Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսած Է ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2024-ի Երկրորդ Թիւը

March 4, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հրապարակուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի փետրուարի թիւը:

Փետրուար ամիսը, յիշարժան իրադարձութիւններու առումով, խորհրդանշական արժէք ունի հայութեան համար: Այդ իւրայատուկ շունչը ընթերցողը կը զգայ ծանօթանալով պաշտօնաթերթի ներկայ թիւին` կողքի առաջին էջէն մինչեւ վերջին էջը: Փետրուարեան սոյն թիւի «Առաջնորդող»-ին վերնագիրն է` «Ինչո՞ւ իշխանափոխութիւն տեղի չի ունենում»: «Առաջնորդող»-ին  մէջ փորձ կը կատարուի հիմնական քանի մը գործօններու ազդեցութեամբ բացատրել, թէ ինչո՛ւ տեղի չ՛ունենար քաղաքական իշխանափոխութիւնը, երբ անիկա հասունցած պահանջ է Հայաստանի բնակչութեան մեծամասնութեան համար:

Երկրի ներքին մթնոլորտի ու գործընթացներու պատճառները Մանուէլ Մկրտչեան կը պարզաբանէ` քննութեան նիւթ դարձնելով հասարակութեան մէջ իշխող մտայնութիւնները, ինչպէս նաեւ` անոնց օրինաչափութիւնները:

Հրանտ Մելիք Շահնազարեան անդրադառնալով հայ-ազրպէյճանական քաղաքական-դիւանագիտական գործընթացներուն` կը ներկայացնէ անոնց վրայ արտաքին շահագրգիռ ուժերու ներգործութիւնը, որոնցմով ալ պայմանաւորուած է տուեալ գործընթացներու առկայ վիճակը:

Հայութեան համար փետրուար ամսուն տեղի ունեցած ամէնէն նշանակալից եւ պատմական իրադարձութիւններէն մէկն է 1921 թուականի Փետրուարեան ապստամբութիւնը: Խմբագրութիւնը այս առիթով վերահրատարակած է «Դրօշակ»-ի 1926 թուականի մարտի թիւին մէջ ազգային-պետական նշանաւոր գործիչ Կարօ Սասունիի յօդուածը: Ըլլալով փետրուարեան իրադարձութիւններու ուղղակի եւ աշխուժ մասնակիցներէն մէկը` Սասունին իր յօդուածին մէջ կը ներկայացնէ ապստամբութեան բռնկման դրդապատճառները, ընթացքը, ինչպէս նաեւ` ազգային վեհ ծառացման պատմական նշանակութիւնը:

Ուշագրաւ բազմաբնոյթ այլ յօդուածներու շարքին են նաեւ գրականագէտ Դաւիթ Գասպարեանի յօդուածը` «Չարենցը քաղաքական մեղադրեալ` նացիոնալիստ, դաշնակցական ժողովրդի թշնամի» խորագիրով: Առաջին ակնարկով ներկայացուող նիւթը չ՛առնչուիր 1920-ականներու, 1980-ականներու եւ մեր օրերու անցքերուն հետ, սակայն ակնյայտ է բոլոր այս իրադարձութիւններու օրկանական ներքին կապը` բռնութեան երեւոյթը հայ ժողովուրդի ազգային եւ մարդկային իրաւունեքներուն, անոր արժէքներուն եւ ազատութիւններուն դէմ: Անկախ անկէ, թէ որո՛ւ դէմքով հանդէս կու գան այդ իրաւունքը բռնաբարող, հայութեան զանգուածներուն ու անհատ գործիչներուն քաղաքական հալածանքներու ենթարկող դահիճները:

«Դրօշակ»-ի 2024-ի երկրորդ թիւը կրնաք կարդալ  այցելելով https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2024/02/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-2-2024%D5%A9..pdf

 

Նախորդը

Վան, Դատվան, Նեմրութ, Աղթամար… Նկարահանդէս Եւ… Անմիտ Թափառում

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Ինչո՞ւ Իշխանափոխութիւն Տեղի Չի Ունենում

RelatedPosts

Յուշերու Կապոց.  Զայրացող Լեզուագէտը, Որ Փափուկ Սիրտ Ունէր  (Տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Արմենակը

November 14, 2026
«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը Նշանաւոր Դերասան Սիմոն Աբգարեանին Հետ
Անդրադարձ

«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը Նշանաւոր Դերասան Սիմոն Աբգարեանին Հետ

November 13, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խօսողին Լսող Է Պէտք

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.