Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Խոնարհութիւնը Սիրով Եւ Ծառայութեամբ Թրծուած Մարդկային Կեանքի Գերագոյն Առաքինութիւնն Է» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

April 6, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Եկեղեցւոյ տօնակարգին մէջ, Աւագ շաբթուան հարուստ ու հոգեթով արարողութիւնները հոգեկան անփոխարինելի ապրումներու առիթ կը հանդիսանան հայ հաւատացեալին համար:

Արդարեւ, հինգշաբթի, 5 ապրիլ 2012-ի առաւօտեան, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամերգութիւն, ապա Կարգ ապաշխարողաց եւ Ս. պատարագ` Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ: Մեծ թիւով հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան եւ հաղորդուեցան:

Նոյն օրը յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Մայր տաճարին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս կատարեց Ոտնլուայի սրտայոյզ արարողութիւնը: Վեհափառը ղենջակ կապած, Յիսուսի տասներկու աշակերտները խորհրդանշող տասներկու դպրեվանեցիներու, սարկաւագներու եւ վարդապետներու ոտքերը լուալէ ետք, տուաւ իր հայրապետական պատգամը: Արամ Ա. կաթողիկոս օրուան Աւետարանէն առնելով իր բնաբանը` Յիսուսի կողմէ կատարուած ոտնլուայի դէպքին մէջ տեսաւ խոնարհութեան գերագոյն արտայայտութիւնը: Քրիստոսի տուած խոնարհութեան օրինակը մարդկութեան կեանքին մէջ տեսնելու յոյսով` վեհափառը աշխարհի խաղաղութիւնը, մարդոց միջեւ փոխադարձ սէրն ու գործակցութիւնը նկատեց աղբիւր բարիքի եւ համերաշխութեան:

Հաւատացեալ բազմութիւնը արարողութենէն ետք իր հետ առաւ օրհնուած իւղէն` իր տան իւղին խառնելու զայն, աստուածային բարիքները իր տան վրայ առատացնելու աղօթքով ու ջերմեռանդ հաւատքով:

Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 7:00-էն մինչեւ ուշ գիշեր, մայրավանքը խճողուած էր հաւատացեալ բազմութեամբ եւ յատկապէս հայ երիտասարդներով, որոնք ներկայ գտնուեցան «Լացի գիշեր»-ուան խորհրդաւոր արարողութեան: Խաչելութեան կարգի ընթացքին քարոզեց  Յովհաննէս աբղյ. Սաղտըճեան` Աստուածորդիին կատարած ինքնազոհողութեան օրինակը ներկայացնելով հաւատացեալներուն:

Միաբան հայրերու կողմէ կարդացուեցան Աւետարանի եօթը հատուածները, որոնց ընթացքին հաւատացեալներ, հին աւանդութեան համաձայն, դերձանի մը վրայ եօթը հանգոյցներ կապեցին, մինչեւ Համբարձման տօնը իրենց դաստակներուն վրայ պահելու համար եկեղեցւոյ աղօթքներուն զօրութիւնը:

Վեհափառին «Պահպանեա՛» աղօթքով ու Կենաց փայտի օրհնութեամբ, ուշ գիշերին հաւատացեալներ մեկնեցան մայրավանքէն` Աւագ հինգշաբթիի խորհուրդով վերանորոգուած:

 

 

Նախորդը

Ոտնլուայի Հանդիսաւոր Արարողութիւնը` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

«Սուրիոյ Բարեկամներ»-ու Խորհրդաժողովին Պատճառով Թուրքիոյ Եւ Իրանի Միջեւ Լարուածութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.