Այսօր Անգլիոյ ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով, ժամը 7:30-ին, Նիւքեսըլ պիտի հիւրընկալէ Արսենալը: 6-րդ դիրքը գրաւող Նիւքեսըլ, որ 17 կէտեր ունի, պիտի մրցի Արսենալի դէմ, որ 2-րդ դիրքին վրայ է 24 կէտերով: Նիւքեսըլ շաբթուան կիսուն 3-0 արդիւնքով յաղթած էր Մանչեսթըր Եունայթըտին բաժակի գծով, մինչ Արսենալ նոյն արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Ուեսթ Համէն:
Ստորեւ` յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
Ֆուլհամ – Մանչեսթըր Եունայթըտ
Պրենթֆորտ – Ուեսթ Համ
Էվըրթըն – Պրայթըն
Պըրնլի – Քրիսթըլ Փելես
Մանչեսթըր Սիթի – Պորնմաութ
Շեֆիլտ Եունայթըտ – Վուլվզ
Նիւքեսըլ – Արսենալ
ՎԱՂԸ
Նոթինկհամ Ֆորեսթ – Ասթոն Վիլա
Լիւթըն – Լիվըրփուլ
ԳԵՐՄԱՆԻԱ
«Պունտըսլիկա»-ի 10-րդ հանգրուանի կարեւորագոյն մրցումը` «տեր քլասիքըր», իրար դէմ պիտի հանէ Պորուսիա Տորթմունտը եւ Պայերն Միւնիխը: Սիկնալ Իտունա (Տորթմունտ) դաշտը կ՛ընդունի Պայերն Միւնիխը, որ բաւական վատ օրերու մէջ է: Անցեալ շաբաթավերջին 8-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Տարմշթատի, Պայերն 3-րդ դասակարգէն խումբէ մը (Զաարպրիւքըն) դուրս մնաց բաժակէն, եւ վիրաւոր մը եւս աւելցաւ իր ցանկին վրայ, երբ Նետերլանտներու պաշտպան Մաթայս տը Լիխթ վիրաւորուեցաւ: Եոշուա Քիմիչ կարմիր քարտով կախակայուած է. Կորեցքա, Կնապրի, Ուփամեքանօ եւ ինչպէս ըսինք տը Լիխթ վիրաւոր են: Ճնշումը մարզիչ Թուխելի վրայ է, որ նախապէս մարզած է նաեւ Տորթմունտը (2015-էն 2017):
Ստորեւ` յայտագիրը.
Ունիոն Պերլին – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ
Ֆրայպուրկ – Մէօնշընկլատպախ
Մայնց – Լայփցիկ
Հոֆընհայմ – Պայեր Լեւերքուզըն
Քէօլն – Աուկզպուրկ
Տորթմունտ – Պայերն Միւնիխ
ՎԱՂԸ
Վոլֆսպուրկ – Վերտըր Պրեմըն
Հայտընհայմ – Շթութկարթ
Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենան հետեւեալ ճակատումները:
Օսասունա – Ժիրոնա
Ռէալ Պեթիս – Մայորքա
Սելթա – Սեւիա
Ռէալ Սոսիետատ – Պարսելոնա
ՎԱՂԸ
Ալավես – Ալմերիա
Վալենսիա – Կրանատա
Վիարէալ – Աթլեթիքօ Պիլպաօ
Ռէալ Մատրիտ – Ռայօ Վայեքանօ
ԻՏԱԼԻԱ
«Սերի Ա.»-ի 11-րդ հանգրուանին տեղի կ՛ունենան հետեւեալ մրցումները.
Սալերնիթանա – Նափոլի
Աթալանթա – Ինթեր Միլան
Ա. Սէ. Միլան – Ուտինեզէ
ՎԱՂԸ
Վերոնա – Մոնզա
Քալիարի – Ճենովա
Ա. Էս. Ռոմա – Լեչէ
Ֆիորենթինա – Եուվենթուս
ՖՐԱՆՍԱ
«Լիկ 1»-ի 11-րդ հանգրուանին տեղի կ՛ունենան հետեւեալ մրցումները.
Լորիան – Լանս
Մարսէյ – Լիլ
ՎԱՂԸ
Լիոն – Մեց
Սթրազպուրկ – Քլերմոն
Նանթ – Ռենս
Թուլուզ – Լը Հաւր
Մոնաքօ – Պրեսթ
Նիս – Ռեն