Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն. «Իսրայէլի Անվտանգութեան Միակ Ուղին Պաղեստինեան Պետութիւնն Է»

Նոյեմբեր 4, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն 7 հոկտեմբերին պաղեստինեան Համաս շարժումին կողմէ «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան շղթայազերծումէն ի վեր երրորդ անգամն ըլլալով այցելեց Իսրայէլ, ուր հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի, Իսրայէլի նախագահ Եիցհաք Հերցոկի եւ իսրայէլեան սեղմ նախարարաց խորհուրդին հետ:

Նեթանիահուի գրասենեակէն աղբիւրներ յայտնեցին. «Կազա վառելանիւթ մտցնելու արգելքի կեցուածքին մէջ փոփոխութիւն չկայ, եւ հարցը հանդիպումի ընթացքին չարծարծուեցաւ»:

Պլինքըն Իսրայէլի նախագահին հետ հանդիպումի ընթացքին վերահաստատեց Իսրայէլի նկատմամբ իր երկրին զօրակցութիւնը:

Պլինքըն Իսրայէլի մէջ յայտարարեց. «Իսրայէլի անվտանգութեան միակ ուղին պաղեստինեան պետութիւնն է»:

Ան նախքան Իսրայէլ ուղղուիլը յայտնած էր. «Թել Աւիւի մէջ պիտի քննարկեմ Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքն ու Կազայի մէջ քաղաքայիններուն մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարման հարցը»:

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր ՍՖիան Քատաթ յայտնեց. «Փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատին շաբաթ օր Ամմանի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ»:

«Սաֆատի իր ամերիկացի պաշտօնակիցին հետ պիտի քննարկէ Կազայի մէջ տիրող աղէտալի կացութիւնը եւ պիտի ընդգծէ այդ տարածքին դէմ իսրայէլեան պատերազմը անմիջապէս դադրեցնելու աշխատանքի, Կազա մարդասիրական օգնութիւններու շտապ մատակարարման, քաղաքայինները պաշտպանելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի միջազգային օրէնքին, միջազգային մարդասիրական օրէնքին յանձնառութեան եւ անոնց շարունակ ոտնահարումը դադրեցնելու կարեւորութիւնը», ըսաւ ան:

Քատաթ նշեց, որ յորդանանեան դիւանագիտութեան պետը կը շարունակէ իր շրջանային ու միջազգային հաղորդակցութիւնները զինադադարի հաստատման եւ մարդասիրական աղէտին վերջ տալու միջազգային ազդու քայլ ձեւաւորելու համար, ինչպէս նաեւ զգուշացնելու, թէ այս պատերազմն ու Իսրայէլի` հազարաւոր պաղեստինցի քաղաքայիններ սպաննելու արարքները չդադրեցնելը ամբողջ շրջանը արագ կերպով դէպի շրջանային պատերազմ կը մղէ, եւ կը սպառնայ միջազգային անվտանգութեան ու խաղաղութեան:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Փաթրիք Ռայտըր յայտնեց. «Մենք չենք աջակցիր (Կազայի մէջ) զինադադարի հաստատման, ատիկա Համասին ժամանակ պիտի տայ վերախմբուելու, ինչ որ անգամ մը եւս պիտի վտանգէ Իսրայէլի ժողովուրդը եւ միւսները»:

Ռայտըր միեւնոյն ժամանակ յիշեցուց, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները կ՛աջակցին պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի գօտիին մէջ շարք մը մարդասիրական զինադադարներու սահմանման գաղափարին` Կազա անհրաժեշտ օգնութիւն հասցնելու եւ մարդիկը, ներառեալ գերիները Կազայէն դուրս բերելու համար:

Փենթակոնի բանբերը աւելցուց, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ Իսրայէլի հետ շարունակաբար քննարկել պատերազմի կանոններուն հետեւելու անհրաժեշտութեան հարցը:

Համասի քաղաքական գրասենեակի անդամ Ղազի Համատ «Էն.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ պաղեստինեան շարժումը պատրաստ է Իսրայէլի հետ գերիներու փոխանակման հարցին մէջ «լիարժէք փոխզիջումին»:

«Մենք կ՛ուզենք, որ այս մարդիկ տուն երթան: Մենք նաեւ կ՛ուզենք, որ մեր բանտարկեալները տուն գան: Այսպիսով, ես կը կարծեմ, որ այժմ մենք պատրաստ ենք ամբողջական փոխզիջումի, համաձայնութեան, որպէսզի բոլոր պատանդները` զինուորականները եւ քաղաքային անձերը, ազատ արձակուին, որ Իսրայէլի բանտերուն մէջ պահուող բոլոր բանտարկեալները ազատ արձակուին», ըսած է ան:

