Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նախարարական յատուկ նիստի մը, որուն ընթացքին շարունակուեցաւ ընկերային պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը մշակել:
Նիստէն ետք ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար յայտնեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է, որ ընկերային հարցերու հետ կապուած իւրաքանչիւր նախարարութեան պարագային մշակուած այդ ռազմավարութիւնը գործադրուի` աւելցնելով, որ այս իմաստով դրական մթնոլորտ կայ:
Հաժժար նշեց, որ նախարարական յանձնախումբը համաձայնած է նախարարութիւններուն միջեւ աշխատանքային գործիքակազմ մը մշակել իր գումարելիք յաջորդ նիստին ընթացքին:
Հաժժար նշեց նաեւ, որ նիստին ընթացքին անհրաժեշտ նկատուած է Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին առումով պատրաստել միացեալ փաստաթուղթ մը, որուն մէջ կ՛ամփոփուի լիբանանեան պետութեան կեցուածքը, որպէսզի անիկա իբրեւ պաշտօնական կեցուածք ներկայացուի յառաջիկայ ամիս Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին:
Միւս կողմէ, Միքաթի ընդունեց Պահրէյնի թագաւորի յատուկ պատուիրակ, Սուրիոյ մէջ Պահրէյնի դեսպան Ուահիտ Մուպարաք Սայարը, որ յանձնեց Պահրէյնի թագաւոր Համատ պըն Իսա Ալ Խալիֆայի կողմէ հրաւէր մը` մասնակցելու Արաբական լիկայի 33-րդ վեհաժողովին, որ պիտի գումարուի 16 մայիս 2024-ին:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի, որ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող իրադարձութիւնները:
Միքաթիի այցելեց նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասանը. քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ ապահովական զարգացումները, յատկապէս հարաւային սահմանագիծին վրայ շարունակուող իսրայէլեան բռնարարքներուն լոյսին տակ: