Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արձագանգելով Փաշինեանի Յայտարարութեան` «Ծանօթ Չեմ «Արեւմտեան Ազրպէյճան» Հայեցակարգին» Կ՛ըսէ Փեսքով

November 21, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով չէ մեկնաբանած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները Պաքուի կողմէ առաջ քշուող «Արեւմտեան Ազրպէյճան» հայեցակարգին վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

Փաշինեան Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի նիստի բացման ընթացքին յայտնած էր. «Չափազանց կասկածելի կը թուի նաեւ այն, որ Ազրպէյճանի մէջ բարձրագոյն հովանաւորութեամբ եւ ըստ էութեան պաշտօնական մակարդակի վրայ սկսած են Հայաստանի Հանրապետութիւնը կոչել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»: Ասիկա մեզի նոր պատերազմ, Հայաստանի վրայ նոր զինուորական յարձակում կազմակերպելու նախապատրաստութիւն կը թուի եւ խաղաղութեան հոլովոյթի յառաջընթացի հիմնական խոչընդոտներէն է»:

Փեսքով պատասխանելով Փաշինեանի այդ խօսքին վերաբերեալ հարցումի մը լրագրողներուն ըսած է. «Ցաւօք, ոչինչ կրնամ ըսել, որովհետեւ պետական մակարդակով Ազրպէյճանի կողմէ նման յայտարարութիւններուն ծանօթ չեմ: Մենք բոլորովին այլ յայտարարութիւններ լսած ենք երկրի ղեկավարութենէն, Ազրպէյճանի ղեկավարութենէն, որոնք կը խօսին մէկ փուլի աւարտի եւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման պատրաստ ըլլալու մասին»:

«Հետեւաբար, պարոն Փաշինեանի յայտարարութեան այս հատուածին մասին որոշակի որեւէ բան չեմ կրնար ըսել», աւելցուցած է Ռուսիոյ նախագահի բանբերը:

Նախորդը

Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած Անդրանիկ Մսըրլեանին

Յաջորդը

Ազրպէյճան Կալանաւորած Եւ Մեղադրանք Առաջադրած Է Արցախի Բնակիչ Ռաշիտ Բեգլարեանին

RelatedPosts

ԵԱՏՄ-ի Մէջ Ներկայացուցին Հայաստանի  Անդամակցութեան Կասեցման  Հետեւանքներուն Մասին Զեկուցումը
Գլխաւոր լուրեր

ԵԱՏՄ-ի Մէջ Ներկայացուցին Հայաստանի Անդամակցութեան Կասեցման Հետեւանքներուն Մասին Զեկուցումը

October 21, 2026
Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը  ՔՈՓ17-ի Մասնակիցներուն Կոչ Ուղղեց`  Ուշադրութիւն Դարձնելու  Արցախահայութեան Իրաւունքներուն
Հայկական

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը ՔՈՓ17-ի Մասնակիցներուն Կոչ Ուղղեց` Ուշադրութիւն Դարձնելու Արցախահայութեան Իրաւունքներուն

October 21, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացումը  Պիտի Ընդգրկուի Ազգային Ժողովի Օրակարգին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացումը Պիտի Ընդգրկուի Ազգային Ժողովի Օրակարգին Մէջ

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.