Մեր Մասին

«ԱԶԴԱԿ» ՕՐԱԹԵՐԹԻՆ ԵՐԹԸ՝

«ԱԼԻՒՐԷՆ  ՄԻՆՉԵՒ ՀԱՑԻ ՎԵՐԱԾՈՒԻԼԸ»

1927 թուականին իր  առաջին թիւը լոյս ընծայած Լիբանանի  մէջ հրատարակւող եւ զանազան  գաղութներ առաքուող  «Ազդակ» օրաթերթը  մինչեւ օրս կը շարունակէ իր  առաքելութիւնը՝ Սփիւռքի դժուար  պայմաններուն մէջ հայ գիրն ու գրականութիւնը կենդանի պահելով եւ զայն մատչելի դարձնելով աշխարհի չորս ծագերուն ապրող սփիւռքահայութեան:

Օտարութեան մէջ  հայերէնի ռահվիրայ հանդիսացող «Ազդակ»  օրաթերթը իր հիմնադրութեան թուականէն  ի վեր անխափան կերպով շարունակած է հասնիլ իր ընթերցողներուն՝ անոնց փոխանցելով աշխարհի լուրերն ու նորութիւնները, ընդլայնելով անոնց մտահորիզոնները եւ առիթ տալով հայերէն կարդալու եւ սփիւռքահայութեան ու հայրենիքի իրադարձութիւններէն տեղեակ ըլլալու:

Թէ՛ բովանդակութեան եւ թէ ձեւաւորման իմաստով, բնականաբար, շատ մեծ փոփոխութիւններ կատարուած են այս երկար տարիներուն ընթացքին: Սկզբնական շրջանին չորս էջերով լոյս տեսնող թերթը այսօր կը հրատարակուի 10 էջով եւ ան ամբողջովին տարբեր պատկերով կը ներկայանայ իր ընթերցողներուն:

Սկզբնական շրջանին  «Ազդակ» գաղութին լուր մատակարարող  եւ տեղեկութիւններ փոխանցող միջոց մը ըլլալով հանդերձ, ունէր իր թերութիւնները, որոնք ընդհանրապէս հետեւանք էին մասնագիտացած մարդուժի պակասի, փորձառութեան եւ անհրաժեշտ դիւրութիւններուն չգոյութեան, նիւթական կարելիութիւններու սակաւութեան, որոշ ժամանակաշրջան մը լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի ազդեցութեան եւ այլն:

Այն օրերուն թերթին մէջ կարգ մը լուրեր ուշացումով կը հրատարակուէին, ձեռնարկներուն եւ դէպքերուն արձագանգները յաջորդ օրն իսկ լոյս չէին տեսներ թերթին մէջ, որովհետեւ թերթին պատրաստութիւնն ու տպագրութիւնը արդէն բաւական երկար ժամանակի կը կարօտէին, այդ պատճառով ալ խմբագրական աշխատանքները կանգ կþառնէին աւելի կանուխ, քան այսօր:

Այսօր պատկերը ամբողջովին տարբեր է, «Ազդակ» լուրեր հաղորդելու իր գործընթացին մէջ շատ կը մօտենայ, կը հաւասարի եւ կարգ մը պարագաներու  կը շրջանցէ տեղական օրաթերթերը: Ան ներկայ է ամէնուրեք, կը քաղէ ներքին, արտաքին եւ միջազգային բոլոր լուրերը եւ քայլ կը պահէ ամէն երկվայրկեան տեղի ունեցող զարգացումներուն հետ: Ան օժտուած է անհրաժեշտ մարդուժով, արհեստագիտական սարքերով եւ մինչեւ վերջին վայր-      կեանները կրնայ փոփոխութիւններ կատարել թերթի էջերուն մէջ եւ զայն այժմէական պահել:

