Մանչեսթըր Սիթի յաջորդական 6-րդ տարին ըլլալով հասաւ Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի կիսաւարտականի մրցումին` քառորդ աւարտականին յաղթելէ ետք Նիւքեսըլի, 2-0 արդիւնքով:
Մրցումին երկու կոլերն ալ նշանակեց Պեռնարտօ Սիլվա` 13-րդ եւ 31-րդ վայրկեաններուն:
Քովենթրի, որ Անգլիոյ Բ. դասակարգին մէջ 8-րդ դիրքը կը գրաւէ, կրցաւ դուրս ձգել Վուլվզ խումբը` 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք: Պէտք է ըսել, որ շատ տաք էին մրցումի վերջին վայրկեանները:
Քովենթրի, որ 53-րդ վայրկեանին կոլ մը նշանակած էր շնորհիւ Սիմզի, 2 կոլ ստացաւ 83-րդ եւ 88-րդ վայրկեաններուն: 90-րդ վայրկեանին մրցումի իրաւարարը 9 յաւելեալ վայրկեաններ շնորհեց, որովհետեւ շատ ժամանակի կորուստ եղած էր: Սիմզ 97-րդ վայրկեանին նշանակեց 2-2-ի կոլը, որմէ 2 վայրկեան ետք 99-րդ վայրկեանին Հաժի Ռայթ նշանակեց Քովենթրիի կոլը` Սիմզի փոխանցումէն օգտուելով:
Կիսաւարտականի հասնող 3-րդ խումբը եղաւ Չելսի, որ 4-2 արդիւնքով դուրս ձգեց Բ. դասակարգի Լայսթըրը:
Չելսի առաջին կիսախաղին 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ, բայց Լայսթըր կրցաւ հաւասարիլ մինչեւ 62-րդ վայրկեան: 73-րդ վայրկեանին Տոյլ վտարուեցաւ դաշտէն, եւ Չելսի մինչեւ 92-րդ վայրկեան չկրցաւ կոլ նշանակել: Չուքուեմեքա 92-րդ վայրկեանին եւ Մատուեքէ 98-րդ վայրկեանին նշանակեցին Չելսիի կոլերը:
Ամէնէն տաք մրցումը եղաւ երէկ երեկոյեան, երբ Մանչեսթըր Եունայթըտ յետ երկարաձգման 4-3 արդիւնքով դուրս ձգեց Լիվըրփուլ:
Մաքթոմինէյ 10-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին առաջին կոլը: Մինչեւ կիսախաղ Լիվըրփուլ փոխադարձեց շնորհիւ Մաքալիսթըրի եւ Սալահի` 44-րդ եւ 47-րդ վայրկեաններուն: 87-րդ վայրկեանին Անթոնի նշանակեց հաւասարութեան կոլը:
Կորսուած վայրկեաններուն Ռաշֆորտ կրնար նշանակել կոլ մը, բայց անոր հարուածը անցաւ Քելեհըրի բերդի սիւնին քովէն:
Երկարաձգումին, Հարվի Էլիըթ նշանակեց Լիվըրփուլի 3-րդ կոլը` 105-րդ վայրկեանին: 112-րդ վայրկեանին Ռաշֆորտ նշանակեց 3-3-ի կոլը, իսկ Ամատ Տիալօ 121-րդ վայրկեանին նշանակեց Եունայթըտի յաղթանակի կոլը:


