Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ մայիսը յաղթանակներու ամիս է, եւ ժամանակն է, որ մայիս 9-ը վերածուի նոր յաղթանակներու մեկնարկի օրուան: Հինգշաբթի, Շուշիի ազատագրման տօնին կողքին, Հայ եկեղեցւոյ կարեւոր տօներէն Համբարձման տօնն է:
Ժամանակն է, որ եկեղեցին իր դերը վերցնէ, բոլոր ուժերն ու ժողովուրդը միանան, եւ ազգը արցախեան ազատագրական պայքարի ոգիով անդունդէն բարձրանայ ու հեռացնէ բոլոր անոնք, որոնք ազգակործան աշխատանքներուն մէջ բաժին ունին:
Այս պայքարը ճակատագրական է: Լուռ ու անտարբեր ըլլալը նոյնքան դատապարտելի է:
Այս պայքարը նախկիններու եւ ներկաներու պայքար չէ, ոչ ալ իշխանութեան հասնելու կռիւ է:
Այս պայքարը վեր է անհատական, կուսակցական եւ հատուածական շահերէ, նեղ ու աթոռի անհեթեթ հաշիւներէ:
Հիմա մէկ առաջնահերթութիւն պէտք է ունենանք` կասեցնել թշնամիներուն թափանցումը եւ հեռացնել ստրկացած իշխանութիւնը:
Բարեբախտաբար եւ երկար սպասումէ ետք այսօր շարժումը ունի առաջնորդ: Բագրատ սրբազանը բոլորին ներկայացուցիչը ըլլալու իրաւունքը եւ կարողականութիւնը ունի: Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանը կը մարմնաւորէ հոգեւորականի կերպարը եւ ազգային առաջնորդի տիպարը: Պէտք չէ մոռնալ, որ սրբազանը Արցախի բոլոր պատերազմներուն ունեցած է իր կարեւոր մասնակցութիւնը եւ միշտ ալ եղած է ազգային-հոգեւոր արժէքներու պահապանը:
Հոգեւորականը միայն խունկ այրող եւ արարողակարգ կատարողը չէ: Կը սխալին իշխանութիւններու շարք մը ներկայացուցիչները, երբ հոգեւորականները կը դիտարկեն որպէս միայն սուրբ պատարագ մատուցող սպասաւորներ:
Չէ՛, միայն այդ չէ, այդ մէկը միայն մէկ ու չնչին բաժինն է, եւ անոնք եթէ լաւապէս սերտած ըլլային հայոց պատմութիւնը, այն ժամանակ կը գիտնային, թէ հոգեւորականները անցեալին ինչպիսի՛ առաքելութիւն եւ դեր ունեցած են ազգի ճգնաժամային պահերուն: Իսկ անոնք եթէ սփիւռքով իրաւի հետաքրքրուած ըլլային, ապա լաւապէս կը գիտնային, որ հայրենիքէն հեռու հոգեւորականները ե՛ւ կրթական մշակ են, ե՛ւ ազգային գործիչ, ե՛ւ հայ մտքի առաջնորդ, ե՛ւ ընկերային ծառայող, ե՛ւ Հայ դատի զինուոր…
Հոգեւորականը զանգ հնչեցնողն է, մարտիկները օրհնողն է եւ եկեղեցին ու հայրենիքը միաւորողն է:
Այսօր հողին չափ հոգեւոր արժէքներն ու հայ մարդու տեսակը վտանգուած են, եւ ազգային եկեղեցին պարտաւոր է իր պատասխանատուութիւնը վերցնելու:
Ուստի իւրաքանչիւր հայ իր գտնուած վայրին ու կարելիութիւններուն համապատասխան պայքարին մէջ պէտք է բերէ իր առաւելագոյն մասնակցութիւնը, որպէսզի մայիս 10-ին տեսնենք նոր արշալոյսին շողերը…
Մի՛ ըսէք` «յոգնեցանք», «յոյս չունինք», եւ կամ ալ` «մեծ պետութիւնները խաղը գծած են ու կը քալեն, եւ մենք ընելիք չունինք»:
Ժամանակն է, որ խաղին օրէնքները փոխուին, եւ օրէնք փոխելու համար առաջին հերթին հարկ է բեմին վրայ ներկայ խաղացողները դուրս դրուին, հեռացուին:
1918 եւ 1988 կերտած ազգը մայիս 2024-ին ալ կրնայ նոր յաղթանակ ձեռք բերել:
Մեր պատանիներն ու երիտասարդները արժանի են նոր յաղթանակներու: Նոր սերունդը պէտք է դուրս գայ յանձնուողի եւ պարտուողի հոգեվիճակէն: Վերջապէս, մեր նահատակներուն գործը չենք կրնար կիսատ ձգել: Եռաբլուրին մէջ նահատակները պէտք է հանգիստ ննջեն:
Այս անգամ բացակայ ըլլալը ազգակործանման մասնակից դառնալ է: Որեւէ պատճառաբանութիւն ընդունելի չէ:
«Տաւուշը` յանուն հայրենիքի» շարժումը բոլորիս շարժումն է: Համախմբուինք եռագոյն դրօշին ներքեւ եւ վերջ տանք զիջումներուն ու անծայրածիր նահանջին, փրկենք մեր պատիւը, ազգն ու հայրենիքը:
Հաւատացէ՛ք` ազգիս արեւը անպայման նորէն պիտի ծագի:
Յառա՜ջ, յանուն ազգին, հայրենիքին, պետականութեան եւ Դատին…
Բոլորս Բագրատ սրբազան ենք:
Ոտքի՛, ժամն է իսկական պայքարի, պատուի ու խղճի պայքարի…