Առաջին տարուան  թիւերուն մէջ նկար գրեթէ գոյութիւն  չունի, նիւթերը կը վերաբերին քաղաքականութեան  եւ յատկապէս տեղական իրադարձութիւններուն, ներքին էջերով ոչ հետեւողական կերպով տեղ գտած են գաղութներուն եւ Հայաստանի վերաբերող կարճ լուրեր եւ յօդուածներ, կնոջական եւ մանկապատանեկան տեղեկութիւններ, այլազան լուրեր եւ ծանօթութիւններ: Ժամանակի ընթացքին, էջերու յաւելումին հետ թերթը ունեցաւ իր դիմագիծը, մնայուն սիւնակները եւ ձեւաւորման յատուկ քաղաքականութիւն որդեգրելով՝ գեղեցկութիւն եւ կեանք տուաւ լոկ գիրերով խճողուած օրաթերթին: Այս մէկը տեղի ունեցաւ ժամանակի ընթացքին արհեստագիտութեան եւ ընդհանրապէս կեանքի ապրած զարգացումին պատճառով: Առաջին տասնամեակին երկաթեայ այբուբենով շարուող եւ տպագրուող թերթը այսօր կը պատրաստուի արդիական բոլոր պայմաններն ու դիւրութիւնները ամբողջացնող համակարգիչներու վրայ, որոնք աշխատանքը դիւրացնելու եւ արագացնելու կողքին, ձեւաւորման իմաստով աւելի լայն առիթներ ու կարելիութիւններ կը ստեղծեն:

ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ

Մեծածաւալ 10 էջերէ  բաղկացած «Ազդակ» օրաթերթը լոյս կը տեսնէ շաբաթը 6 օր եւ արձակուրդ կþառնէ Կիրակի օրերը: Ան կþարձագանգէ նախորդ օրուան մինչեւ ուշ ժամերը աշխարհի տարածքին, Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ զարգացումներուն ու զանոնք ընթերցողներուն կը հրամցնէ հիմնական լուրերը տեղադրելով իր առաջին էջին վրայ՝ համապատասխան խօսուն ու կենդանի նկարներով: Օրուան գլխաւոր դէպքը բնականաբար կը խլէ օրաթերթին հիմնական դիրքը եւ անոր նկարին չափը շատ աւելի մեծ կþըլլայ միւս նկարներէն: Երկրորդ էջին մէջ կը պարզուի լիբանանեան կեանքը՝ իր քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, ապահովական զուտ լրատուութեամբ, հոն տեղ կը գտնեն նաեւ վերլուծական ոչ շատ երկար յօդուածներ, ակնարկներ, նշմարներ կամ կարծիքներ: Երրորդ էջը յատկացուած է նախորդ օրն իսկ լիբանանահայ կեանքին մէջ կայացած ձեռնարկներուն եւ նորութիւններուն: Նոյն էջին մէջ յատուկ սիւնակով օրաթերթը տեղ կու տայ նախորդ օրուան լիբանանեան օրաթերթերուն մէջ հրատարակուած ուշագրաւ խորագիրներուն, լուրերուն եւ ակնարկութիւններուն: Չորրորդ ու հինգերորդ էջերը յատուկ են իրենց հայրենի բոյրով, Հայաստանի զանազան բնագաւառներուն մէջ եղած զարգացումներն ու նորութիւնները կþերեւին այդ էջերուն մէջ: Հոն կը տեղադրուին նաեւ հայկական կեանքին վերաբերող յօդուածներ, սփիւռքահայ կեանքին մասին տեղեկութիւններ, հարցազրոյցներ, վերլուծական երկար յօդուածներ, գրախօսականներ, թղթակցութիւններ եւ այլն: Երկու շաբաթը անգամ մը՝ Չորեքշաբթի օրերը չորրորդ էջը կը յատկացուի միջազգային կամ հայ քաղաքական, մշակութային դէմքերու, ինչպէս նաեւ՝ Հայ Դատի հետ առնչուած անձնաւորութիւններու հետ «Ազդակ»ի թղթակիցին ունեցած հարցազրոյցին։ Երկուշաբթի օրերը էջ 5ին մէջ կþերեւին լիբանանեան կեանքին վերաբերող՝ յատկապէս լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն առնչութեամբ երկիրը յուզող քաղաքական տագնապներ եւ թղթածրարներ։ Երեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը էջ 5ը կը յատկացուի Հայ Դատին վերաբերող լուրերուն, Հինգշաբթի օրերը՝ գաղութային կեանքին, իսկ Շաբաթ օրերը էջը կը նուիրուի հայ գրականութեան։ Երեքշաբթի օրերը էջ 6ը յատկացուած է միջազգային քաղաքական կեանքին, Չորեքշաբթի՝ Թուր-քիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ պատահած նորութիւններուն, Հինգշաբթի՝ լիբանանեան ընկերային կեանքին եւ հոգերուն, ինչպէս նաեւ՝ սննդագիտութեան, Ուրբաթ՝ 7րդ արուեստին ու շարժապատկերի աշխարհին, իսկ Շաբաթ՝ արուեստի ու մշակոյթի: Երկուշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը թերթին 7րդ էջին մէջ տեղ կը գտնեն աշխարհի մշակութային ու ընկերային կեանքին վերաբերող երկար, որոշ չափով վերլուծական յօդուածներ եւ թարգմանութիւններ, օտարներուն կարծիքը՝ տուեալ երեւոյթներուն շուրջ եւ այլն: Երեքշաբթի օրերը գիտական լուրերն ու նորութիւնները լոյս կը տեսնեն այս էջով, Չորեքշաբթի հայկական գաղութները կը տողանցեն հետեւողական կերպով՝ իրենց պատմականով, հինով ու նորով: Հինգշաբթի օրերը էջը կը յատկացուի կիներուն, անոնց հետաքրքրութիւններուն եւ աշխարհին, Շաբաթ օրերը մանուկները իրենց բաժինը կը ստանան եւ այս էջը ամբողջութեամբ կը լեցուի մանկապատանեկան լուրերով, ձեռային աշխատանքներով, խաղերով, հանելուկներով, գիտելիքներով եւ այլն: 8րդ էջին պատկերը նոյն է ամէն օր, անոր մէջ տեղ կը գտեն լիբանանեան կեանքի մշակութային նորութիւնները, տեղի ունեցող ձեռնարկները, աղթարքը, սակարանը, օդերեւոյթը, 50 տարի առաջ նոյն օրը «Ազդակ»ին մէջ լոյս տեսած յատկանշական լուրերը եւ ազգային կեանքին մէջ պատահած իրադարձութիւնները, խաչբառը եւ ծանուցումներն ու յայտարարութիւնները: 9րդ էջին մէջ մարզական կեանքը կþեռայ թէ՛ լիբանանեան, թէ՛ հայաստանեան եւ թէ միջազգային գետիններուն վրայ: Հոն տեղ կը գտնեն նաեւ մարզական կեանքին վերաբերող խրախուսիչ ակնարկներ, վերլուծական յօդուածներ, նշմարներ եւ այլն: Վերջին էջը աշխարհին քաղաքական զարգացումները կը փոխանցէ ընթերցողին՝ նախորդ գիշերը տեղի ունեցած իրադարձութիւնները  հասցնելով անոր տունն ու գործատեղին:

«Ազդակ» ունի մնայուն  խմբագրական կազմ, ինչպէս նաեւ՝ էջերու աշխատակիցներ։ Յօդուածներ կը ստորագրեն նաեւ սփիւռքահայ եւ հայրենի մտաւորականներ ու անձնաւորութիւններ։

«Ազդակ» օրաթերթը ընդհանրապէս  կը փորձէ հեռու մնալ ծայրայեղութիւններէ եւ գտնել միջին եզր մը՝ որոշ չափով չէզոք  լրատուութիւն կատարելու  համար: Սակայն այս մէկը ի զօրու  չէ յատկապէս հայկական կեանքին ու զարգացումներուն վերաբերող լուրերու պարագային. այդ առնչութեամբ լուրը փոխանցելու կողքին, անպայման վերլուծումներ եւ ակնարկութիւններ կը կատարուի առաջին կամ երկրորդ էջով՝ գլխաւոր խմբագիրին կողմէ: Թերթը ճիգ չի խնայեր գէթ մատչելի դէպքերն ու իրադարձութիւնները ընթերցողներուն սեփականութիւնը դարձնելու համար: Տեղական գետնի վրայ եւ լիբանանահայ կեանքին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկներուն թերթին լրագրողները մնայուն ներկայութիւն են, եւ լուրերը անմիջապէս, յաջորդ օրն իսկ կը կարդացուին առանց ուշացումի: Հարցազրոյցները կը կատարուին անձամբ եւ կամ, եթէ ենթական այլ երկրի մը մէջ կþապրի, հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ: «Ազդակ» կը փորձէ քայլ պահել նաեւ աշխարհի կամ Հայաստանի զարգացումներուն մէջ հայութեան կրած ազդեցութեան, օրինակ՝ իրաքեան պատերազմի օրերուն կապուելով իրաքահայ գաղութի պատասխանատուներուն եւ անոնց կացութեան մասին յաջորդ օրն իսկ տեղեկացնելով ընթերցողներուն:

Յատկապէս ներքին էջերու նիւթերուն ընտրութիւնը կը կատարուի այդ էջի պատասխանատուին կողմէ, որ իր կարգին որեւէ հարցի կամ  դժուարութեան պարագային կը դիմէ գլխաւոր  խմբագիրին: Աշխատանքը խորքին մէջ բաւական հեզասահ ու բնականոն կերպով կþընթանայ, որովհետեւ աշխատանքներու բաժանումը ճշգրիտ կերպով կատար- ւած է, եւ ամէն անձ գիտէ իր պարտականութիւնները: Որեւէ նիւթ գրողը նաեւ պատասխանատու է նոյն նիւթին վերաբերող նկարներ ապահովելուն եւ էջին դիմագիծը թուղթի վրայ գծուած էջադրող – ձեւաւորողին յանձնելուն: Նոյնն է պարագան խորագիրներուն, որոնք նիւթին հետ կը վաւերացուին խմբագիրին կողմէ եւ էջադրող – ձեւաւորողը էջերը կազմած եւ տեղադրած ատեն իրաւունք չունի զանոնք փոփոխութեան ենթարկելու, եթէ նոյնիսկ գեղեցկագիտական իմաստով անոնք հաճելի չեն: Էջադրող – ձեւաւորողը կը փորձէ առաւելագոյն չափով ծածկել թերութիւնները, եթէ գոյութիւն ունենան եւ նկարներու չհամապատասխանելուն պարագային կը դիմէ պատասխանատուներուն, որպէսզի այլ նկար մը ապահովեն:

Օրաթերթին կամ ամսաթերթին իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն, որքան ալ  փոքր ըլլայ ու աննշան, ունի իր դերն ու ազդեցութիւնը թերթին ընդհանուր պատկերին վրայ: Կրնայ պատահիլ, որ նիւթերը չափազանց բովանդակալից ըլլան, սակայն երբ անոնք պէտք եղած ձեւով չհրամցուին, ընթերցողները նոյնիսկ պիտի չուզեն կարդալու փորձ կատարել: Հակառակը եւս ճիշդ է, գրաւիչ եւ հետաքրքրական կերպով նեկայացուած գրութիւն մը կրնայ շատ սին ու անբովանդակ ըլլալ, սակայն կը կարդացուի իր մատուցուած ձեւին պատճառով: Ասկէ մեկնելով՝ կրնանք հաստատել, որ թերթին ձեւաւորումը չափազանց կարեւոր է ու հիմնական, եւ լրագրողներն ու խմբագիրները այս իրողութեան գիտակցելով՝ պէտք է օժանդակեն էջադրող – ձեւաւորողին, որպէսզի ան առաւելագոյն չափով գրաւիչ եւ հետաքրքական էջ մը կազմէ:

«Ազդակ»ի մէջ  թերթին ձեւաւորումը յատկանշական  եւ կոկիկ է, գունաւոր չըլլալով հանդերձ, էջերուն մէջ բաւարար բացութիւններ կան, յարգուած են խորագիրի, նիւթի, յօդուածագիրի, ենթախորագիրներու օրէնքները, խորագիրները ընդհանրապէս չափի իմաստով կը համապատասխանեն նիւթերուն եւ անոնք կը տրուին աւելի մեծ տառատեսակով: Խորագիրները յատուկ ուշադրութեան առարկայ կը դառնան թերթին մէջ, որովհետեւ անոնք հաւասար արժէք ունին, ինչպէս՝ նկարները եւ անոնց անմիջականութիւնը, լեզուի պարզութիւնը, հետաքրքրական ըլլալն ու խորքայնութիւնը թերթ վաճառող խանութին հեռուէն նոյնիսկ անցնող անհատը պէտք է գրաւէ եւ մղէ թերթը գնելու: Անոնք տիրապետող են մանաւանդ հիմնական նիւթերու պարագային, որոնք, իրենց ձեւաւորումով,  իրենց վրայ կը հրաւիրեն ընթերցողին ուշադրութիւնը, նկարները դրուած են շրջանակներու մէջ, եւ անոնք մեծաւ մասամբ կենդանի են ու գեղեցիկ: Նկարներու տեղադրումը ճիշդ ձեւով կը կատարուի, նիւթին համաձայն կþընտրուի գլխաւոր նկարը, որ մնացեալէն աւելի մեծ հորիզոնական կամ ուղղահայեաց կը տեղադրուի էջին մէջ՝ սովորաբար խորագիրէն ետք: Նկարը կրնայ դրուիլ խորագիրէն առաջ, եթէ ան աւելի խօսուն եւ կարեւոր է:  Իւրաքանչիւր նկար իր արժէքին համապատասխան տեղ կը գտնէ թերթին մէջ, եւ էջադրողը իրաւունք ունի անիմաստ կամ շատ պղտոր նկարները դուրս ձգելու՝ յօդուածագիրին հետ համագործակցաբար:

