ՄԱՀԱԶԴ
Միրէյ Փափազեան
Նենսի Փափազեան
Նազ Փափազեան
Տէր եւ տիկին Հայրապետ եւ Ռիթա Փափազեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Ծովինար Փափազեան եւ զաւակունք
Տիկին Լուսին Փափազեան եւ զաւակունք
Տիար Յարութ Փափազեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժանօ եւ Շողեր Փափազեան եւ զաւակունք
Տիկին Մարօ Փափազեան-Տէմիրճեան եւ զաւակունք
Տիար Աբօ Փափազեան
Տիար Համբիկ Փափազեան
Տիար Յակոբ Փափազեան
Փափազեան եւ Մալխասեան ընտանիքներ
Տէմիրճեան եւ Վարդանեան ընտանիքներ
Քըտտօ եւ Հաննա ընտանիքներ
Մազաքեան եւ Թաշճեան ընտանիքներ
Էմմիեան եւ Ակոբեան ընտանիքներ
Նոհրա եւ Պէրպէրեան ընտանիքներ
Գույումճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ՍԱԳՕ ՓԱՓԱԶԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ 25 մայիս 2024-ին, Միացեալ Նահանգներ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երկուշաբթի, 3 յունիս 2024-ին, Լոս Անճելըս, Միացեալ Նահանգներ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Հանգուցեալին հոգւոյն հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարուի կիրակի, 9 յունիսին, Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Ս. պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ սրահը` մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00:
—————————————
ՍԱՐԿԱՒԱԳԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Կիրակի, 9 յունիս 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին, սարկաւագական կարգ պիտի ստանան երեք դպրեվանեցիներ:
Ձեռնադրիչ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Ս. Պատարագ` առաւօտեան ժամը 9:30-ին
Ձեռնադրութիւն` առաւօտեան ժամը 10:00-ին
Քարոզ` առաւօտեան ժամը 11:00-ին
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ աղօթակից դառնալու մեր դպրեվանքի ընծայեալներուն, որպէսզի իրենց աստուածահաճոյ առաքելութեան մէջ հաստատ մնան եւ ամուր քայլերով ընթանան «դէպի աղբիւրը Լոյսին»:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
