Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Մանկապատանեկան Գիրքերու Ցուցահանդէս. Փակման Հանդիսութիւն Եւ Մրցանակաբաշխութիւն

April 10, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երկուշաբթի, 9 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցան Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան-գրատարածի կազմակերպած մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու ցուցահանդէսի փակման հանդիսութիւնը եւ ընթերցանութեան ու գիրքի պատրաստութեան մրցանակաբաշխութիւնները: Հայկական տպագրութեան 500-ամեակին եւ «Հայ գիրքի տարուան» առիթներով կազմակերպուած այս նախաձեռնութեան ընթացքին, անցնող երեք շաբաթներուն ցուցահանդէսի կողքին գործադրուեցան գեղարուեստական զանազան յայտագիրներ եւ տեղի ունեցան մրցանքներ, որոնց մասնակից դարձան հայկական վարժարաններէն մեծ թիւով աշակերտներ:

Փակման հանդիսութեան ներկայ էին ցուցահանդէսի հովանաւոր` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ  Գեղամ արք. Խաչերեան, հայկական վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցչական կազմեր, ծնողներ եւ մեծ թիւով աշակերտներ: Ձեռնարկին բացումը կատարեց Համազգայինի հրատարակչատան անձնակազմէն Մարալ Գալեմքերեան:

Հանդիսութեան իր խօսքը փոխանցեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան-գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ գնահատեց մասնակից բոլոր աշակերտները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին, այս ցուցահանդէսին եւ մրցանքներուն նախագահութիւնը ստանձնած քաթարաբնակ տէր եւ տիկին Արսէն եւ Սօսի Հալլաճեաններուն, նուիրատու հաստատութիւններուն, «Ազդակ»-ին եւ «Վանայ Ձայն»-ին, մրցանքներու դատական կազմերուն, ինչպէս նաեւ ցուցահանդէսի եւ յայտագիրներու  կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ դերակատարութիւն ստանձնած Համազգայինի հրատարակչատան եւ գրատարածի անձնակազմին մաս կազմող բոլոր անհատներուն: Հաւաթեան անդրադարձաւ նորահաս սերունդներուն մօտ հայ գիրքի եւ ընթերցանութեան կարեւորութեան` անոնց հայեցի կազմաւորումը երաշխաւորելու եւ մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն հետ զանոնք հաղորդակից դարձնելու նախանձախնդրութենէն մեկնած: Ան այս բոլորը անհրաժեշտ նկատեց հայութեան պահանջատիրական երթին մէջ նորահաս սերունդին դերակատարութիւնը այժմէն իսկ ապահովուած տեսնելու նկատառումով: Համազգայինի հրատարակչատան տնօրէնը անդրադարձաւ նաեւ մեր հայկական միջավայրէն դուրս կազմաւորուող եւ օտար վարժարան յաճախող աշակերտներուն, որոնց թիւը բաւական մեծ համեմատութիւն մը սկսած է կազմել գաղութային մեր կեանքին մէջ: Ան անհրաժեշտ նկատեց հաւաքական ճիգով ու պատասխանատու մօտեցումով առաջքը առնել այս վտանգաւոր երեւոյթին` ի խնդիր լիբանանահայ գաղութի կենսունակութեան պահպանման եւ կարողականութեան ճառագայթումին` համազգային տենչերու իրականացման հոլովոյթին մէջ անոր ստանձնած առաքելութեան շարունակականութիւնը երաշխաւորելու համար: Ապա, հայկական տպագրութեան 500-ամեակին, «Հայ գիրքի տարուան» եւ Երեւանի` գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակման առիթներով Հաւաթեան կոչ ուղղեց հայ գիրքը դարձնելու ուշադրութեան կեդրոն եւ ձեռնարկելու հայկական բոլոր ընտանեկան օճախներուն մէջ հայերէն գիրքերու գրադարան ունենալու արշաւի: Վերջապէս, ան բարձր գնահատեց հայ գիրքի պատրաստութեան մրցանքին աշխատանքները եւ այդ իմաստով աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմերու կողմէ ի գործ դրուած  ճիգը` հաստատելով, որ ներկայացուած բոլոր գործերն ալ արժանի են մրցանակի աւելցնելով միաժամանակ, որ մրցանակի եւ յիշատակութեան արժանացած բոլոր աշխատանքները պիտի հրատարակուին առանձին գիրքով եւ բաժնուին աշակերտութեան:

Ապա իր պատգամը փոխանցեց առաջնորդ սրբազանը եւ իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն թելադրեց, որ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Յակոբ Մեղապարտի կողմէ հայութեան փոխանցուած մեծ պարգեւները` հայ գիրն ու գիրքը դառնան աշակերտութեան մնայուն գուրգուրանքին առարկան եւ հպարտանքը: Ան թելադրեց մնալ հաւատարիմ անոնց կտակին ու պահել ազգային մեր հարուստ հոգեմտաւոր ժառանգութիւնը: Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ այս իմաստով ծնողներու ունեցած դերակատարութեան կարեւորութեան եւ թելադրեց, որ անոնք քաջալեր հանդիսանան իրենց զաւակներուն, որպէսզի անոնք մնայուն կերպով հաղորդակից դառնան նաեւ հայ գիրքին: Իր խօսքը եզրափակելով` սրբազանը շնորհաւորեց Համազգայինի հրատարակչատան այս նախաձեռնութիւնը, որ արդէն թեւակոխած է երրորդ տարին եւ յաջողութիւն մաղթեց Համազգայինի հրատարակչական, կրթական եւ մշակութային բազմաճիւղ ու լայնածաւալ գործունէութեան:

Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն: Արդիւնքները կը հրատարակուին նաեւ «Ազդակ»-ի յառաջիկայ թիւերուն մէջ:

 

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի Երիտասարդական Կեդրոնի Անդամները Իրենց Ներկայութեամբ Եւ Նուէրներով Ստեղծեցին Տօնական Մթնոլորտ

Յաջորդը

Ս. Յարութեան Տօնը` Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.