Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը յայտարարած է լիարժէք գործառնական կարողութեան մասին` Եղէգնաձորի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի ներկայութեամբ շտապ բանալէ ետք:
Այս մասին առաքելութիւնը յայտնած է «Էքս» ընկերային ցանցին վրայ գրառման ճամբով:
Առաքելութեան գրառումին մէջ կը նշուի, որ փետրուարին առաքելութեան մեկնարկէն ի վեր աւելի քան 1000 պարեկութիւն կատարուած է Ազրպէյճանի հետ Հայաստանի սահմանին երկայնքին:


