Վաղը Պէյրութի Շիյահի կեդրոնին մէջ ՀՄԸՄ-ի տղաքը պիտի մրցին Պէյրութ Ֆըրսթ խումբին դէմ, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին:
Պէյրութ կը գրաւէ 2-րդ դիրքը եւ 15 մրցումներու ընթացքին 11 յաղթանակ արձանագրած է:
ՀՄԸՄ-ի տղաքը ամէն գնով պիտի փորձեն 10-րդ յաղթանակը արձանագրել` յոյս ունենալու համար գրաւելու 4-րդ դիրքը:
16-րդ հանգրուանի այս մրցումին հաւանաբար մասնակցի ՀՄԸՄ-ի նոր օտար մարզիկ Ճամալ Ճոնզ, որ երէկ ստորագրեց խումբի տոմարներուն վրայ` փոխարինելով Փրինս Իպէն:
Յոյսով, որ ՀՄԸՄ-ի տղաքը ներդաշնակ մրցում մը ունենան եւ լաւ արդիւնք ձեռք ձգեն խումբի մը դէմ, որ վերջերս կայուն չէ:
Այսօր, ախոյեան Ռիատի պիտի մրցի Հուփսի դէմ, իսկ Էն. Էս. Էյ. պիտի մրցի Անթունիէի դէմ: Այս հանգրուանի վերջին մրցումը տեղի կ՛ունենայ կիրակի ժամը 16:00-ին, Շանվիլի եւ Սաժեսի միջեւ: