ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Մարի Արսլանեան
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Հիլտա Արսլանեան
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Լենա Թերզիպաշեան
Տէր եւ տիկին Ժիրայր եւ Ալինա Թանկուքեան
Տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Թենի Արսլանեան եւ դուստրը (ԱՄՆ)
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս եւ Մեղրի Արսլանեան եւ զաւակունք (ԱՄՆ)
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Լալէ Թերզիպաշեան եւ զաւակունք (ԱՄՆ)
Տէր եւ տիկին Վազգէն եւ Վերա Գոլանճեան եւ դուստրը
Տէր եւ տիկին Անդրանիկ եւ Լարա Թանկուքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Մեղեդի Թանկուքեան եւ զաւակը (Հայաստան)
Հանգուցեալ Յակոբ Արսլանեանի զաւակները` Գրիգոր, Ճորճ եւ Անի
Հանգուցեալ Բիւզանդ Արսլանեանի զաւակները` Գրիգոր, Յակոբ, Անի եւ Շողիկ
Հանգուցեալ Հրանդ Արսլանեանի զաւակները` Արմէն, Մարալ եւ Սալբի
Արսլանեան եւ Քէշիշեան ընտանիքներ
Թերզիպաշեան եւ Թանկուքեան ընտանիքներ
Անտոնեան եւ Միրզախանեան ընտանիքներ
Մելքիսէթեան եւ Եօղուրճեան ընտանիքներ
Գոլանճեան եւ Ճուլֆայեան ընտանիքներ
Պուտակեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ (ՀԱՃԻ) ԱՐՍԼԱՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ, 1925-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 7 փետրուար 2024-ին, առաւօտեան ժամը 4:00-ին, իր բնակարանին մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 8 փետրուար 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան: Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00-ը, ինչպէս նաեւ ուրբաթ, 9 փետրուարին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00-ը, նոյն վայրին մէջ:
ԾԱՆՕԹ,- Կը խնդրուի փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել Ազգային առաջնորդարանի «Աշակերտ հովանաւորել»-ու ծրագրին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սիլվա Մթրըպեան
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Նինա Ֆըսթըգճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Սեզա Սերայտարեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սեպուհ եւ Անի Եփրեմեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժան եւ Ովսաննա Սրապեան (Աւստրալիա)
Տէր եւ տիկին Ժաք Սրապեան եւ զաւակունք (Աւստրալիա)
Տէր եւ տիկին Էտի Սրապեան եւ զաւակունք (Աւստրալիա)
Տէր եւ տիկին Արա եւ Վալերի (Պելճիքա)
Պրն. Սեւակ Սրապեան (Աւստրալիա)
Հանգուցեալ Վիքթորիա Սէֆէրեանի ընտանիքը
Տիար Յարութ Սէֆէրեան եւ զաւակունք
Պրն. Գօգօ Սէֆէրեան
Տէր եւ տիկին Շահէ Գալուստեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Լեւոն եւ Ռուզան եւ զաւակունք
Չալեան եւ Մթրըպեան ընտանիքներ
Սրապեան եւ Ֆըսթըգճեան ընտանիքներ
Սերայտարեան եւ Եփրեմեան ընտանիքներ
Սէֆէրեան եւ Գալուստեան ընտանիքներ
Սալլագեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲ ՉԱԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 1 փետրուար 2024-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ կիրակի, 4 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
—————————————
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Հինգշաբթի, 8 փետրուար 2024-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ:
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ. ՕՀԱՆԵԱՆ
Ս.՛ պատարագի աւարտին, վեհարանին դահլիճին մէջ, աւանդութեան համաձայն, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ եւ միաբան հայրերու ու դպրեվանքի սաներու մասնակցութեամբ տեղի պիտի ունենայ Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնի ոգեկոչում` վարդանաշունչ երգերու միաբերան կատարողութեամբ: Ապա, հայրապետը պիտի փոխանցէ Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց պատգամը:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու Վարդանանց նուիրուած Ս. պատարագին եւ վեհարանի մէջ կատարուելիք յայտագիրին, որպէսզի Սրբոց Վարդանանց ոգիով լիցքաւորուած ու վերանորոգուած` ազգովին շարունակենք մեր եկեղեցանուէր եւ ազգաշէն գործունէութիւնը:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին առիթով, հինգշաբթի, 8 փետրուար 2024-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ պիտի կատարուի մատաղօրհնէք:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Ս. պատարագ` ժամը 10:00-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Մատաղօրհնէք` ժամը 12:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու այս հոգեպարար արարողութեան, լսելու առաջնորդ սրբազան հօր պատգամը եւ զօրանալու Աւարայրի ոգիով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական
Եկեղեցիներու Միութիւն
ՄԻԱՑԵԱԼ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ
ՏՕՆ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ
Պատգամաբեր`
ՎԵՐ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՍՎԱՃԵԱՆ
Հովիւ` Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ
Գեղարուեստական բաժին` Հայ աւետարանական Կեդրոնական վարժարանի աշակերտներուն կողմէ
Հինգշաբթի, 8 փետրուար 2024, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցի, Նոր Ամանոս:

