Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն Այսօր Մէկ Ամսուան Մէջ Երկրորդ Անգամ Ըլլալով Կ՛այցելէ Իսրայէլ

Նոյեմբեր 3, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն այսօր մէկ ամսուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով կ՛այցելէ Իսրայէլ:

Պլինքըն արդէն նախապէս 12 հոկտեմբերին այցելած էր Իսրայէլ, ապա Սէուտական Արաբիա, Յորդանան, Քաթար, Պահրէյն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Եգիպտոս, իսկ 18 հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն այցելած էր Իսրայէլ: Օրին Յորդանանի մէջ վերջինիս Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահին, Յորդանանի թագաւորին եւ Եգիպտոսի նախագահին հետ քառակողմ վեհաժողովը եւ ընդհանրապէս Յորդանան այցելութիւնը ջնջուած էր:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Պլինքըն 2-10 նոյեմբերին պիտի այցելէ Իսրայէլ, Յորդանան, Ճափոն, Հարաւային Քորէա եւ Հնդկաստան:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Պլինքըն մտադիր է Թել Աւիւի մէջ յայտարարել, թէ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին ահաբեկչութենէն ինքնապաշտպանուելու Իսրայէլի իրաւունքին, ինչպէս նաեւ քննարկել Ուաշինկթընի ջանքերը` ապահովելու ամերիկացի քաղաքացիներու անվտանգութիւնը, գերիները ազատելը եւ Կազա մարդասիրական օգնութեան մատակարարումը մեծցնելը:

Յորդանանի մէջ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը կը նախատեսէ քննարկել Կազայի մէջ մարդասիրական կացութիւնն ու Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղ կարգաւորման հեռանկարները:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանի քաղաքական հարցերու վերլուծաբան Տանա Վայս յայտնեց. «(Իսրայէլեան) քաղաքական մեծ աղբիւրներ կը գիտակցին, որ առնուազն ամերիկեան կողմին համար աւազի ժամացոյցը շրջուեցաւ», այսինքն` յետհաշուարկը սկսաւ:

«Ամերիկեան ճնշումը շատ աւելցաւ: Պլինքընի եւ Նեթանիահուի, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան նախարարի (Լոյտ Օսթինի) եւ Կալանթի (Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար, «Ա.») միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ, ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու այցելութիւններ կ՛ըլլան, ասոնց գագաթնակէտը պիտի ըլլայ ուրբաթ օր, երբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Իսրայէլ այցելէ»:

«Այն, ինչ որ ամերիկացիները կը մտահոգէ, նախ եւ առաջ Կազայի մէջ մարդասիրական կացութեան հարցն է, եւ անշուշտ պիտի արծարծուի վառելանիւթի թղթածրարը, իսկ երկրորդը քաղաքայիններուն հասցուած վնասն է», ըսաւ ան:

«Այն, ինչ որ ամերիկացիները կը մտահոգէ, եւ Պլինքըն այստեղ ատիկա պիտի ըսէ, այն է, թէ իրենք չեն հասկնար, թէ Իսրայէլ ի՛նչ կ՛ուզէ եւ դէպի ո՛ւր կ՛ուղղուի: Անոնք նաեւ կ՛ուզեն Յորդանանի եւ Եգիպտոսի վրայ ազդեցութիւն բանեցնել», նշեց իսրայէլացի քաղաքական վերլուծաբանը:

Ան նաեւ նշեց, թէ ամերիկացիները կը վախնան ներքաշուելէ շրջանային ճակատամարտի մը մէջ, որ չէն ուզեր, ուստի անոնք «այստեղ կ՛ուզեն գալ եւ Իսրայէլին ըսել. «Ուշադիր եղէք, դուք ճիշդ ուղղութեամբ չէք ընթանար, եւ անվերջ ժամանակ չունիք»:

«Միւս կողմէ, պէտք է հասկնալ, որ ամերիկացիներուն հետ այս պահուս դիմակայութիւնը պարզ հարց չէ, մանաւանդ նկատի ունենալով այն աջակցութիւնը, որ մեզի կը տրամադրեն, որովհետեւ Իսրայէլ կրնայ շրջանային ճակատամարտի մը մէջ առանձին գտնուիլ Իրանի դիմաց», աւելցուց իսրայէլացի վերլուծաբանը:

«Էյ.Պի.Սի. նիուզ» կայքը քանի մը օր առաջ, յղում կատարելով ամերիկացի պաշտօնատարի մը, հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգներ իսրայէլացիներուն յայտնած են, որ «կը շարունակեն համոզուած չըլլալ, թէ անոնք (իսրայէլացիները, «Ա.») Կազայի մէջ իրագործելու լաւ ծրագիր մը կրնան ունենալ»: Պաշտօնատարը նաեւ յայտնած էր, թէ Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլէն պահանջած էին աւելի լաւ վարուիլ «պատանդներու հարցին եւ Կազայի մէջ մարդասիրական կացութեան հետ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Մինիսոթա նահանգի Մինէափոլիս քաղաքին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած էր. «Ես կը կարծեմ, որ մեզի դադար մը անհրաժեշտ է: Դադարը կը նշանակէ ժամանակ ստանալ գերիները ազատելու համար»: Ներկաներէն ռաբբի կին մը` «Հրէական ձայն յանուն խաղաղութեան» կազմակերպութեան գործիչ Ճեսիքա Ռոզենպըրկ ընդմիջած էր անոր խօսքը` բացագանչելով. «Պարոն նախագահ, եթէ դուք անտարբեր չէք հրեայ ժողովուրդի հանդէպ, ապա ես` իբրեւ ռաբբի, կը խնդրեմ ձեզմէ զինադադարի կոչ ուղղել»:

Նշենք, որ ամերիկեան իշխանութիւնները կ՛առարկեն, թէ լիարժէք զինադադարը Համաս շարժումին շնչելու ժամանակ պիտի տայ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան երէկ յայտնեց. «Կազայի մէջ քանի մը օրուան համար ժամանակաւոր զինադադար հաստատելու ծրագիր գոյութիւն ունի, եւ այդ ժամանակաւոր զինադադարի լոյսին տակ, մարդասիրական օժանդակութիւններ լայնածաւալ կերպով մուտք պիտի գործեն Կազա: Եւ տեսնենք, եթէ տեղի կ՛ունենայ երկու կողմերէն քաղաքային գերիներու, ներառեալ սիոնական գոյացութեան բանտերէն բոլոր պաղեստինցի կին գերիներու ազատ արձակումը»:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Տանիէլ Հակարի յայտնեց. «Կազայի մէջ զինուորական գործողութիւնը կ՛ընթանայ ըստ ծրագիրին, եւ աշխատանք կը տանինք զայն խորացնելու»:

«Կազայի մէջ դէմ առ դէմ կռիւ կը մղենք, եւ բազմաթիւ զինեալներ սպաննեցինք», աւելցուց ան:

Իսրայէլեան բանակի բանբերը նաեւ յայտնեց. «Պատրաստ ենք ուժեղ կերպով հակադարձելու բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն հիւսիսէն մեր ուղղութեամբ յառաջանալու»` աւելցնելով. «Պիտի շարունակենք մեր հիւսիսային ցամաքային, ծովային եւ օդային սահմանները պաշտպանել»:

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի երէկ յայտարարեց. «Կազայի մէջ սիոնականներու ոճիրներ գործելուն գլխաւոր պատճառը Ամերիկան է»:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Փոլիթիքօ»-ին յայտնեց. «Ամերիկեան վարչակազմին կարծիքով` Նեթանիահուի պաշտօնավարման սահմանափակ օրեր մնացած են»: «Տը Էքոնոմիսթ» իր կարգին գրեց. «Նեթանիահուն` սխալ մարդը, սխալ տեղը, սխալ պահուն»:

Իրանեան լաւատեղեակ աղբիւր մը «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնած է, թէ Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը իր երեքշաբթի-չորեքշաբթի գիշերուան ժողովին որդեգրած է «Քուտս ջոկատ»-ի հրամանատար Իսմայիլ Քաանիի` Թեհրանի դաշնակիցներուն կողմէ շրջանի բոլոր ճակատներուն վրայ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու դէմ մագլցողական քայլերու դիմելու առաջարկը` ստիպելու համար, որ վերջիններս Կազայի մէջ զինադադար հաստատեն:

Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ Հըզպալլան ամերիկացիներուն փոխանցած է զգուշացում մը, որ Իսրայէլ պէտք է դադրեցնէ Կազայի եւ Լիբանանի դէմ իր յարձակումները, եւ անոնց մինչեւ երէկ գիշեր` նախքան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի այսօր նախատեսուած պատկերասփռուած ուղերձը պայմանաժամ ճշդած է:

Աղբիւրը յայտնած է, որ Քաանի ժողովի ընթացքին շեշտած է, որ եթէ Իրանի դաշնակիցները պաղեստինցի ժողովուրդին աջակցելու համար ճակատումին մէջ չմտնեն, ապա կրնան իրենց հաւաստիութիւնն ու համակիրները կորսնցնել, իսկ Թեհրան պիտի կորսնցնէ «7 հոկտեմբերի յարձակումէն ետք իր շահած իսլամական ժողովրդային զօրակցութիւնը»:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց. «Եգիպտոս կը պատրաստուի ընդունելու 7000 օտարներ, որոնց կը նախատեսուի Ռաֆահ սահմանային անցքին ճամբով Կազայէն հեռացնել»:

Նախարարութիւնը նշեց, որ այդ օտարներուն թիւը շուրջ 7000 է, եւ անոնք աւելի քան 60 պետութեան քաղաքացիներ են:

Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն 7 հոկտեմբերէն ի վեր երրորդ անգամ ըլլալով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ եւ զեկուցած մարտերու առնչուած կացութեան մասին:

Նեթանիահուն «շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին` Իսրայէլի պետութեան շարունակական աջակցութեան համար»:

Գերմանիոյ վարչապետը իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով նշած է, որ Իսրայէլի վարչապետին հետ քննարկած են Իսրայէլի եւ Կազայի մէջ տիրող կացութիւնը:

«Մենք կ՛ուզենք աշխատիլ տագնապին տարածումը կանխարգիլելու ուղղութեամբ», գրած է Շոլց` ողջունելով նաեւ վիրաւորներու Կազայէն Եգիպտոս տեղափոխումը:

Պահրէյնի խորհրդարանը երէկ յայտարարեց, որ Իսրայէլի դեսպանը հեռացած է երկրէն, Իսրայէլի մէջ Պահրէյնի դեսպանը տուն կանչուած է, իսկ Իսրայէլի հետ տնտեսական յարաբերութիւնները դադրեցուած են:

Նախորդը

Ապտոլլահեան. «Էրտողան Ընդունեց Իսլամական Պետութիւններու Ղեկավարներու Ժողով Գումարելու Ռայիսիի Գաղափարը

Յաջորդը

Բախումներու Սաստկացման Զուգահեռ. Սերտ Ճիգեր` Շրջանային Ընդհանուր Պատերազմի Մղձաւանջը Վանելու Առնչութեամբ

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?