Ս. ՅԱԿՈԲԱՅ ՄԾԲՆԱՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ
ԵՒ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ՏՕՆԱԾԱՌԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒՄ
Բարձր հովանաւորութեամբ`
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Կազմակերպութեամբ`
Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին
եւ
Մասնակցութեամբ`
«Նարեկացի» երգչախումբին
Ուրբաթ, 15 դեկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան ժամը 4:30-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին, Մարուգէ ճգնաւորին եւ Մելիտոս եպիսկոպոսին նուիրուած նախատօնակ: Նախատօնակի աւարտին պիտի կատարուի հանդիսաւոր անդաստան` Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետին սրբազան մասունքով:
Յաւարտ նախատօնակին, մայրավանքի շրջափակին մէջ, վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ տեղի պիտի ունենայ տօնածառի լուսաւորումը. ապա, կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը պիտի հրամցնէ փունջ մը տօնական երգեր:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ
Ս. ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
ԵՒ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՍ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, 17 դեկտեմբեր 2023
– Ժամանում առաջնորդ սրբազան հօր` ժամը 9:30-ին
– Մասնակցութեամբ` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ սկաուտական շարքերուն:
– Սուրբ պատարագ` ժամը 10:00-ին
– Քարոզ` ժամը 11:00-ին
– Մատաղօրհնէք` ժամը 11:45-ին
Ս. պատարագը պիտի մատուցէ, քարոզէ եւ մատաղօրհնէքը պիտի կատարէ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
Պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը
խմբավարութեամբ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԶԱՒԷՆ ՎՐԴ. ՆԱՃԱՐԵԱՆԻ
Սիրով կը հրաւիրենք մեր բոլոր հայորդիները` հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
- Պատարագէն ետք ժողովրդային տօնախմբութիւն` առաջնորդ սրբազան հօր ներկայութեամբ:
- Գեղարուեստական յայտագիր եւ հիւրասիրութիւն` եկեղեցւոյս «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ:
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