Թուրքիան կ՛ակնկալէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի ստեղծման նախագիծը իրականացնել մինչեւ 2029 թուական: Այս մասին թրքական «Թի.Վի.Նեթ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է երկրի փոխադրամիջոցներու եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու:
«Իր աւարտին կը մօտենայ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի Պաքուէն մինչեւ Հորատիզ ազրպէյճանական հատուածի կառուցումը: Միջանցքի թրքական հատուածի երկարութիւնը 224 քիլոմեթր է: Ընդհանուր առմամբ, այս միջանցքի ստեղծման ամբողջ հոլովոյթը պիտի տեւէ հինգ տարի: Կը կարծեմ, որ 2028 թուականին մենք ամբողջութեամբ պիտի աւարտենք բոլոր աշխատանքները», ըսած է Ուրալօղլու:
Ան աւելցուցած է, որ Հորատիզէն Օրտուպատ (Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն) հատուածին մէջ շինարարական աշխատանքները կը շարունակուին` բացառութեամբ Հայաստանի տարածքէն անցնող հատուածին:
«Պիտի պահանջուի վերակառուցումը Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը Թուրքիոյ կապող գոյութիւն ունեցող շուրջ 100 քիլոմեթր երկարութեամբ ճամբուն, որուն շարունակութիւնը պիտի ըլլայ Իգդիր-Կարս երկաթուղին», ըսած է Ուրալօղլու:
Անդրադառնալով «Զանգեզուրի միջանցք»-ին առնչուած Երեւանի դիրքորոշումին, նախարարը ընդգծած է, որ երբ առաջին անգամ նման նախաձեռնութիւն կատարուած է, հայկական կողմը բացասաբար արձագանգած է, հակառակ այն հանգամանքին, որ խօսուած է նաեւ Հայաստանի համար այս ծրագիրի օգուտներուն մասին:
«Սակայն վերջերս Փաշինեանի կողմէ դրական ուղերձներ հնչած են այս միջանցքին վերաբերեալ. «Զանգեզուրի միջանցք»-ի հայկական հատուածի երկարութիւնը շուրջ 43 քիլոմեթր է: Անոնք պէտք է ծրագրում եւ մրցոյթներ ծրագրեն, որպէսզի միջանցքը ամբողջութեամբ աւարտած նկատուի: Այսպիսով, Թուրքիան ուղիղ եւ դիւրին մուտք պիտի ստանայ դէպի թրքական աշխարհի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներ», ըսած է ան:
Թուրք նախարարը նաեւ նշած է, որ Իրանը իր կարգին հանդէս եկած է ճամբու կառուցման նախաձեռնութեամբ, որուն հիմամբ Ազրպէյճանը Թուրքիոյ հետ պիտի կապուի Իրանի տարածքով` շրջանցելով Հայաստանը:
«Մենք պիտի իրականացնենք «Զանգեզուրի միջանցք»-ի նախագիծը, սակայն դէմ չենք, որ Իրանը նոյնպէս իր տարածքով դառնայ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ այս կապի մաս: Իրանեան կողմին հետ բանակցութիւններն ու հանդիպումները կը շարունակուին: Այս նախագիծը իր ժամանակին պիտի իրագործուի», ըսած է Ուրալօղլու: