Անգլիոյ ախոյեանութեան `«Փրեմիեր լիկ»-ի 9-րդ հագրուանին գծով, այսօր ժամը 2:30-ին տեղի կ՛ունենայ Լիվըրփուլ քաղաքի տերպին` Լիվըրփուլի եւ Էվըրթընի միջեւ:
Լիվըրփուլ աւելի լաւ վիճակի մէջ է եւ 17 կէտերով կը գրաւէ 4-րդ դիրքը, մինչ Էվըրթըն 16-րդ դիրքին վրայ է 7 կէտերով:
Աւելի ուշ ժամը 7:30-ին Լոնտոնի տերպին իրարու դէմ պիտի հանէ Չելսին եւ Արսենալը: Չելսի 11-րդ դիրքը կը գրաւէ 11 կէտերով, մինչ Արսենալ այլ լոնտոնեան ակումբի` Թոթենհամի ետին (միայն կոլ-էվըրէյճով) կը գրաւէ 2-րդ դիրքը:
Ստորեւ կարեւորագոյն մրցումներուն յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
Լիվըրփուլ – Էվըրթըն
Նիւքեսըլ – Քրիստըլ Փելես
Մանչեսթըր Սիթի – Պրայթըն
Չելսի – Արսենալ
Շեֆիլտ Եունայթըտ – Մանչեսթըր Եունայթըտ
ՎԱՂԸ`
Ասթոն Վիլա – Ուեսթ Համ
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Թոթենհամ – Ֆուլհամ
ԳԵՐՄԱՆԻԱ
«Պունտըսլիկա»-ի 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, 7-րդ դիրքը գրաւող Վոլֆսպուրկ պիտի հիւրընկալէ առաջին դիրքը գրաւող Պայեր Լեւերքուզընը, 13-րդ դիրքը գրաւող Ունիոն Պերլին պիտի հիւրընկալէ 2-րդ դիրքը գրաւող Շթութկարթը, իսկ 17-րդ դիրքը գրաւող Մայնց` 3-րդ դիրքը գրաւող ախոյեան Պայէրն Միւնիխը:
ՍՊԱՆԻԱ
«Լա լիկա»-ի 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն 14-րդ դիրքը գրաւող Սեւիա պիտի հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը, մինչ Պարսելոնա կը հիւրընկալէ 5-րդ դիրքը գրաւող Աթլեթիք Պիլպաոն:
ԻՏԱԼԻԱ
«Սերի Ա.»-ի 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքը գրաւող Ա. Սէ. Միլան պիտի հիւրընկալէ 3-րդ դիրքը գրաւող Եուվենթուսը, մինչ 14-րդ դիրքը գրաւող Թորինօ կը հիւրընկալէ 2-րդ դիրքը գրաւող Ինթեր Միլանը:
ՖՐԱՆՍԱ
«Լիկ 1»-ի 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Մոնաքօ (առաջին) կը հիւրընկալէ 15-րդ դիրքը գրաւող Մեցը, 2-րդ դիրքը գրաւող Նիս` Մարսէյը (6-րդ), մինչ ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն (3-րդ) կը հիւրընկալէ 11-րդ դիրքը գրաւող Սթրազպուրկը: