Վաղը, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ահտի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Ռիատի Սեպլինի դէմ:
Պուրճ Համուտի տղաքը վաղը ամէն գնով պիտի պայքարին Սեպլինի Ռիատիէն 3 կէտ խլելու համար, մանաւանդ որ մրցակից խումբը ծանօթ է պաշտպանողական խաղաոճով եւ նման է «ժխտական ֆութպոլ» խաղցող միջազգային խումբերուն:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոց կը մնայ մարզիչ Յակոբ Տեմիրճեանի ցուցմունքներուն ենթարկուիլ, կատարել զանոնք եւ ինչպէս միշտ յարձակողական գեղեցիկ ֆութպոլով ու խմբային խաղերով «բանալ» մրցակիցի «գոց խաղաոճը» եւ նշանակել կանուխ կոլ մը, որ կ՛օգնէ յաւելեալ կոլեր նշանակելու:
ՀՄԸՄ-ի տղաքը, որոնք Դ. դասակարգին մէջ լաւագոյն կոլսքորըրներու ցանկին վրայ Եուսեֆ Համատէն (18 կոլ, 2-րդ դիրք) եւ Սերժ Օսքեանը (12 կոլ, 3-րդ դիրք) ունին, իրենց հետ նաեւ Ալի Ֆահս, Իպրահիմ Մուսաուի, Տիգրան Վարդան, Ժան-Փիեռ, Աւիկ Յարութիւնեան, Հասան Զաայթեր, Էլի Փիլաւճեան, Ալեք Ալճեան եւ բոլորը կը պայքարին խումբը Գ. դասակարգ բարձրացնելու:
Համակիրները, որոնք օրէ օր կը բազմանան, «ծարաւ»-ը ունին ՀՄԸՄ-ական որեւէ յաջողութեան, եւ այդ պատճառով ալ կ՛երթան եւ պիտի երթան քաջալերելու Պուրճ Համուտի տղաքը:
Ստորեւ Բ. հանգրուանի 6-րդ շաբթուան մրցումներու յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ`
Ռիատի Արամուն – Տապըլ Քիք (ժամը 14:30-ին, Սին Էլ Ֆիլի դաշտ)
ՎԱՂԸ`
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Սեպլին (ժամը 10:30-ին, Ահտի դաշտ)
Ուահտէ Շուֆ – Հիլալ Նասր (ժամը 10:30-ին, Պհամտունի դաշտ)
Սաֆա Շուիթ – Ռաուտա Տըքուանէ (ժամը 10:30-ին, Անսարի դաշտ)
Ահլի Սարպա – Ռապիթաթ Ուարտանիէ (ժամը 12:30-ին, Պհամտունի դաշտ)


