ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը կը գուժէ իր 1974-ի շրջանաւարտներէն
ՀՈՒՐԻ ԹՈՐԻԿԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 28 մայիս 2024-ին, Միացեալ Նահանգներ:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Մարի Պայրամեան-Վահրատեան
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Գարին Վահրատեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Արփի Գանձապետեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Դանիա Վահրատեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Սիլվա Վահրատեան եւ զաւակունք
Վահրատեան եւ Պայրամեան ընտանիքներ
Քէօշկերեան եւ Գանձապետեան ընտանիքներ
Դաւիթեան եւ Քէօհնելեան ընտանիքներ
Պայթարեան եւ Չննոզեան ընտանիքներ
Գօրուքեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, քեռիին եւ հարազատին`
ԳՐԻԳՈՐ ՎԱՀՐԱՏԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1930-ին)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 31 մայիս 2024-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 1 յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, ինչպէս նաեւ կիրակի, 2 յունիս 2024-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————
ԴՊՐԱՑ ԵՒ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
ՁԵՌԱՄԲ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ
Կիրակի, 2 յունիս 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին, դպրութեան եւ կիսասարկաւագութեան ձեռնադրութիւն պիտի կատարուի դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժինի նորեկ եւ Ա. Ընծայարանի աշակերտներուն:
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Ձեռնադրութիւն` ժամը 10:30-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Ձեռնադրութենէն ետք Ս. Սեղանին սպասարկութիւնը պիտի կատարեն նորոգ ձեռնադրեալ դպիրներն ու կիսասարկաւագները:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ՍԱՀՄԱՆԵԼԻ»
Հեղինակ` ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Հրատարակուած` Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ
«Զանգակ» հրատարակչութիւն
Երեւան, 2024
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
1.- Հայկական դպրոց մը կարիքը ունի մաքրութեան տիկիններու (առաւօտեան ժամը 7:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00):
2.- Գրասենեակի արտաքին գործերը կատարող պաշտօնեայի մը (մոթորսիքլեթ վարելու կարողութեամբ եւ «ումումի» արտօնագիր ունենալը առաւելութիւն է):
Հեռ. 04-542037:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի քարտուղարուհիի մը:
Դիմել` հեռ. 03-412442:

