12-14 ապրիլ 2024-ին Թեհրանի մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին կազմակերպութեամբ գումարուեցաւ ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու պատանիներու յատուկ խորհրդաժողովը, որուն կը մասնակցէին` Հայաստանի, Արցախի, Թեհրանի, Նոր Ջուղայի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի պատանեկան միութիւններէն 23 պատանիներ ու վարիչներ, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական խորհուրդէն անդամներ եւ հիւրընկալող շրջանէն ներկայացուցիչներ: Եռօրեայ խորհրդաժողովին պատանիները քննարկեցին ազգային ինքնութեան ու արժեհամակարգին, հայրենասիրական ու ազգային դաստիարակութեան, միութենական կեանքի եւ պատանիի տիպարին ու առաքելութեան առնչուած հարցեր: Պատանիները իրազեկ դարձան նաեւ անցնող հնգամեակին Արցախի քաղաքական անցուդարձերուն եւ արցախցիներուն հայրենի տուն վերադառնալու անկոտրում կամքին: Պատանիները հաստատեցին, որ Արցախի հարցը փակուած կարելի չէ համարել մինչեւ անոր արդար լուծումը: Միջին Արեւելքի քաղաքական, ապահովական, ընկերային թէ այլ բազմաբնոյթ կացութիւններու, իրավիճակներու ու մթնոլորտի մէջ հասունցած պատանիները դրսեւորեցին լրջախոհ կեցուածք եւ որպէս դաշնակցական պատանի` իրենց կոչումը արդարացուցին: Մարդուժի պատրաստութեան շըրջագծէն ներս կազմակերպուած այս գործունէութիւնը հիմնականօրէն կը նպատակադրէր պատանիներու ներկազմակերպական տեղեկութիւններու, գիտելիքներու ու հմտութիւններու տարածքը ընդարձակել ընդգրկելով`
Ա.- Տարածաշրջանի ՀՅԴ պատանեկան միութիւններուն վերաբերող կազմակերպական քննարկումներ ու սերտողութիւններ,
Բ.- Ծանօթանալ տարածաշրջանի պատանիներու մտահոգութիւններուն, ազգային ու միութենական հարցերու մօտեցումներուն, մտահորիզոնին եւ հեռանկարներուն,
Գ.- Նպաստել պատանիներու կազմակերպական փորձառութեան ձեռքբերման եւ տարածաշրջանի պատանեկան միութիւններու ու պատանիներու միջեւ ընկերական յարաբերութիւններու սերտացման:
Խորհրդաժողովը նաեւ կը միտէր խորացնել ՀՅԴ պատանեկան միութիւններուն մէկ ընտանիքի պատկանելու գաղափարը եւ մեր գաղափարական դաստիարակութիւնը ներթափանցելի դարձնել պատանիներու կրթութեան մէջ, միաժամանակ պատրաստելով ապագայ մարդուժի տուեալներու անձնադարան:
Այս օրերուն, մեր ազգին ու հայրենիքին դիմագրաւած դժուար պայմաններուն մէջ, խորհրդաժողովը պատանիներու ազգային ու հայրենասիրական դաստիարակութեան վերաբերող ծրագիրներ քննարկեց` կեդրոնանալով նորարար, պատանիները հետաքրքրող եւ միաժամանակ ազգային արժէքները գերագոյն արժէքներ համարող ու անոնց դրսեւորումը պատանիներու առօրեային մէջ զգալի դարձնող նախագիծներու վրայ:
Նկատելով, որ նմանօրինակ գործունէութիւններ մեծապէս կը նպաստեն պատանիներու փորձառութեան կրկնապատման, աշխարհայեացքի ընդլայնման եւ նոր տեսլականներու ձեւաւորման` խորհրդաժողովը կարեւորեց անոնց յաճախակի կազմակերպումը: Քարոզչական բնագաւառի մէջ ժողովը հաստատեց ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու աշխատանքները լուսարձակի ներքեւ պահելը եւ համացանցի ընձեռած հնարաւորութիւններէն օգտուելով` յարաբերական ու քարոզչական աշխատանք ծաւալելը: Արցախի պատանեկան միութեան գործունէութեան սատար հանդիսանալու համար խորհրդաժողովը սերտեց եւ առաջարկեց տարածաշրջանային թէ համահայկական նախաձեռնութիւններու տարբերակներ:
Խորհրդաժողովի օրակարգի քննարկման եղանակը, որ կը յատկանշուէր բծախնդրութեամբ եւ խորքայնութեամբ, ցուցանիշ էր, որ Միջին Արեւելքի ՀՅԴ պատանեկան միւթիւնները տասնամեակներու ընթացքին իրենց ծաւալած գործունէութեամբ իրենց հիմնադրութեան թիրախը նուաճած են:
Խորհրդաժողովը հիւրընկալող Թեհրանի կազմակերպական շրջանը իր ցուցաբերած ջերմ մօտեցումով ու ընդունելութեան հարազատութեամբ վերահաստատեց Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կառոյցներու միահամուռութիւնը:
Յառաջիկայ ամիսներուն պիտի կազմակերպուի Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու պատանեկան միութիւններու նմանաբնոյթ խորհրդաժողովներ:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