Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան, եւ Սաքրամենթօ Քինկզ 120-107 արդիւնքով անակնկալի բերաւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզը:
Լէյքըրզ, որ այս եղանակին 8 մրցումներէն 7-ն պարտութեամբ աւարտեց Քինկզի դէմ, չկրցաւ պայքարիլ Սաքրամենթոյի դէմ, մանաւանդ որ Տոմանթաս Սապոնիս թրիփըլ տապըլ ալ իրագործեց` նշանակելով 17 կէտ, 19 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ: Հետիւըն Պարնզ 7 անգամ 3 կէտնոց կողովներ ալ նշանակեց (23 կէտ), մինչ Տը՛Արոն Ֆոքս (21 կէտ) եւ Քիկըն Մարի (19 կէտ) եղան Քինկզի առաջին 5-ը, որոնք բոլորն ալ 10-է աւելի կէտեր նշանակեցին:
Օսթըն Ռիվզ 28 կէտ նշանակեց ի նպաստ Լէյքըրզի, որուն աստղերը` Անթոնի Տէյվիս (22 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) եւ Լըպրոն Ճէյմս (18 կէտ եւ 13 ռիպաունտ) փայլեցան, բայց իրենց խումբին վիճակը բաւական լաւ չէր Քինկզի դէմ մրցումին:
Տալաս Մեւրիքս յաղթանակ արձանագրեց յաջորդական 4-րդ մրցումին` 109-99 արդիւնքով յաղթելով Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին:
Լուքա Տոնչիչի թրիփըլ տապըլի յաջորդական մրցումները վերջ գտան երբ ան ձախ ծունկի ցաւ ունեցաւ:
Ան երրորդ մասին դուրս եկաւ դաշտէն, երբ 21 կէտ նշանակած էր եւ 9 էսիսթ, բայց 4-րդ մասին դաշտ ներկայացաւ, հազիւ քանի մը երկվայրկեան փոխարինուեցաւ: Քայրի Ըրվինկ եւ ընկերներ իրենց վրայ առին մրցումը եւ յաղթանակ արձանագրեցին: Ըրվինկ 23 կէտ եւ 10 էսիսթ կատարեց, Տերեք Լայվլի (12 կէտ), Փի. Ճէյ. Ուաշինկթըն (11 կէտ), Ճոշ Կրին (11 կէտ), եւ Տանիէլ Կեֆորտ (10 կէտ) խմբային խաղով կրցան յաղթական դուրս գալ:
Առանց վիրաւոր Սթեֆ Քըրիի, Կոլտըն Սթէյթ չկրցաւ մօտենալ Տալասին: Ճոնաթըն Քամինկա 27 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ուորիըրզի:
ՏըՄար ՏըՌոզըն 46 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Շիքակօ Պուլզի, որ 132-129 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ինտիանա Փէյսըրզը, այս վերջինին դաշտին վրայ, յետ երկարաձգման:
Նիքոլա Եոքիչ 12 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ ախոյեան Տենվըր Նակեթցի, որ վերագրաւեց Արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքը` 100-88 արդիւնքով յաղթելէ ետք անցեալ տարուան աւարտականի մրցակից Մայեմի Հիթին:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Օրլանտօ Մեճիք – Պրուքլին Նեթց 114-106
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 113-104
Մայեմի Հիթ – Տենվըր Նակեթց 88-100
Ինտիանա Փէյսըրզ – Շիքակօ Պուլզ 129-132
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Քլիվլընտ Քեւելիրզ 95-116
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Չարլոթ Հորնեթց 98-110
Տալաս Մեւրիքս – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 109-99
Սաքրամենթօ Քինկզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 120-107
Փորթլընտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Աթլանթա Հոքս 106-102