ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերներէն
ՇԱՆԹ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 27 հոկտեմբեր 2023-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կը գուժէ Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ
ՇԱՆԹ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 27 հոկտեմբեր 2023-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Վերա Եագուպեան
Տիար Գէորգ Եագուպեան
Տիար Արամ Ջուլհաճեան
Տիար Ալեքսան Ջուլհաճեան
Տէր եւ տիկին Համբիկ Ջուլհաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արա Ղազարեան եւ զաւակունք
Եագուպեան եւ Ջուլհաճեան ընտանիքներ
Ղազարեան եւ Անտելեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ՇԱՆԹ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 27 հոկտեմբեր 2023-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 28 հոկտեմբեր 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը եւ ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքը խոր կսկիծով կը գուժեն ԼՕԽ-ի բարերարներէն Վարդան Խաչանեանի որդւոյն`
ՀՐԱՉ ԽԱՉԱՆԵԱՆԻ
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ Փարիզի մէջ:
Խորին ցաւակցութիւններ` հարազատներուն:
—————————————
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ այս տարի` 29 հոկտեմբեր 2023-ին, Գիւտ խաչի կիրակին, մեծ հանդիսութեամբ պիտի նշուի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Այս առիթով տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ եւ աւանդական մատաղի օրհնութիւն:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմին
Սուրբ պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 10:30-ին
Մատաղօրհնէք` ժամը 11:30-ին
Կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ իր ներկայութեամբ ու մասնակցութեամբ վերանորոգուի եւ հաղորդուի օրուան սուրբ խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Սեւան Պաղճեան իրենց ծնողներուն` Մինաս եւ Սրբուհի Մարթայեանի յիշատակին կը ստանձնեն օրուան մը ճաշի ծախսը` 300 տոլարով:
5 նոյեմբեր 2023


