Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բագին» Հանդէսի Կազմակերպած Ընթերցման Հանդիպումներու Ծիրին Մէջ Ներկայացում` Յակոբ Պալեանի «Ամերիկա, Ամերիկա… Երազ Եւ Խորտակման Լքումներ» Վէպին

April 12, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Բագին» գրական հանդէսի կազմակերպած ընթերցման հանդիպումներուն ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 11 ապրիլ 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ «Բագին»-ի խմբագիր Յակոբ Պալեանի գրական վերջին վէպին ներկայացումը:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Բագին»-ի փոխ խմբագիր Սեդա Գրիգորեան, որ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, իր եւ Յակոբ Պալեանի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` այս գծով իրենց ցուցաբերած հետաքրքրութեան համար:

«Ամերիկա, Ամերիկա… Երազ եւ խորտակման լքումներ» խորագիրը կրող այս վէպը Պալեանի գրական վէպերուն երկրորդն է` 2009-ին լոյս տեսած «Անանուններու կեանքի շերտը» խորագրեալ անոր առաջին վէպէն ետք:

Պալեանի գրական այս նոր վէպը ներկայացուց Սագօ Արեան, որ իր խօսքի առաջին մասով հակիրճ ձեւով ներկայացուց վէպին նիւթը, որուն հերոսը` երիտասարդ Լեւոն Արիսեան, պայուսակով մը կը մեկնի Ամերիկա` իր ետին թողելով իր կեանքի խոստացեալ ընկերուհին` Արմինէն, անպայման վերադառնալու խոստումով: Վէպի ամփոփ պատումէն ետք կարդացուեցան հատուածներ` գիրքի զանազան մասերէն:

Արեան դրուատիքով արտայայտուեցաւ Յակոբ Պալեանի գրական արժանիքներուն մասին` վեր առնելով անոր իւրայատուկ ոճն ու պատգամ փոխանցելու իր հմտութիւնը:

Սեդա Գրիգորեան այս առիթով ընթերցեց ծանօթ մտաւորական Թորոս Թորանեանի գրած յատուկ գրախօսականը` Պալեանի այս վէպին մասին: Թորանեան նշելով 1960-ական թուականներէն արմատ նետած իր բարեկամութիւնը Պալեանի հետ, ուշագրաւ ակնարկով նշած է նաեւ, թէ երէկի հրապարակագիրին մէջ շնչած է նաեւ յաջող գրագէտը:

Ըստ Թորանեանի, Պալեանի այս գործը կը ցոլացնէ սփիւռքահայուն տառապանքը: Հերոսը` Լեւոն Արիսեան, կ՛ապրի հոգեկան առանձնութիւն մը, անոր բոլոր երազները կը փշրուին ամերիկեան սալայատակին վրայ: Թորանեան նաեւ դրուատած է Պալեանի լեզուին ոճական հմայքը` վէպը նկատելով գրական յաջող գործ մը:

Այս առիթով ներկաներուն փափաքով խօսք առաւ նաեւ Յարութ Ա. սրկ. Շերնեզեան, որ անդրադարձաւ Պալեանի շօշափած հիմնահարցին` արտագաղթի երեւոյթին, որ թէեւ նորութիւն չէ հայ իրականութեան մէջ, բայց աւելի թափ ու ծաւալ ստացած է. վարդագոյն Ամերիկայի մը երազանքը: Ըստ Շերնեզեանի, Յակոբ Պալեանի 208 էջերէ բաղկացած այս վէպին մէջ հերոսը ծունկի եկած է իր երազներուն տակ. գեղեցիկ ու հեզասահ լեզուով Պալեան հայ երիտասարդութիւնը կը զգուշացնէ ձուլումի վտանգէն: Շերնեզեան հիմնական երեք կէտերու մէջ ամփոփեց իր գրախօսականը, նախ` հսկայական Ամերիկան իր բոլոր բարիքներով ու հիւրասիրութեան երեւոյթներով խոտոր կը համեմատի իրականութեան, հայ իրականութեան: Անիկա կը թալանէ մարդուն, հա՛յ մարդուն ինքնութիւնը: Վերջինս հայ է սոսկ անունով:

Երկրորդ, հայկականութեան տենչը հզօր է հերոսի հոգեկան ներաշխարհին մէջ: Ան նոյնիսկ օտարութեան մէջ հայկական եկեղեցի կը փնտռէ: Իր դիւրաբեկ յոյսերուն վրայ կը փորձէ երազ մը կերտել:

Երրորդ` հերոսի կեանքի վերջին շրջանի ամայութիւնը սեւ ծուխի պէս տիրական է:

Լիբանանահայ արուեստագէտ Արա Ազատի գծագրած կողքը իր կարգին կը յամենայ ու «կը ձայնակցի» Յակոբ Պալեանի գրական վէպի բովանդակութեան:

Աւարտին եղան կարծիքներու փոխանակումներ ու քննարկումներ, որոնց ընթացքին վէպին հերոսը ներկայացուեցաւ իբրեւ «պարտեալ մը» եւ ժխտական տիպար մը:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.