Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Սուրիան Դաշտ` Ուժերու Բախումին

Մարտ 5, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազայի պատերազմին տարածքը ընդլայնելու հեռանկարը երեւելի էր, անոր արձագանգին Սուրիա եւ Լիբանան հասնելու հաւանականութիւնը առկայ էր մարտերու սկիզբէն իսկ:

Կազայի պատերազմին բռնկումով տարածաշրջանի ուժերու բախումը իր առաւելագոյն սրումին հասաւ:

Իսրայէլ սկսաւ հրթիռակոծել Սուրիոյ օդակայանները առաջին իսկ օրէն, ապա նաեւ` հարաւի սահմանային եւ մայրաքաղաքի կարգ մը շրջաններ, իսկ վերջին երկու ամիսներուն բուռն կերպով կը հարուածէ Լիբանանի հարաւային շրջանները: Միացեալ Նահանգներու ուժեր, միւս կողմէ, սկսան հարուածել Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանները, Սուրիա-Իրաք սահմանը, միեւնոյն ատեն Սուրիոյ քարիւղը շահագործել ապօրինաբար` իրենց ենթակայ ուժեր օգտագործելով: Այս բոլորը Սուրիոյ մէջ գործող ուժերուն ուղերձներ յղելու փորձեր էին մէկ կողմէ, միւս կողմէ` Իսրայէլի անել կացութեան մատնուիլը ցոյց կու տային: Իսրայէլեան ուժերու գերադաս ըլլալու հանգամանքը յօդս ցնդած էր Կազայի պատերազմին բռնկումով, որուն դիմաց Իսրայէլ ջանաց ու կը ջանայ դիմադրութեան նեցուկ կանգնող բոլոր երկիրներն ու անոնց աշխարհագրական լծակները թիրախ դարձնել, արգիլելու դիմադրութեան զինումն ու աճող հակահարուածները:

Սուրիոյ եւ Լիբանանի մօտեցումները բաւական հաւասարակշռուած են ու հեռու` բախումներու մէջ ներքաշուելու ծուղակներէն:

Սուրիա, յատկապէս այս օրերուն, ամէն առիթ կ՛օգտագործէ իր հողերուն վրայ գտնուող ապօրինի ուժերու օրինազանցութիւնները լուսարձակի տակ բերելու եւ տնտեսական պատժամիջոցներու վերացումը ազդու պայմանի վերածելու, որովհետեւ սուրիական տագնապի տասը տարիներուն ընթացքին այս պատիժները այլազան պատրուակներով պարտադրուեցան, իսկ հիմա քաղաքական ուժերու մրցավազքը Սուրիոյ մէջ առիթ է Սուրիոյ խաղաթուղթերը ուժգնօրէն օգտագործելու եւ հետագայ օրերուն երկրի տնտեսական ու ապահովական վիճակի բարելաւման տանող համաձայնութիւններ պարտադրելու:

Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներուն կողքին, Սուրիոյ տարածքներ գրաւող թրքական ուժեր Ռուսիոյ միջամտութեամբ դուրս գալու նշաններ ցոյց կրնան տալ, եթէ Ուքրանիոյ պատերազմի գէթ զինուորական հաւասարակշռութիւնը ի նպաստ Ռուսիոյ աւարտի:

Վերջին շաբաթներուն նկատելի էր նաեւ սուրիական բանակի միաւորներուն յառաջխաղացքը Իտլիպի արուարձաններուն մէջ, ինչ որ, Կազայի պատերազմին մէջ ազդեցութիւն ունեցող ուժերու առաջնահերթութիւններու փոփոխութեան լոյսին տակ, թրքական հովանաւորութիւնը վայելող զինեալ խմբաւորումներու ետ մղման յստակ քայլերու մասին կը խօսի:

Պաղեստին-Իսրայէլ զինադադարի, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւններու գոյացման պարագային, սուրիական տագնապի լուծման եզրեր նաեւ երեւելի կրնան դառնալ` նկատի ունենալով Սուրիոյ դաշնակիցներուն հաստատակամ կեցուածքն ու արաբական երկիրներու հետ Սուրիոյ յարաբերութիւններու բարելաւումը, ինչ որ միջնորդներու օրակարգին վրայ կրնայ պահել նաեւ Սուրիոյ տագնապի լուծման օրակարգը` որպէս տարածաշրջանային հարցերու լուծման մէկ հանգոյց:

Նախորդը

Հայաստանը Եւ Թուրքիան Որոշած Են Նոր Հանդիպում Կատարել

Յաջորդը

Լոյս Տեսան Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Յիշատակարան Բժիշկի Կեանքէս», «Համով-Հոտով Եւ Լեղի Յուշեր» Եւ «Բժշկական Ծառայութեան Դաշտէն Անդին» Հատորները

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?