ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Մարի-Լիւսի Կէօչերեան-Գալուստեան
Տէր եւ տիկին երկրաչափ Մարտիրոս եւ երկրաչափ Ապիր Մահֆուզ-Գալուստեան եւ զաւակները` Աննայ Սարա եւ Մաթիաս
Տէր եւ տիկին տոքթ. Մարք եւ տոքթ. Քլեր Հաշեմ-Գալուստեան եւ զաւակները` Թոմաս-Հրանդ եւ Էմմա
Տիկին Այտա Մարգարեան
Տիկին Ժօէյլ Մարգարեան-Հաժ
Գալուստեան եւ Կէօչերեան ընտանիքներ
Մահֆուզ եւ Հաշեմ ընտանիքներ
Մարգարեան եւ Աբանեան ընտանիքներ
Աղաճանեան եւ Նազարեան ընտանիքներ
Թորոսեան եւ Ֆէրէշէթեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, կեսրայրին, մեծ հօր եւ հարազատին`
ՓՐՈՖ. ՀՐԱՆԴ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆԻ
(Սեն Ժոզեֆ համալսարանի ատամնաբուժական բաժինի նախկին փոխտնօրէն)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 24 հոկտեմբեր 2023-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 26 հոկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին ուրբաթ, 27 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
—————————————
ԱԶԴԱՐԱՐԱԳԻՐ-ԿՈՉՆԱԳԻՐ
Ազնուափայլ տիկին Թալին Կարապետ Մխճեան,
Լիբանանի հայոց թեմի Դատաստանական խորհուրդը իր ուրբաթ, 20 հոկտեմբեր 2023-ի նիստին զբաղեցաւ ձեր ընտանեկան հարցով:
Սոյն ազդարարագիրով ձեզ կը հրաւիրենք Դատաստանական խորհուրդի նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 17 նոյեմբեր 2023-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ, պաշտպանելու համար ձեր դատը անձամբ կամ փոխարինող անձի միջոցով:
Չներկայանալու պարագային, ձեր բացակայութիւնը ներկայութեան համազօր պիտի նկատուի եւ արձակուի համապատասխան վճիռ:
ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
FOR THE ARMENIAN CAUSE
ZAVEN MESSERLIAN
BEIRUT
2023