Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Օրհներգին, Զինանշանին Եւ Դրօշակին Անհպելիութեան Հրամայականը

Փետրուար 5, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սահմանադրութեան փոփոխութեան անհրաժեշտութեան մասին բարձրաձայնուած յայտարարութիւններուն առընթեր յայտնապէս կը նախապատրաստուի նաեւ հանրային կարծիք ստեղծել օրհներգի եւ զինանշանի փոփոխութիւններուն ուղղութեամբ:

Այս մասին առաջ մղուող առարկութիւնները փոխկապակցուած են սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն: Օրհներգին մէջ թշնամիներուն մասին ակնարկութիւն կայ: Արարատը  գրգռութիւն է թշնամիին ուղղուած եւ նման «խաղաղասիրական» բնոյթի վարկածներ:

Կ՛ուղեկցուին անշուշտ հեգնական «սմայլիկ»-ի համանմանութիւն, Կրկէսի առիւծ, եւ այլ համեմատութիւններ` գեղագիտականին անուան տակ շղարշելու համար «թշնամազերծում»-ի գործողութիւնները:

Հաւաքական մտածողութեան վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու այս գործողութիւնները համալիր դրուածք ունին` Հայդատականութիւն, Ծովից ծով Հայաստան, Սթամպուլը պիտի լինի արեան ծով` ծաղրանկարայնացումէն մինչեւ  առաւելապաշտութիւն, Արարատ-Արագած, պատմական հայրենիք-արդի Հայաստան, Հայաստանի պատմութիւն-հայոց պատմութիւն կեղծ բանավէճերու յառաջացումով օրակարգերու հանրայնացումը:

Հիմա կեդրոնանանք օրհներգին եւ զինանշանին փոփոխութեան տակ երեւցող վտանգին վրայ:

Օրհներգն ու զինանշանը, ինչպէս դրօշակը, իրենց գաղափարական հիմնաւորումը ունին գործող Սահմանադրութեան նախաբանով յղում ստացած Անկախութեան հռչակագիրին մէջ:

Այսպէս.

Անկախութեան հռչակագիրը, պետականութեան անկախ հռչակման հիմնաւորումներուն մէջ կը նշէ` «…զարգացնելով 1918 թուականի մայիսի 28-ին ստեղծուած անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդոյթները»…

Անկախութեան հռչակագիրով կը դաւանուի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ժողովրդավարական բնոյթը: Եւ երբ կ՛ըսուի զարգացնել ժողովրդավարական աւանդոյթները, կը հասկցուի այս պարագային զարգացնել ոչ միայն ժողովրդավարական կարգերը, այլ նաեւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ժողովրդավարօրէն կայացուցած որոշումները:

Աւելի պարզ կը դառնայ ուրեմն, որ մայիսքսանութեան աւանդոյթներու զարգացման  յանձնառութիւնը ստանձնելով, վերանկախացող Հայաստանը այս ձեւով կը նկատուի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան շարունակութիւնը, այլ խօսքով` իրաւաժառանգորդը:

Այս իրաւաժառանգորդութեան ամէնէն վաւերական հաստատումը, մայիս 28-ի իշխանութեան կայացուցած որոշումներու եւ այս պարագային պետութեան խորհրդանիշներու վերաորդեգրումն է:

Այս բոլորը սահմանադրական հիմք ունեցած են, որովհետեւ անոր նախաբանը յղում կատարած է Անկախութեան հռչակագիրին: Յղումի այդ վերացումը ուրեմն նաեւ Առաջին Հանրապետութեան հետ իրաւաժառանգորդութեան սահմանադրական հիմքը չեղեալ նկատած կ՛ըլլայ: Անկէ ետք թէ՛ գաղափարական եւ թէ՛ սահմանադրական բոլոր արգելքները ջնջուած կ՛ըլլան, որպէսզի նոր օրհներգ կամ նոր զինանշան, ինչու չէ նաեւ նոր դրօշակ որդեգրեն գործող իշխանութիւնները:

Սմայլիկի կամ կրկէսի մասին խօսողները կա՛մ չեն գիտակցիր այս իրաւաժառանգորդութեան, կա՛մ ալ գիտակցելով հանդերձ կ՛ուզեն ջնջել սահմանադրական եւ գաղափարախօսական բոլոր հիմքերը: Գուցէ «նոր Հայաստան»-ի կարգախօսը այսպէս կ՛ընկալուէր, եթէ ի հարկ է երկրի անուանափոխութեան առաջարկ մը շրջանառութեան չմտնէ յանկարծ:

Օրհներգի կամ զինանշանի քննարկումը գեղագիտական կամ այժմէականութեան ու նորաձեւութեան հետ աղերսելը պարզապէս չընկալել է, թէ ինչո՛ւ անկախացող Հայաստանի վարիչները մայիսքսանութեան աւանդոյթներու զարգացման առաջադրանքը ձեւակերպած են Անկախութեան հռչակագիրին մէջ, այդպիսով վերահաստատելով իրաւաժառանգորդութեան խնդիրը:

Առաջին Հանրապետութեան իրաւաժառանգորդութիւնը պետութեան խորհրդանիշներէն զատ այլ խորհուրդներ կը ներփակէ: Կրթականէն մշակութային, մինչեւ տարածքային: Յատկապէս եթէ պիտի շարունակենք աշխատիլ անվաւեր ճանչցնել տալու համար Կարսը, Մոսկուան ու Ալեքսանդրապոլը եւ առաջադրելու` Իրաւարար վճիռով եւ Ազգերու լիկայով ճանչցուած Առաջին Հանրապետութեան սահմանները:

Նախորդը

Ազրպէյճանի Մէջ Ձերբակալուած Է Հայաստանէն Սահմանը Ապօրինի Հատած Չեխիոյ Քաղաքացի Մը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (5 Փետրուար 2024)

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?