Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յիշելով Յարութիւն Սարկաւագ Բանեանը

April 14, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մօտ քառասուն օրեր առաջ Լոս Անճելըսի մէջ իր հոգին աւանդեց երկար տարիներ Ս. Քառասնից Մանկանց եւ Ս. Նշան Մայր եկեղեցիներուն մէջ ծառայած Յարութիւն սարկաւագ Բանեանը:

Ծնած էր  1934-ին համեստ ու աստուածավախ Արտաշէս եւ Փիրուզ Բանեաններու յարկին տակ: Եօթը տարեկանին հօրը առաջնորդութեամբ զինք կը տեսնենք արդէն Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ դպրաց դասին մէջ, ուր կ՛ըլլայ պարտաճանաչ ներկայութիւն  մը հօրը կողքին` մինչեւ 1946 թուական: Նոյն տարին երբ ընտանեօք կը տեղափոխուին Պուրճ Համուտի շրջանը,  Յարութիւն Բանեան կ՛ըլլայ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամ եւ տարիներ ետք ալ` դպրաց դասի ատենապետ:  Յաճախած էր Նշան Փալանճեան ճեմարանը` վայելելով Լ. Շանթի եւ այլ մեծերու հայաշունչ մթնոլորտը, սակայն  պատանութեան տարիներուն իսկ ստիպուած էր մտնել կեանքի ասպարէզ` որպէս տան աւագ որդին նեցուկ դառնալու համար հօրը ընտանիք պահելու դժուար աշխատանքին եւ դարձած էր վարպետ ոսկերիչ մը:

Երիտասարդ տարիներուն եղած էր կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցիչ, ապա նաեւ ՀԵԿԴՕՄ-ի (Հայ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցներու օժանդակ մարմին) մէջ ունեցած էր վարչական պաշտօն: Այս տարիներուն է, որ այս շրջանակին մէջ գտած էր նաեւ իր կեանքի ընկերուհին` Սիրվարդ Փարթամեանը եւ կազմելով տիպար ընտանիք մը տարիներու ընթացքին բախտաւորուած է երեք դուստրերով` Յասմիկ, Շողիկ եւ Մարալ:

Բարեշնորհ Յարութիւն սրկ. հաւատաւոր եւ համոզուած ծառան էր հայ եկեղեցւոյ, ունէր անբասիր վարք եւ մեծ նուիրուածութիւն անոր հանդէպ, որուն իբրեւ արդիւնք 1994-ին իրեն կը շնորհուէր սարկաւագի աստիճան:

1995-էն 2008 մինչեւ Միացեալ Նահանգներ իր մեկնումը կը ծառայէր Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Եւ այսպէս աւելի քան վաթսուն տարիներ ամէն կիրակի  առաւօտեան ժամը 7:00-էն  կանոնաւորապէս  ներկայութիւն եղած էր հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ` իր արժանի ներդրումը ունենալով անոր պայծառացման գործին: Գիտակ էր եկեղեցւոյ խորհուրդներուն եւ շարականներուն եւ ունէր մեղմ ու քաղցր ձայն: Միշտ ունէր բարի ու լուսաւոր ժպիտ մը: Ժամանակի թաւալումին հետ ունեցաւ եօթը թոռներ, որոնցմով կը լիանար: Իր մեծ հօր մը ունեցած ուրախութիւնը երկինքներ կը հասնէր ամէն անգամ երբ թոռնիկները  ամառնային արձակուրդներուն կ՛այցելէին Պէյրութ:

Թոռնիկները վայելելու փափաքն էր կարծես, որ ստիպեց իրեն վերջնականապէս տեղափոխուիլ Միացեալ Նահանգներ ու թէեւ առողջութիւնը քայքայուած էր շաքարախտի հետեւանքով, սակայն իր փոքր թոռնիկներով ինքզինք կը զգար առողջ եւ երիտասարդ եւ օրերուն կը նայէր յոյսով`  լեցուն անոնց զուլալ  ու ջինջ աչքերով:

Այս տողերը գրելու պահուս կը վերապրիմ այն ուրախութիւնը, երբ միասնաբար կը գտնուէինք Ս. Նշանի կամարներուն տակ եւ իր հոգւոյն պայծառութիւնն ու իր ազնիւ անունը զիս կը պարուրեն արդար հպարտութեամբ մը:

Հողը թեթեւ գայ վրադ բարեշնորհ Յարութիւն սարկաւագ Բանեան:

Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ Դպրաց Դասէն
Ս. Ղ.

Նախորդը

Արա Գալայճեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Լեւոն Շանթ (1869-1951). Հայ Ժողովուրդին Ստեղծագործ, Ներհուն Եւ Վսեմաշուք Եսը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.