Ուիմպըլտընի ամէնէն երիտասարդ թենիսմենը, որ շահած է տիտղոսը` Պորիս Պեքըր, պիտի մարզէ դանիացի թենիսմեն Հոլկըր Ռունէն:
Պեքըր (Գերմանիա), որ 1985-ին` 17 տարեկանին շահած էր Ուիմպըլտընի մրցաշարքը, որոշեց մինչեւ 2023-ի վերջը մարզել աշխարհի թիւ 6 թենիսմենը:
Ռունէ Ուիմպըլտընի քառորդ աւարտականի պարտութենէն ետք իր վերջին 10 մրցումներէն միայն մէկը կրցաւ յաղթել: Ան կռնակի ցաւէ կը տառապէր, բայց մակարդակի ալ հարց ունի:
Պեքըր կը կարծէ, թէ Ռունէին կրնայ օգնել բարելաւել դաշտին վրայ իր հոգեկանը: Դանիացի Ռունէ բաժնուեցաւ Փաթրիք Մուրաթօղլուէն` վերամիանալու իր նախկին մարզիչ Լարս Քրիսթենսընին: Բայց քանի մը օր առաջ թիւ 38 թենիսմենին դէմ պարտուելէ ետք կապուեցաւ Պեքըրի հետ:
Նախապէս թիւ 1 Պեքըր, որ 6 անգամ շահած է կրան շլեմի մրցաշարքը, պիտի սկսի իր գործին Զուիցերիոյ փակ մրցաշարքին` Պազըլի մէջ:
«Կրնամ հաստատել, որ Ռունէի այժմու մարզիչն եմ», հաստատեց Պեքըր «Եուրոսփոր» մարզական պատկերասփիւռի կայանէն: «Ուրախ եմ, որ այդ մէկը առաջարկեց: Կապը երկար ժամանակէ ի վեր կար արդէն, հիմա ճիշդ ժամանակն է: Իմ ժամանակացոյցիս յարմար է, եւ միշտ հետաքրքրուած էի իրմով, որովհետեւ շատ նուիրում ունի թենիսի դաշտին վրայ եւ հաւասարակշռուած է: Հոլկըր ինծի հրաւիրեց Մոնթէ Քարլօ` փորձի շաբաթ մը անցընելու, հոն երկար զրոյց մը ունեցայ իր մօրը` Անեքիի եւ ֆիզիքական մարզիչին` Լափօ Պեքերինիի հետ: Երեքս իր պատասխանատուներն ենք այլեւս: Հոլկըր անտաշ ադամանդ մըն է, որ փայլքի կարօտը ունի: Կը հաւնիմ իր զգացական «պայթումները»: Նախապէս մարզած եմ Ճոքովիչը. ան ալ շատ լուռ չէր դաշտին վրայ, բայց այդ ալ կարեւոր է: Կարեւոր է սակայն, թէ որքա՛ն արագ կրնաս մրցումին մթնոլորտին մէջ մտնել եւ կեդրոնանալ: Ի վերջոյ մօրդ ղրկելը թրիպիւններ կարեւոր չէ, որքան յաղթանակը: Կը սիրեմ թենիսը, եւ երբ լաւագոյն 20 տարեկան թենիսմեններէն առաջարկ կը ստանամ մարզելու… Ով որ մերժէ այսպիսի բան, թենիսէն հեռու պէտք է մնայ», ըսաւ Պեքըր:
Պեքըր 2013-էն 2016 մարզած է պատմութեան լաւագոյն թենիսմեններէն` Նովաք Ճոքովիչը, որ այդ ժամանակամիջոցին շահած է կրան շլեմի 24 տիտղոսներէն 6-ն:


