Վաղը կէսօրուան ժամը 12:30-ին Անսարի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց խումբը պիտի մրցի Տինամօ Պէյրութի դէմ:
Երկու խումբերն ալ «պարտականութեան համար» պիտի կատարեն այս մրցումը` նկատի ունենալով, որ այս մրցումը պարզապէս կրնայ դիրքերու փոփոխութիւն կատարել դասաւորման կեդրոնի հատուածներուն մէջ:
Այս մրցումը պէտք է ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի տղոց համար ըլլայ լուրջ փորձ-մրցում մը յաջորդ եղանակին համար, որուն այժմէն պէտք է պատրաստուիլ:
Վերջին քանի մը ամիսներուն աշխատանք տարուեցաւ վերակազմելու խումբը, եւ յաջորդական մրցումները պէտք է ձեւով մը դուրս ըլլան մեզի աւելի լուրջ աշխատելու յառաջիկայ եղանակին համար:
Խումբ կազմելը շատ դիւրին է, բայց շատ կարեւոր է կանուխ, լուրջ եւ դժուար մրցակիցներու դէմ փորձ-մրցումներ կատարել: Ամէն ինչ կապուած է նիւթականի, եւ պէտք է գործը սկսիլ կանուխ, ճիշդ, ամուր հիմերու վրայ: 2020-2021 տարեշրջանին 4-րդ դասակարգ ինկած Պէյրութի խումբը պէտք է վերականգնի, եւ բոլորը իրենք զիրենք պատասխանատու պէտք է զգան վերջին տարեշրջաններու «պարտականութեան համար մասնակցելու» մտայնութենէն դուրս գալու:
Յոյսով, որ աւելի լուրջ աշխատանք կը տարուի յաջորդ եղանակին համար: Ինչ կը վերաբերի վաղուան մրցումին, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի տղաքը իրենց վերջին մրցումին 2-1 արդիւնքով յաղթած էին Նօ Լիմիթց խումբին, իսկ Տինամօ Պէյրութ 3-0 արդիւնքով յաղթական հռչակուած էր Արզ խումբին դէմ: Արզի ֆութպոլիստ մը` Մոհամետ Համտանի «ծեծած» էր իրաւարարը` Տինամոյի դէմ մրցումին, եւ մրցումը կիսատ մնացած արիւնլուայ իրաւարարին որոշումով: Ֆետերասիոնը 5 տարիով կախակայեց այս մարզիկը, ինչպէս նաեւ Հասան Հայտարը (3 մրցումով) եւ տուգանքի ենթարկեց Համտանը 100 միլիոն լիբանանեան ոսկիով, ինչպէս նաեւ Արզ խումբի պատասխանատու մը եւ ակումբը տուգանքի ենթարկեց 25 միլիոն լիբանանեան ոսկիով: Ֆետերասիոնը ակումբին պարտադրեց նաեւ իրաւարարին հիւանդանոցային ծախսերը հոգալ:
Ստորեւ` 8-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ`
Նօ Լիմիթց – Զամալեք Պէյրութ (ժամը 14:00-ին, Անսարի դաշտ)
Լիբանանեան բանակ – Անդրանիկ (ժամը 18:30-ին, Անսարի դաշտ)
Պէյրութ Ֆ. Ք. – Սապիլ (ժամը 12:30-ին, Մապարրայի դաշտ)
ՎԱՂԸ`
Տինամօ Պէյրութ – ՀՄԸՄ Պէյրութ (ժամը 12:30-ին, Անսարի դաշտ)
Նուժում Պէյրութ – Արզ (ժամը 12:00-ին, Մապարրայի դաշտ) դաշտ)