Շարժումի ներկայացուցիչը աւելցուց, որ Համաս մտադիր է շարունակել «բռնագրաւումին դէմ» պայքարը:

«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն չի կարծեր, որ Իսրայէլ Կազայի մէջ կ՛անտեսէ միջազգային մարդասիրական օրէնքի արժեչափերը:

Լրագրողները Քըրպիի ուշադրութիւնը հրաւիրած են այն փաստին վրայ, որ Պայտըն իր յայտարարութիւններուն մէջ յաճախ Իսրայէլին կոչ կ՛ուղղէ` պահպանելու «պատերազմի միջազգային օրէնքները»: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ատիկա կը նշանակէ՞, թէ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարին կարծիքով` իսրայէլեան կողմը չի հետեւիր այդ օրէնքներուն ան ըսած է «Ո՛չ»` միեւնոյն ատեն նշելով, որ Ուաշինկթըն կ՛ակնկալէ, որ Իսրայէլ, Համասի դէմ զինուորական գործողութիւն կատարելու ընթացքին «կարելի ամէն բան պիտի ընէ Կազայի խաղաղ բնակչութեան մօտ զոհերը նուազագոյնի հասցնելու համար»:

Ան նաեւ ըսաւ, որ չկայ որեւէ ցուցանիշ, թէ Հըզպալլան պատրաստ է «իր ամբողջ ուժով մտնելու» Իսրայէլի դէմ ներկայ տագնապին մէջ:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը նախապէս «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած էր, թէ ամերիկեան հետախուզութեան գնահատականը ցոյց կու տայ, թէ Իրանն ու անոր կամակատարները, ներառեալ Հըզպալլան կը ջանան խուսափիլ Իսրայէլի հետ աւելի լայնածաւալ պատերազմէ մը:

Իրաքեան Սատերական հոսանքի ղեկավար սէյիտ Մուքթատա Սատըր երէկ Լիբանանի, Յորդանանի, Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ կոչ ուղղեց` իր համակիրներուն արտօնել Պաղեստինի հետ այդ երկիրներու սահման հասնելով «միլիոնաւոր նստացոյց» կատարելու եւ Կազա մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շեշտեց. «Կազայի մէջ ամբողջ 28 օրէ ի վեր մարդկութեան դէմ ոճիր տեղի կ՛ունենայ, եւ ոչինչ կայ, որ այդ վայրագութիւնը կ՛արդարացնէ»:

Ան Ասթանայի մէջ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Թրքական աշխարհի միասնական աշխատանքը կը դիւրացնէ նախ եւ առաջ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ուղին եւ հետագային Միջին Արեւելքի մէջ մնայուն խաղաղութեան հաստատումը»:

«Այս ծիրին մէջ խաղաղութեան միջազգային խորհրդաժողովի գումարման ճամբան հարթելու համար Թուրքիոյ ջանքերը կը շարունակուին», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Կ՛աշխատինք Միջին Արեւելքի մէջ տագնապի լուծման նոր մեքանիզմի վրայ, որ կ՛երաշխաւորէ բոլորին անվտանգութիւնը` անկախ անկէ, թէ իսլամ են, քրիստոնեայ կամ հրեայ»:

«Ռոյթըրզ», յղում կատարելով ամերիկեան վարչակազմի աղբիւրներուն, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ անօդաչու թռչող սարքեր կ՛օգտագործեն Կազայի մէջ գերիները որոնելու համար:

Աղբիւրներուն տեղեկութիւններով` ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործումով գերիներու որոնողական աշխատանքները առնուազն մէկ շաբաթէ ի վեր կը շարունակուին: Ամերիկեան վարչակազմը, ըստ «Ռոյթըրզ»-ին, կը կարծէ, որ Համասի զինեալներուն Իսրայէլ գրոհելէն ետք անյայտ կորսուած 10 ամերիկացի քաղաքացիները կրնան պաղեստինեան կողմին մօտ գերի պահուող աւելի քան 200 գերիներու շարքին ըլլալ:

Նախորդը

Իրաքի Մէջ Իսլամական Դիմադրութիւն. «Յառաջիկայ Շաբաթ Շրջանին Մէջ Թշնամիի Ռազմակայաններուն Դէմ Աւելի Ուժեղ Եւ Լայնածաւալ Դիմակայման Փուլ Պիտի Սկսինք»

Յաջորդը

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծին Վրայ Փոխադարձ Ռմբակոծումները Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?