Իրաքի մէջ Իսլամական դիմադրութիւնը երէկ արշալոյսին յայտարարեց, որ յառաջիկայ շաբաթ «շրջանին մէջ թշնամիի ռազմակայաններուն դէմ աւելի ուժեղ ու լայնածաւալ դիմակայման փուլ» պիտի սկսի` զօրակցելու համար Պաղեստինին եւ «նահատակներուն վրէժը լուծելու համար»:
Իրաքի մէջ իսլամական դիմադրութիւնը հինգշաբթի երեկոյեան յայտարարած էր, որ Սեւ ծովու ծովեզերքին վրայ Իսրայէլի «կենսական թիրախ մը» հարուածած է` հակադարձելով պաղեստինցի քաղաքայիններուն, երեխաներուն, կիներուն ու տարեցներուն դէմ Իսրայէլի շարունակուող ջարդերուն:
Նշենք, որ երէկ նաեւ յայտարարուեցաւ, որ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան «Թանֆ» ռազմակայանը յարձակումի ենթարկուած է երկու անօդաչու թռչող սարքերով, որոնք իրենց թիրախներուն ուղղակի հարուած հասցուցած են: