Հայաստանը իսկապէս կրճատած է ՀԱՊԿ-ի հետ իր գործունէութեան շրջանակը: Այս հարցին մէջ յստակութիւնը կազմակերպութեան բոլոր անդամներուն օգտին է: Այս մասին ռուսական «Նիուզ» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովը` անդրադառնալով ՀԱՊԿ-ի եւ Հայաստանի գործակցութեան:
Ըստ Թասմակամպեթովի, «սառեցում» եզրը ներկայ կացութեան մէջ այդքան ալ տեղին չէ օգտագործել:
Ան նշած է. «Սառեցում» հասկացողութիւնը արտացոլուած չէ կազմակերպութեան փաստաթուղթերուն մէջ, ուստի մենք զայն պիտի չօգտագործենք ներկայ կացութեան առնչուած»:
«Հայաստանը իսկապէս զգալիօրէն կրճատած է իբրեւ կազմակերպութեան անդամ իր գործունէութեան շրջանակը, սակայն, այնուամենայնիւ, աշխատանքները կը շարունակուին, քարտուղարութեան օրակարգին վրայ ընդգրկուած բոլոր հարցերը կը քննարկուին աշխատանքային կարգով:
«Այս հարցին մէջ յստակութիւնը ձեռնտու պիտի ըլլայ մեր դաշինքի բոլոր մասնակիցներուն, նախ եւ առաջ` ճիշդ ծրագրաւորման համար», ըսած է ան: