ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը եւ անձնակազմը խոր կսկիծով կը գուժեն 1983-2006 տարիներու Ճեմարանի արաբերէն լեզուի եւ գրականութեան վաստակաշատ ուսուցիչ
ԺՈԶԵՖ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 28 հոկտեմբեր 2023-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Վերա Եագուպեան
Տիար Գէորգ Եագուպեան
Տիար Արամ Ջուլհաճեան
Տիար Ալեքսան Ջուլհաճեան
Տէր եւ տիկին Համբիկ Ջուլհաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արա Ղազարեան եւ զաւակունք
Եագուպեան եւ Ջուլհաճեան ընտանիքներ
Ղազարեան եւ Անտելեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ՇԱՆԹ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 27 հոկտեմբեր 2023-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ շաբաթ, 28 հոկտեմբեր 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԽՄԲԵՐԳԱՅԻՆ ԱՐՈՒԵՍՏԸ 1920-2020»
Հեղինակ` ՌՈՒԲԻՆԱ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ-ԱՐԹԻՆԵԱՆ
Խմբագիր` ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Հայկազեան համալսարանի տպարան
Պէյրութ, 2023
—————————————
ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ
2023-2024 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ
Ոսկեբերան Արզումանեանի ընտանիքը` ընդառաջելով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի փափաքին, կաթողիկոսարանին մօտ 2007-ին հաստատած է կրթական հիմնադրամ մը` հանգուցեալին անունով:
Հիմնադրամին նպատակն է նիւթապէս օժանդակել Ազգային եւ հայկական վարժարաններու աւարտական երեք դասարաններէն փայլուն եւ կարիքաւոր աշակերտներու, որպէսզի անոնք կարենան իրականացնել իրենց ձգտումները եւ կերտեն ակադեմական յաջող ապագայ:
Դիմել ցանկացող աշակերտները իրենց դիմումները պէտք է ուղարկեն fund@vosgueperan-arzoumanian.com ե-նամակի հասցէին, մինչեւ 30 հոկտեմբեր 2023:
Նախապէս յայտնենք, թէ այն աշակերտը, որ կը ստանայ այս թոշակը, ապագային պիտի ունենայ երկու պարտաւորութիւններ.
– նախ` համալսարանական տարիներու ընթացքին անդամագրուի Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ):
– ապա համալսարանը աւարտելէ ետք, հիմնադրամէն օգտուած տարիներուն համապատասխան, նոյնքան ժամանակ պէտք է սիրայօժար եւ առանց եկամուտի, ծառայէ հայկական ազգային ոեւէ հաստատութեան կամ միութեան մը մէջ, իր փափաքին համաձայն, ըլլայ Լիբանանի մէջ կամ այլուր: Այս կէտը կը կարեւորէ այն, որ ուսանողը գիտակցի, թէ պէտք է ծառայէ իր ազգին կամ գաղութին: