ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Ամերիկայի հռչակաւոր զինուորականներէն զօր. Տակլըս Մաքարթըր, իր ասպարէզի աւարտին, Քոնկրէսին մէջ իր արտասանած ճառը փակեց հետեւեալ միտքով. «Հին զինուորները չեն մահանար, անոնք պարզապէս կ՛անհետին»:
Դժուար է ընդունիլ ընկ. Վարդգէս Հայրապետեանին մահը` նոյն տրամաբանութեամբ: Մէկը, որուն ամբողջ կեանքը եղաւ աշխատանքի պայքար: Մէկը, որ ոչ միայն չէր վախնար աշխատանքէ, այլեւ կը «սարսափեցնէր» նոյնինքն աշխատանքը: Կարեւոր չէր, թէ այդ աշխատանքը ի՛նչ մակարդակի կամ Սփիւռքի գոյատեւման-կազմաւորման ռազմաճակատի ո՛ր խրամատին մէջն էր:
ՀՄԸՄ (մասնաճիւղի կամ շրջանային մակարդակի վրայ), թաղի ակումբ, կոմիտէութիւն, թաղականութիւն, ուր որ ալ մեծ ու փոքր գործ-պատասխանատուութիւն յանձնուած էր իրեն, ընկ. Վարդգէսի պատասխանը, օրինապահ սկաուտի նման, եղած էր «Մի՛շտ պատրաստ»:
Սփիւռքի կազմակերպումի առաջին հանգրուանին գտնուեցաւ գաղափարապաշտ սերունդ մը, որ յաճախ բառացիօրէն իր սեփական ձեռքերով կառուցեց թաղի ակումբը, դպրոցը կամ եկեղեցին, գետնի վրայ գործի վերածեց կազմակերպուելու ուղղութեամբ տրուած որոշումը: Սուրիոյ մէջ այդ սերունդի ներկայացուցիչներէն էին Փարթըխ Միսաքը, Լանղըր Եախուպը ու իրենց նման տասնեակներով ուրիշներ: Լիբանանի մէջ, նոյն սերունդի ներկայացուցիչներէն էին Սուրէն Անթոյեանը, Հայկազ Եափուճեանը, Րաֆֆի Պէրպէրեանը, Արշաւիր Աղան ու բազում ուրիշներ:
Անոնք գացին: Մաքարթըրի բնութագրումով` «անհետացան»: Որո՞նք յաջորդեցին իրենց: Եկաւ սերունդ մը, որ կարծէք յաւելեալ կիրքով շարունակեց սկսած աշխատանքը: Սերունդ մը, որուն ներկայացուցիչներէն եղան (զանազան բնագաւառներէ ներս) Երուանդ Տեմիրճեանը, Երուանդ Մոնոֆարեանը, Գէորգ Գանտահարեանը եւ… Վարդգէս Հայրապետեանը, բազում այլոց հետ: Այս նոյն սերունդն էր, որ թրծուած ըլլալով ՀՅԴաշնակցութեան կամ ՀՄԸՄ-ի քուրային մէջ` սփիւռքահայ կեանքի ղեկավարումի գաղափարները գործնական կեանքի վերածեց, սկսելով 1960-ական թուականներէն:
Ընկ. Վարդգէսը ճանչցած եմ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը, ԷշրեՖիէի «Ազատամարտ» ակումբին մէջ, երբ իրեն յանձնուած էր շրջանի հայութեան ապահովութեան հսկող տղոց առօրեայ մատակարարման ապերախտ պատասխանատուութիւնը: Եթէ չեմ սխալիր, նոյն այդ ժամանակաշրջանին ընկ. Վարդգէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ էր: Իր բնածին պարտաճանաչութեան վրայ աւելցած էր նաեւ ՀՄԸՄ-ին մէջ իր ստացած դաստիարակութիւնը:
