Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ Ժերար Աւետիսեանի Ստեղծագործութիւններու Ցուցահանդէսի Բացման Հանդիսութիւն

April 12, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 11 ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ նախկին նախարար փրոֆ.  Իպրահիմ Նաժժարի, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ժերար Աւետիսեանի «Ի պատիւ նախնիներուն» թեմայով խառն թեքնիք, աքրելիք եւ կտաւ ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ մեծաթիւ արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Մերի Չոլոյեան, որ նշեց, թէ արուեստագէտ Ժերար Աւետիսեան լիբանանեան ընկերութեան մէջ հանրածանօթ դէմք մըն է, որ ունի գեղարուեստական եւ ոճային բնորոշ իւրայատկութիւններ: Չոլոյեան ըսաւ, որ Աւետիսեանի գործերուն մէջ միշտ ալ նորութիւններ գոյութիւն ունին, եւ իր ստեղծագործութիւնները արժանացած են արուեստասէր հասարակութեան գնահատանքին:

Ապա խօսք առաւ նախկին նախարար փրոֆ.  Իպրահիմ Նաժժար, որ յայտնեց, թէ Ժերար Աւետիսեանի բոլոր գործերուն մէջ յստակօրէն կ’երեւին հայկականութիւնը` տարազներուն, գոյներուն, երանգներուն եւ տիպարներուն ընդմէջէն: Նաժժար շեշտեց, որ արուեստագէտը իր ստեղծագործութիւններուն ճամբով կը ներկայացնէ հաւաքականութեան արժէքները: Ան ըսաւ նաեւ, որ լիբանանահայութիւնը լիբանանեան ընկերութեան կարեւոր մասնիկն է, եւ Ժերար Աւետիսեանը հայութեան եւ լիբանանցիներուն միջեւ կամուրջ հանդիսացող կապերէն մէկն է:

Զոյգ խօսքերէն ետք գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Կիլիկիա» պարախումբը:

Յայտնենք, որ Ժերար Աւետիսեան «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ կը ցուցադրէ 35 ստեղծագործութիւններ, որոնց մէջ կը ներկայացուին հայկական տարբեր շրջաններէ տիպարներ` իրենց հագուածքով եւ շրջապատով: Ստեղծագործութիւններուն մէջ կան շունչ եւ ոգի, իսկ օգտագործուած միջոցներու եւ գոյներու այլազանութիւնը գործերուն տուած է յաւելեալ որակ եւ հարստացում:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 23 ապրիլ 2012, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Յասմիկ Պապեան. 25 Տարի Բեմում

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.