Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆՇՄԱՐ. Հայ Մանուկներու «Պարտէզ»-Ին Մէջ

April 2, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Մանուկներ, մանուկներ, մանուկներ…

Վարդագոյն, մանիշակագոյն, դեղին, կապոյտ եւ զանազան գոյնի, անուշիկ ու մանկութիւն եւ տօնական մթնոլորտ բուրող հագուստներով, տարբեր ձեւի, չափի եւ զանազան ոճով զարդարուն մոմերով… Սակայն բոլորին ներկայութեան ու համախմբման նպատակն ու խորհուրդը մէկ է` մասնակից ըլլալ Ծաղկազարդի թափօրին եւ ստանալ քրիստոնէական օրհնութիւն:

Ծաղկազարդը աւանդաբար դարձած է մանուկներուն օրը, երբ անոնք իրենց նոր զգեստներով եկեղեցի կ՛ուղղուին. եկեղեցին ողողուած է իրենց ձայներով, որոնք միասնաբար գեղեցիկ ու իւրայատուկ երաժշտութիւն մը կը յօրինեն, երաժշտութիւն մը, որ այդքան ալ յաճախ, ցաւ ի սիրտ, չի հնչեր մեր եկեղեցիներուն երկնակամարներուն տակ: Իրենց ծնողներուն քով կամ գիրկը նստած` ոմանք կը դիտեն, ուրիշներ անհամար հարցումներ կը տեղացնեն, կարգ մը մանուկներ առանց յաջողելու կը փորձեն սանձել իրենց չարաճճիութիւնը, այլ փոքրիկներ պարզապէս անհամբեր են ու անընդհատ հարց կու տան, թէ այդ խոստացուած ու սպասուած մոմավառութիւնը ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ…

Ժպիտը ինքնաբերաբար կը դրոշմուի եւ կը քարանայ դէմքիս վրայ, չեմ հասնիր դիտել բոլոր մանուկները, կը նայիմ մէկ աջ, մէկ ձախ ու չեմ կշտանար, որքան խորհրդաւոր եւ ներշնչող է պատկերը, այսքան մեծ թիւով հայ մանուկներով շրջապատուած ըլլալու իրականութիւնը շոյող է եւ յուսադրիչ, սիրտ լեցնող, հպարտութիւն առթող, գոհունակութիւն պատճառող, սակայն միեւնոյն ատեն` տարբեր մտորումներու տուն տուող:

Յաճախ մանուկներուն հարց կու տան` «Երբ մեծնաս` ի՞նչ պիտի ըլլաս», եւ անոնք ամենայն անմեղութեամբ կը փորձեն պատասխաններ գտնել, առանց նոյնիսկ հասկնալու, թէ այս կամ այն բանը ըլլալը ի՛նչ իմաստ կամ արժէք ունի:

Մանուկները դիտելով` ես ինծի նոյն հարցումը կ՛ուղղեմ. «Երբ մեծնան` ի՞նչ պիտի ըլլան»: Սակայն հարցումս ասպարէզի կամ մասնագիտութեան չի վերաբերիր, այլ` ազգային կեանքի, պատկանելիութեան զգացումի:

Այս անհամար մանուկներէն քանի՞ն հայութեան կեանքին մէջ ներկայութիւն պիտի ըլլայ եւ իր աշխուժ մասնակցութիւնը պիտի բերէ մեր ազգային առօրեային: Օտար լեզուով իր հայ զաւակին դիմող հայ մօր դաստիարակած մանուկը երբ մեծնայ, հայերէ՞ն պիտի խօսի, թէ՞ օտար լեզու, մեր կեանքին մէջ շատ աշխուժ ներդրում ունեցող հայ հօր ձեռքը սեղմած այդ անմեղ մանուկը արժանի յաջորդը պիտի ըլլա՞յ իր հօր, Ս. պատարագին եւ արարողութեան մասին իր մօրմէն մանրամասն տեղեկութիւններ ուզող հայ աղջնակը հասակ պիտի նետէ՞ իբրեւ հայ քրիստոնեայ, անպայման «Աստուած պապա» պատարագիչ արքեպիսկոպոսը տեսնել ուզող տղեկը արդեօք «Աստուած պապա»¬ին օրհնութեամբ հայկական իսկական ընտանիք կազմելու ուղին պիտի բռնէ՞, Յիսուս պապան չնեղացնելու համար բարի ու հնազանդ նստող մանուկը արդեօք աւելի ուշ եւս նոյն ակնածանքն ու յարգանքը պիտի ունենա՞յ Յիսուս պապային նկատմամբ եւ իր զաւակը գրկած կրկին Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցի պիտի գա՞յ…

Անպատասխան մնացող հարցումներ, սակայն հայութեան, եւ այս պարագային լիբանանահայութեան ճակատագիրին վերաբերող մտահոգութիւններ, որոնց պատասխանը միայն ու միայն հայ ազգին, Հայ դատին եւ հայ եկեղեցւոյ ի նպաստ ըլլալու բուռն փափաքով մը կը համակուիմ, կրկին կը նայիմ անմեղունակ աչքերով եւ անուշիկ ժպիտներով մանուկներուն, ներքին աղաչական ձայնով մը կը դիմեմ իրենց` հայ մնալու, հայերէն խօսելու, տէրը ըլլալու Հայ դատին ու նահատակներուն կտակին, հայ եկեղեցւոյ արժանի զաւակը ըլլալու, որովհետեւ իրենք են ապագան, իրենք են վաղուան ղեկավարներն ու գործիչները, վաղուան ուսուցիչներն ու դաստիարակները, իսկ եթէ իրենք հայկական ուղիով չքալեն, իրենց վստահուած առաքելութիւնը կիսատ կը մնայ ու կը վտանգուի հայութեան հայկական երթը…

Գունաւոր ու անուշիկ զգեստներով անմեղ հայ մանուկնե՛ր, եղէք արժանի զաւակները այն հայ եկեղեցւոյ, որուն երդիքին տակ համախմբուած էիք, հպարտութիւն ներշնչեցէք ձեր հայ ծնողներուն, որոնք ձեզ գրկած հայութեան գիրկը բերած են, ձեր մոմերէն բոցավառող լոյսը փոխանցեցէք սերունդէ¬սերունդ` իբրեւ լոյս ու յոյս համայն հայութեան:

 

 

 

Նախորդը

Ծաղկազարդը` Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

«Ազդակ» Մօտ Օրէն Պիտի Ներկայացնէ Ֆրանսայի Ներքին Տեղեկահաւաքի Կեդրոնական Տնօրէնութեան Զեկուցումը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.