Առաջին էջին վրայ նկարներուն չափերը կը տարուբերին դէպքերուն  եւ իրադարձութիւններուն համաձայն. երբ  յատկանշական զարգացում մը արձանագըրւած է, այդ դէպքին նկարը մեծ չափերով կը տրուի առաջին էջով եւ ան աչքառու ձեւով կը ձեւաւորուի միւս նիւթերուն կողքին: Ընդհանրապէս չի պատահիր, որ առաջին էջին մէջ նկար չըլլայ, որովհետեւ միայն գիրերով բեռնաւորուած էջը այսօր գրաւիչ չի թուիր ընթերցողներուն:

Նկարներու առատութիւն կայ մանկապատանեկան, կնոջական, մշակութային եւ ընկերային նիւթերու պարագային, որովհետեւ անոնք աւելի պարզ են, ծանր չեն եւ մեծ կեդրոնացում չեն պահանջեր, հարցերը պարզ ձեւով ներկայացուած են եւ անոնք մեծապէս մատչելի են ընթերցողներուն: Նիւթերու պարագային եւս այդ է իրողութիւնը: Վերոյիշեալ էջերուն մէջ տեղ կը գտնեն նիւթեր, նկարներ, տախտակներ, վիճակագրութիւններ, ընթերցողներու եւ քաղաքացիներու կարծիքներ՝ ընկերային, մշակութային կեանքին մասին եւ այլն: Մէկ խօսքով, այս էջերը աւելի մատչելի են այն անձերուն համար, որոնք դիւրին կարդացուող յօդւածներ կամ տեղեկութիւններ կը փնտռեն, կþուզեն իրենց կեանքին մասին գրուած յօդուածներ կարդալ, ուր իրենք կþերեւին իրենց ցաւերով, իրավիճակով եւ մտահոգութիւններով: Ընկերային բաժինին մէջ յատկանշական է վիճակագրական տախտակներու գոյութիւնը, որ թէեւ կրնայ հետեւողական չըլլալ, սակայն երկշաբաթեայ դրութեամբ անոնք տեղ կը գտնեն: Նոյնը չէ պարագան Հայ Դատին եւ քաղաքականութեան վերաբերող էջերուն, ուր նկարներուն թիւը աւելի նուազ է եւ ձեւաւորման խաղերը՝ աւելի ուսումնասիրուած: Այս էջերուն լուրերը եւ բնոյթը ինքնին աւելի ծանր են, համապատասխան նկարներ գտնելը՝ աւելի դժուար, յօդուածները աւելի երկար, թէեւ անոնք կը միջամտուին շրջանակի մէջ դրուած լուրերով եւ տեղեկութիւններով: Սակայն այս էջերը եւս ունին մեծ թիւով ընթերցողներ, որոնք խորք եւ վերլուծում կը փնտռեն: Կարելի է հաստատել, որ իր բովանդակութեամբ «Ազդակ»ը կը փորձէ գոհացնել բոլորին հետաքրքրութիւնը եւ մատչելի ու դիւրաւ ընթեռնլի դառնալ բոլորին:

Հետաքրքրական է  նաեւ զոյգ սիւնակ մը վերէն վար օրուան  կարեւորագոյն իրադարձութեան վերաբերող  նկարներու յատկացումը: Ընթերցողներուն ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ նկարներուն վրայ, որոնք երբեմն աւելի խօսուն կþըլլան, քան՝ գիրերը:

ԷՋԵՐՈՒ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՄ

Իր ծնունդի առաջին տարիներու թիւերը եւ այսօրուան թիւերը իրարու հետ բաղդատելով՝ պէտք է  ըսել, թէ «Ազդակ» օրաթերթը իր ստեղծումէն մինչեւ օրս մեծ փոփոխութեան եւ զարգացման ենթարկուած է: Այս երեւոյթը բնական է, որովհետեւ որեւէ տեղեկատուական միջոցի պարագային, փորձառութիւնն ու ժամանակը գլխաւոր տարրերն են զանոնք բարելաւելու: Իւրաքանչիւր սխալ եւ թերութիւն խմբագիրը, լրագրողը, աշխատակիցը եւ էջադրողը կը դնեն զայն անմիջական  կերպով սրբագրելու հրամայականին դիմաց: Թերթը անհատի մը կամ հաւաքականութեան մը սեփականութիւնը չէ, անիկա լոյս աշխարհ գալուն յաջորդ օրն իսկ կþանցնի ձեռքը միլիոնաւոր անձերու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը քննադատի մը նման միշտ աւելի լաւն ու ամբողջականը կը պահանջէ պատասխանատուներէն, որովհետեւ սխալներով եւ թերացումներով լեցուն յօդուած մը կամ լուր մը հաճելի չէ կարդալ:

«Ազդակ» այս բոլորին  առաջքը առնելու եւ լաւագոյնը ներկայացնելու  աշխատանքին մէջ է մնայուն կերպով, ան կը փորձէ իր էջերուն մէջ ներառել  ամէն տեսակ նորութիւններ եւ գոհացնել բոլորին հետաքրքրութիւնները: Սակայն, հակառակ այս բոլորին, հակառակ թերթին կրած անհամեմատելի զարգացումին, որոշ սխալներ, վրիպումներ տակաւին ամբողջովին չեն բացառուած, որովհետեւ օրաթերթի հեւքին մէջ եւ մանաւանդ գիշերային ուշ ժամերու աշխատանքի լոյսին տակ որոշ վրիպումներ կրնան պատահիլ, սակայն՝ ոչ միշտ ու աններելի կերպով:

Պէտք է հաստատել, որ թերթը օրէ օր զարգացում կþարձանագրէ  իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ եւ ան կը հանդիսանայ լիբանանահայութեան  օրուան հացին նման անհրաժեշտութիւն  մը:

Այս ասպարէզի մէջ գործողներ, մտաւորականներ եւ ընթերցողներ կը վկայեն, որ «Ազդակ» օրաթերթը Սփիւռքի մէջ լոյս տեսնող լաւագոյն օրաթերթերէն է, բովանդակութեան, այլազանութեան, նկարներու ընտրութեան, լուրերու եւ իրադարձութիւններու հետապնդման եւ անոնց արձագանգին եւ էջերու ձեւաւորման իմաստով:

Գիշերային եւ ցերեկային  աշխատակազմով գործող այս օրաթերթին  մէջ որոշ էջեր երկու օր առաջ կը պատրաստուին, ինչպէս՝ մանկապատանեկան, մշակութային, գրական, Հայ Դատ, ընկերային, սննդագիտական եւ այլն, իսկ լրատուութեան բաժինի լուրերը  նախորդ գիշերը մինչեւ ուշ ժամեր հետեւելէ ետք կը գրուին, կը խմբագրուին եւ կը հրատարակուին:

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Ամսական դրութեամբ  «Ազդակ»ը լոյս կþընծայէ մանկապատանեկան «Պզտիկ – Մզտիկ», կնոջական «Անահիտ» եւ մարզական «Նաւասարդ» յաւելուածները, ինչպէս նաեւ՝ «Ազդակ» ամսագիրը: Այս յաւելուածներն ու ամսագիրը շատ աւելի պատկերազարդ են ու գունաւոր: Անոնց մէջ գրութիւնները աւելի այլազան են, նկարները՝ աւելի ազատ ու յանդուգն, անոնք կþընդգրկեն խաղեր, տեղեկութիւններ, խմբագրականներ, մանուկներու յատուկ լուրեր, մրցանքներ եւ այլն: Այս յաւելուածներուն մէջ գեղարուեստական ճաշակը աւելի շեշտուած է, որովհետեւ անոնք որոշ չափով հեռու են օրաթերթային քաղաքական մթնոլորտէ եւ իւրաքանչիւրը իր ծիրին մէջ ունի իր նորութիւնները թէ՛ բովանդակութեան եւ թէ էջադրման իմաստով:

«Ազդակ» ամէն տարի լոյս կþընծայէ նաեւ իր տարեկան բացառիկը, որուն մէջ տեղ կը գտնեն տարուան ամբողջական իրադարձութիւնները՝ միջազգային, քաղաքական, ընկերային, տեղական, հայաստանեան եւ սփիւռքեան կեանքին վերաբերող: Այդ թիւին մէջ նաեւ ազատ գրութիւններ, յօդուածներ, ակնարկներ եւ այլ գրութիւններ կը հրատարակուին: Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած թիւի մը լոյս ընծայումը եւս աւանդական դարձած է «Ազդակ»ին համար: Ասոնց կողքին, պարագաներու եւ տօներու բերումով առկայ է նաեւ զանազան առիթներու յաւելուածներու  պատրաստութիւնը: Այս բոլորին մէջ, գլխաւոր խմբագիրին կողքին, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ աշխատակիցները, խմբագիրները եւ թղթակիցները:

ԿԱՅՔԷՋ

2002 թուականէն ի  վեր «Ազդակ»ը ունի համացանցի  վրայ զետեղուած իր կայքէջը  www.aztagdaily.com հասցէով, որ ամէնօրեայ  դրութեամբ կը հասնի աշխարհի  4 ծագերուն ապրող հայերուն։ Համացանցի կայքերու գործածութեան շուրջ վիճակագրութիւններ կատարող «Ալեքսա» ընկերութեան  տուեալներուն համաձայն, «Ազդակ»ի կայքէջը սփիւռքահայ ամէնէն աւելի ընթերցող ունեցող հայատառ կայքէջն է եւ ամէնէն մեծ թիւով այցելուներ ունեցող հայկական կայքերու ցանկին մէջ կը գրաւէ 5րդ դիրքը: «Ազդակ»ին կայքը նախորդ տարի, աւելի քան երբեք, եղաւ սփիւռքահայութեան ամէնէն փնտռուած լրատուական աղբիւրներէն մէկը՝ նաեւ իր լրահոսին պատճառով։

2006ի սկիզբէն «Ազդակ»ի  մէջ լոյս տեսնող բոլոր նիւթերը  բնականոն եւ սովորական կերպով  սկսան տեղադրուիլ կայքէջի հայերէն բաժինին վրայ։ 16 Մարտին «Ազդակ»ի կայքէջ այցելողներուն թիւը հասաւ 500 հազարի. յատկանշական եւ խօսուն թիւ մը, որ կը վկայէ, թէ օրական դրութեամբ «Ազդակ»ի կայքէջին ընդմէջէն լուրերուն եւ զարգացումներուն հետեւողներուն թիւը քիչ չէ։ 12 Յուլիսին Լիբանանի դէմ Իսրայէլի կողմէ շղթայազերծուած պատերազմը նոր անհրաժեշտութիւններու եւ պարտաւորութիւններու դէմ յանդիման դրաւ օրաթերթը, որովհետեւ ռմբակոծումներու շղթայազերծման առաջին վայրկեանէն «Ազդակ»ի խմբագրութիւնը Լիբանանէն եւ Սփիւռքէն ստացաւ բազմաթիւ հեռաձայններ, որոնք կþուզէին տեղեակ ըլլալ լիբանանեան զարգացումներէն եւ լիբանանահայութեան կացութենէն։ Առ այդ, պայմաններու բերումով, խմբագրութիւնն ու տնօրէնութիւնը  իրենք զիրենք գտան նոր հանգրուանի մը դիմաց։ Այդ օրերուն օրաթերթը դուրս եկաւ իր իսկական պարունակէն՝ օրուան թերթի հասկացողութենէն, որովհետեւ դէպքերու շատ արագ ու վայրկեանը վայրկեանին զարգացման ընթացքը պատերազմական ամէնէն թէժ օրերուն չկրցաւ ամբողջ օրուան մը սպասել՝ Լիբանանի իրադարձութիւններուն եւ լիբանանահայութեան ապրած առօրեային մասին համայն աշխարհին տեղեակ պահելու համար։

Ճիշդ է, որ լիբանանեան կամ օտար լրատուամիջոցներ ժրաջան աշխատանքի լծուած էին եւ կը փորձէին  պատկերը ուղղակի փոխանցել համայն աշխարհին, սակայն հայերէնով եւ նաեւ լիբանանահայութեան մասին տեղեկութիւններ տուող միակ աղբիւրը հանդիսացաւ «Ազդակ»ը։  Արդարեւ, Լիբանանի տարածքին արձանագրուող քաղաքական, զինւորական եւ ապահովական իրադարձութիւններուն մասին «Ազդակ» իր կայքէջին վրայ հաստատեց լրատուական ծառայութեան դրութիւն։ Վայրկեանը վայրկեանին «Ազդակ»ի կայքէջին վրայ կարելի եղաւ հետեւիլ իրադարձութիւններուն եւ վերջին զարգացումներուն։ Սկզբնական շրջանին, նկատի ունենալով Լիբանանի եռուն կեանքն ու սրընթաց զարգացումները, միայն լիբանանեան լուրեր կը տեղադրուէին, իսկ այսօր հայկական, լիբանանեան, շրջանային ու միջազգային լուրեր տեղ կը գտնեն «Ազդակ»ի կայքէջին հայերէն թէ անգլերէն բաժիններուն վրայ։ Այս դրութեան հաստատումը, թէեւ դրական լուրեր հաղորդելու նպատակով չեղաւ եւ ռմբակոծումներուն, աւերներուն եւ սպանութիւններուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց, գէթ իր ծնունդի սկզբնական շրջանին մեծ բաւարարութիւն պատճառեց աշխարհի չորս ծագերուն ապրող հայերուն, որոնք այլապէս դժուարութիւն կþունենային զարգացումներուն հետեւելու։ Օրաթերթը այս մասին բազմաթիւ նամակներ եւ ե-նամակներ ստացաւ՝ շնորհակալութեան, քաջալերանքի եւ երախտագիտութեան զգացումներով։ Այս մասին վկայեցին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող եւ գործող անձեր, մտաւորականներ, խմբագիրներ, մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ լրատուամիջոցներ, որոնք օգ-               տուած են «Ազդակ»ի արագ լրահոսի դրութենէն։

***

4 Փետրուարին «Ազդակ»ին  կայքէջը օժտուեցաւ անգլերէն յաւելուածով,  որ իրականացաւ գործակցաբար Պոսթընի  մեր պաշտօնակից «Տի Արմինիըն Ուիքլի»ին հետ։ Նման նախաձեռնութեան մը անհրաժեշտութիւնը զգացուեցաւ հայերէնին լաւապէս չտիրապետող հայերուն կողքին, օտարներուն կողմէ թերթի լուրերուն հետեւելու փափաքէն։

«Ազդակ»ի կայքէջի  անգլերէն բաժինին վրայ տեղ գտան հայ  թէ օտար մտաւորականներու եւ ակադեմականներու կողմէ ստորագրուած յօդուածներ, որոնք նաեւ հրապարակուած էին միջազգային մամուլին մէջ, ինչպէս՝ «Հերըլտ Թրիպիուն», «Թորոնթօ Սան», «Ուաշինկթըն Փոսթ», «Նիւ Եորք Թայմզ», «Էյ. Պի. Սի.», «Պի. Պի. Սի.», «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»։ Անոնք ընդհանրապէս կը վերաբերէին հայութեան եւ Հայ Դատին։

***

Գրութիւններու կողքին, «Ազդակ»ի կայքէջին վրայ այս տարուան  ընթացքին տեղադրուեցան բազմաթիւ տեսանիւթեր, որոնք կը վերաբերէին տեղական ու միջազգային իրադարձութիւններուն, յատկապէս՝ լիբանանահայութեան, սփիւռքահայութեան, հայաստանեան կեանքին եւ զարգացումներուն վերաբերող։ Կայքէջին վրայ տեղ գտան նաեւ պատմական արժէքներ ու անդրադարձներ կատարող տեսանիւթեր, ինչպէս նաեւ՝ վաւերագրական ժապաւէններ, որոնցմէ շատեր առաջին անգամ ըլլալով կը ցուցադրուէին եւ ոմանք սփռուած էին միջազգային պատկերասփիւռներէ։

Կայքէջին վրայ դրուեցան նաեւ յատուկ կապեր, որոնց ճամբով հայութիւնը կրցաւ իր մասնակցութիւնը բերել հայ  թէ օտար կազմակերպութիւններու կողմէ  նախաձեռնուած նամակարշաւներուն, թելեթոններուն, ինչպէս նաեւ կրցաւ դիտել տեղի ունեցող  դէպքերու ուղղակի սփռումը։

Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
2007

Comments 2

  1. Երուանդ Գոչունեան says:

    Ազդակ, ողջոյն:

    Սիրեցի այս նոր ելեկտրոնային էջադրումը: Շնորհաւորանքներս:

  2. Berberian says:

    Բարեւ ձեզ: Նախ շնորհակալությունս հայտնեմ ձեր կայքին համար:Հարցս կուղղեմ պարոն Գանդահարյանին :ՇԱՆԹ-ի եթերից միշտ հետեւում եմ ձեր մեկնաբանություններին կապված Սուրիո դեպքերին եւ -արդյո՞ք կրնաք խորհուրդ տալ-ինչպես,ինչ միջոցով կրնամ լուր ունենալ հալեպի իմ բարեկամներես:Խոսքս մասնավորապես Մխսյան ընտանիքին կվերաբերվի:Նախօրոք,, անկախ ամեն ինչեն շնորհակալությունս կհայտնեմ: Բերբերյան Առաքել,Փարիզ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *