Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օ՛Պրայըն. «Կարեւոր Է, Որ Պաքուն Ու Երեւանը Իրարու Հետ Կը Խօսին Եւ Համաձայնութիւններու Կը Հասնին»

December 16, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ճէյմս Օ՛Պրայըն 13 դեկտեմբերին արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ «Ամերիկայի ձայն»-ի գրասենեակի ղեկավար Նայք Չինկինի տուած հարցազրոյցին մէջ այլ հարցերու կողքին անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցային հոլովոյթին ու կողմերուն միջեւ տեղի ունեցած կալանաւորներու փոխանակման:

Խօսելով գերիներու փոխանակման իրադարձութեան նշանակութեան մասին` Օ՛Պրայըն յայտնած է. «Կը կարծեմ, որ իսկապէս կարեւորը այն է, որ երկու երկիրները կը խօսին իրարու հետ եւ գործնական համաձայնութիւններու կը հասնին: Անոնք անցեալ շաբաթ յայտարարեցին այս կալանաւորուածներու ազատ արձակման մասին, իսկ այժմ` ինքնին այս շաբաթ, կալանաւորուածները արդէն իրենց տունն են: Անոնք հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւնը, որ ի ցոյց կը դնէ իրարու նկատմամբ աջակցութիւնը` բազմաթիւ առումներով, ներառեալ (աջակցութիւն) անոնց միջազգային ձգտումներուն, որ (օրինակ) Ազրպէյճանը հիւրընկալէ կլիմայի հարցերով ՄԱԿ-ի յաջորդ խորհրդաժողովը, ինչի իրաւունքը ան այժմ ստացաւ: Յոյսով ենք, ատիկա շահաւէտ պիտի ըլլայ երկու երկիրներուն համար, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի միջազգային ձգտումներուն: Նման տեսակի աջակցութեան դրսեւորումը երկկողմանի բնական յարաբերութիւններ կառուցելու ուղղուած կարեւոր քայլ է:

«Յոյսով ենք, շատ շուտով ականատես պիտի ըլլանք, որ կողմերը կը հասնին խաղաղութեան համաձայնագիրի: Երկու կողմերն ալ յայտարարած են, որ շահագրգռուած են այդ ընելով: Մենք, նաեւ Եւրոպական Միութեան մեր գործընկերները եւ միւսները, պատրաստ ենք օգնելու: Պիտի ուզէինք տեսնել, որ այս ամէնը շուտով իր աւարտին հասած է, որովհետեւ շուտափոյթ խաղաղութեան կնքումը հսկայական օգուտներ պիտի բերէ»:

– Պաքուի մէջ ձեր ունեցած հանդիպումէն ետք Ազրպէյճանի հետ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները «սովորական»-ին վերադարձած կը բնութագրէ՞ք: Արդեօք արտաքին գործոց նախարարութիւնը մինչեւ այս տարուան վերջը պիտի հիւրընկալէ՞ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները:

– Այն, ինչ որ մենք երկու երկիրներուն ըսած ենք, հետեւեալն է. շատ ուրախ ենք աջակցելու անոնց միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման: Արդէն երկու արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու քանի մը փուլ հիւրընկալած ենք, եւ ատիկա դարձեալ պիտի ընէինք, եթէ կողմերը որոշէին, որ ատիկա անոնց կ՛օգնէ խաղաղութիւն կնքելու: Մենք պատրաստ ենք օգնելու: Երկու կողմերուն ալ կը խրախուսենք հանդիպիլ, եւ մինչեւ հիմա իւրաքանչիւրը ըսած է, որ պատրաստ է այդ նպատակով աշխատելու:

– Մինչեւ այս տարուան վե՞րջ…

– Այս տարուան համար բաւարար ժամանակ չէ մնացած, սակայն մենք ամէն ինչ կ՛ընենք:

Նախորդը

Ալիեւ. «Ֆրանսայի Մէջ Որոշ Քաղաքական Ղեկավարներ Կը Փորձեն Հայերէն Աւելի Հայ Ըլլալ»

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Կ՛ողջունէ Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործին Մէջ Թուրքիոյ Դերը

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.