Հոլանտացի մարզիչ Էրիք Թեն Հակ իր խումբին մէջ պիտի չունենայ պրազիլցի միջնապահ Քազեմիրոն այսօրուան Մանչեսթըր Եունայթըտի մրցումին` Շեֆիլտ Եունայթըտի դաշտին վրայ:
Քազեմիրօ ազգային խումբին հետ թեթեւօրէն վիրաւորուած է եւ ներկայ պիտի չըլլայ Պրամըլ Լէյնի մէջ տեղի ունենալիք այսօրուան մրցումին:
Ան կը մնայ Պրազիլ` «հանգիստ» ընելու, բայց կը սպասուի, որ յառաջիկայ շաբաթ վերադառնայ Եունայթըտի փորձի կեդրոն` Քարինկթըն:
31 տարեկան Քազեմիրօ, որ արդէն Էֆ. Սի. Քոփենհակընի դէմ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումէն ալ կախակայուած էր (հոկտեմբեր 24), որովհետեւ կարմիր քարտ մը ստացած էր Կալաթասարայ խումբի դէմ մրցումին:
Ասիկա կը նշանակէ, թէ ան պիտի վերադառնայ Մանչեսթըր Սիթիի դէմ «տերպի» մրցումին Օլտ Թրաֆորտի մէջ, 29 հոկտեմբերին:
Թեն Հակ քիչ մը աւելի լաւ լուրեր ստացաւ Սոֆիան Ամրապաթի եւ Սերժիօ Ռեկոփոնի մասին, որոնք փորձերու վերադարձան հինգշաբթի օր:


