: Գերմանիոյ 3-րդ եւ վերջին մրցումը տեղի կ՛ունենայ կիրակի օր ժամը 22:00-ին` Զուիցերիոյ դէմ:

Զուիցերիա, որ Գերմանիոյ, նման յաղթանակով սկսած էր, իր երկրորդ մրցումին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սկովտիոյ հետ: Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Սքոթ Մաքթոմինէյ 13-րդ վայրկեանին նշանակեց Սկովտիոյ կոլը, մինչ Ժերտան Շաքիրի ռմբային հարուածով մը 26-րդ վայրկեանին նշանակեց Զուիցերիոյ կոլը:

Զուիցերիա 2 կոլ եւս նշանակեց, սակայն ՎԱՐ-ը օֆսայտ նկատեց երկու կոլերն ալ` յոյս ներշնչելով Սկովտիոյ, որ կիրակի գիշեր պէտք է յաղթէ Հունգարիոյ անցնելու համար Բ. հանգրուան:

Գ. խմբակին գծով, Սերպիա, որ առաջին մրցումին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Անգլիոյ դէմ, բաւական լաւ մրցում մը ունեցաւ Սլովենիոյ դէմ բայց Զան Քարնիչիք  անակնկալօրէն նշանակեց Սլովենիոյ ի նպաստ կոլ մը:

Ա. Սէ. Միլանի յառաջապահ Լուքա Եովիչ 95-րդ վայրկեանին գլխու գեղեցիկ հարուածով մը նշանակեց Սերպիան փրկող կոլը, որմէ վայրկեան մը ետք իրաւարարը սուլեց մրցումի աւարտը:

Սերպիա երեքշաբթի գիշեր պէտք է անպայման յաղթէ Դանիոյ` հասնելու Բ. հանգրուան, մինչ Սլովենիա, որ Դանիոյ հետ հաւասարութիւն մը արձանագրած էր առաջին մրցումին, դժուար մրցում մը ունի Անգլիոյ դէմ երեքշաբթի գիշեր:

Այսօր ժամը 16:00-ին Սլովաքիա պիտի մրցի Ուքրանիոյ դէմ, իսկ 19:00-ին Լեհաստան` Աւստրիոյ դէմ: Օրուան ամէնէն ուզուած մրցումը տեղի պիտի ունենայ ժամը 22:00-ին, ուր Նետերլանտներու խումբը պիտի մրցի Ֆրանսայի դէմ:

Նախորդը

Քոփա Ամերիքա. Այսօր` Արժանթին – Քանատա

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Ախոյեանութիւնը Կը Սկսի 10 Հոկտեմբերին

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա
Մարզական

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա

Յուլիս 12, 2025
ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում.  Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ
Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Եւրոպական Բաժակներ.  Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն
Մարզական

Եւրոպական Բաժակներ. Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?