Քաղաքացիական պատերազմի այդ շրջանին ընկ. Վարդգէս ո՛չ մէկ օր բացակայեցաւ ակումբէն, ո՛չ իսկ նուազագոյն թերացումը արձանագրեց իրեն տրուած պատասխանատուութեան մէջ: Իրեն տրուած գործը ուրիշին չէր փոխանցեր, մինչեւ իսկ անձամբ կը լեցնէր պահակ տղոց ընթրիքի պնակները կամ իր իսկ ձեռքով կը պատրաստէր անոնց սենտուիչները: Որովհետեւ այդպէս դաստիարակուած էր ու իր անձին օրինակովն իսկ մեզի համար կը դառնար տիպար մը` իբրեւ կամաւորական բանակի օրինակելի զինուոր, որ ոչ մէկ գործի միջեւ խտրութիւն կը դնէր: Մէկը, որ այդ օրերուն ունէր ընտանիք. կինը` Ժենիան, եւ երեք դեռատի երեխաները` Անին, Գօգոն եւ Արան, որոնցմէ աւելի… ակումբի տղաքը կը վայելէին ընկ. Վարդգէսին եռանդուն ներկայութիւնը:
Իսկ երբ աւարտէր աշխատանքը ու ընկերային մտերմութեան առիթներ ստեղծուէին, հոն երեւան կու գային ընկ. Վարդգէսին բնաւորութեան մի՛ւս դրական գիծերը: Արդարեւ, ան երեխայի նման անմեղ էր, դատաւորէ մը աւելի արդարամիտ եւ ուղղամիտ, պատանիի մը նման շուտով փոթորկող, մանաւանդ երբ պլոթի սեղանին վրայ Սամ Խայեաթէն կը պարտուէր…
Ամբողջ կեանք մը նուիրեց ան ՀՄԸՄ-ին` ըլլայ մասնաճիւղի վարչութեան թէ շրջանայինի մակարդակի վրայ, Հ.Յ.Դաշնակցութեան` կոմիտէի կամ յանձնախումբերու մակարդակի վրայ, «Ազատամարտ» ակումբի վարչութեան, շրջանի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան, կամ այլ բնագաւառներու մէջ: Ինչ գործ որ յանձնուեցաւ ընկ. Վարդգէսին, խիղճով ու ամենայն բծախնդրութեամբ կատարեց:
Բախտաւոր եղած եմ, որ վայելած եմ ընկ. Վարդգէսին մտերմութիւնը: Ան ինծի ու ընկերներէս շատերուն համար թէ՛ երէց ընկեր էր, թէ՛ երէց եղբայր եւ թէ՛ հօր մը նման գուրգուրոտ, յարգող եւ յարգանք պարտադրող:
Մօտաւորապէս երկու ամիս առաջ, երբ ընտանեկան այլ պարտաւորութեամբ մը Պէյրութ կը գտնուէի, ցաւով իմացայ իր մահը: Այդ օրերուն պիտի կատարուէր իր քառասունքը:
Ընկ. Վարդգէս, «Ազատամարտ» ակումբի պատերը որքա՜ն մռայլ էին այդ օր: Այն ակումբը, որուն նոյնիսկ պատերը լեզու ելած` լուռ ու անձայն կերպով նուիրումիդ վկայութիւնը կու տային: Նուիրում մը, որ ոչ մէկ նիւթեղէն արժեչափով կը չափուի:
Հոն էին քեզ սիրող ու յարգող բոլոր ընկերներդ: Տխուր էինք բոլորս ալ: Եկած էինք յարգելու մեր այն երէց ընկերը, որմէ կը վախնար միութենական աշխատանքը, գո՛րծը: Կարծես քու անհետացումովդ մեզմէ, մեր հաւաքական կեանքի որակէն բան մը պակսած է:
Սակայն սփիւռքեան «պատերազմի», դրօշարշաւի դրօշը ուրիշներ ձեռք առած են: Ընկ. Վարդգէս Հայրապետեան պայքարի այդ դրօշը պատուով յանձնած է ուրիշներուն: Անոնց, որոնք անպայման օրինակ առին իրմէ: Իմ կարծիքովս, ասոր մէջ ալ կը կայանայ ընկ. վարդգէսներուն հիմնական արժանիքը:
Մարտ 26, 2012


