Շթութկարթի կոլսքորըր Սերհու Կուիրասի (Կինէ) շահեցաւ Պունտըսլիկայի (Գերմանիոյ ախոյեանութեան) սեպտեմբեր ամսուան լաւագոյն մարզիկի մրցանակը:
Ան 10 կոլ նշանակեց մինչեւ օրս, եւ սեպտեմբերին միայն իր 7 կոլերը եւ 1 էսիսթը պատճառ էին, որ շահի: Այս մրցանակը 2018-ին սկսաւ, եւ ուր նկատի կ՛առնուի մարզիկին կոլ նշանակելու թէ օգնելու ունակութիւնը, նկատի կ՛առնուին նաեւ մասնագէտներու եւ համակիրներու քուէները: 27 տարեկան Կուիրասի Պունտըսլիկայի մէջ հաստատ քայլերով կը քալէ եւ պատմութեան միայն 2-րդ ֆութպոլիստն է, որ 10 կոլ կը նշանակէ առաջին 5 մրցումներուն: Ռոպերթ Լեվանտովսքի նախապէս Պայերնի հետ 41 կոլ նշանակած էր 2020-2021 եղանակին:
Այլ թեկնածուներ էին Պայեր Լեւերքուզընի մարզիկներ Վիքթոր Պոնիֆաս եւ Ալեխանտրօ Կրիմալտօ, ինչպէս նաեւ Պայերն Միւնիխի մարզիկ Հերի Քէյնը եւ Շթութկարթէն Քրիս Ֆիւրիքն ու Պայերնի մարզիկ Լիրոյ Սանէն: