Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. Լուվրի Թանգարանը Կը Ցուցադրէ Տա Վինչիի «Վերջին Գլուխ Գործոցը»

March 30, 2012
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Սրբուհի Աննա»` մաքրուած...

Ուշագրաւ Է Ապագայի Նկատառումներով Ներկայի Մէջ Սխալներ Չգործելու Լուվրի Զգուշաւոր Քաղաքականութիւնը: Այսուհանդերձ Թանգարանը Անցեալ Ուրբաթ Օր Բացումը Կատարեց Տա Վինչիի Նոր Վերանորոգուած Մէկ Գլուխ Գործոցին` «Սրբուհի Աննա» Անունով Ծանօթ Գեղանկարին, Յուսալով Վերջ Դնել Արուեստի Աշխարհին Մէջ Ծագած Անվերջ Վէճերուն, Որոնք Թանգարանը Կ՛Ամբաստանեն Անգին Իւղանկարը Վտանգելու Անփութութեամբ: «Ա. Էֆ. Փէ.» Կը Մանրամասնէ.

Վերածնունդի վարպետը անաւարտ ձգած էր «Կոյս Մարիամ եւ Մանուկը Սրբուհի Աննային հետ» վերնագիրով իր գեղանկարը, երբ մահացած էր 1519-ին: Անիկա այժմ աստղն է յատկանշական ցուցահանդէսի մը, որ կը պեղէ տուեալ գործին ծննդոցը եւ կ՛որոշէ անոր տեղը` արուեստի պատմութեան մէջ:

«Սրբուհի Աննա»-ն կը պատկերէ մանուկ Յիսուսը` գառնուկի մը հետ, իր մօր եւ մեծ մօր հետ: Տա Վինչի սկսած է զայն գծել 1503-ին: Անոր մահէն ետք գեղանկարը պատկանած է Ֆրանսայի Ֆրանսիս Ա. թագաւորին, որ արուեստագէտին վերջին հովանաւորն էր:

««Սրբուհի Աննա»-ին պատմութիւնը պատմութիւնն է տա Վինչիի վերջին 20 տարիներու կեանքին», կ՛ըսէ ցուցահանդէսը կազմակերպած մասնագէտը` Վենսան Տըլիւվեն:

««Սրբուհի Աննա». Լէոնարտոյի վերջին գլուխ գործոցը» վերնագիրով ցուցահանդէսը կը մէկտեղէ 130 գծանկարներ, արուեստագէտին կողմէ կատարուած նախապատրաստական ուսումնասիրութիւններ, անոր արուեստանոցին մէջ արտադրուած կանուխ տարբերակներ եւ գրութիւններ, որոնք կ՛ակնարկեն «Սրբուհի Աննա»-ի գեղանկարին եւ այլ գեղանկարներ, որոնք կը կրեն անոր ազդեցութիւնը, ինչպէս` գործեր Ռաֆայելէն եւ Միքելանճելոյէն:

Տըլիւվեն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին բացատրած է, թէ ցուցահանդէսը կազմակերպած է «ոստիկանական հետաքննութեան մը պէս, մէկտեղելու համար գեղանկարը հասկնալու բոլոր տուեալները»:

Տա Վինչիի իրագործած ճեպանկարները, ամբողջական չափի գծանկարները, ընդհանուր պատկեր մը կազմող ծակտիկներով ուրուանկարները, ինչպէս նաեւ անոր արուեստանոցին մէջ արտադրուած «Սրբուհի Աննա»-ի նկարները ցոյց կու տան, թէ ան ինչպիսի՛ անցումներ կատարած է կրօնական տեսարանը վերարտադրող երեք տարբերակներու միջեւ:

Իւրաքանչիւրին մէջ Լէոնարտօ կատարած է երկրորդական սրբագրութիւններ, մինչեւ որ վերջին համադրումին մէջ Աստուածածինը պատկերած է այնպէս, կարծէք ան կը փորձէ մանուկ Յիսուսը հեռացնել գառնուկէն` անոր զոհաբերութեան խորհրդանիշէն, մինչ Սրբուհի Աննա կը քաջալերէ, որ ան ազատ ձգէ մանուկը:

Ցուցահանդէսը գագաթնակէտն է 18 ամիս տեւած վերանորոգութեան ծրագիրի մը, որ գերզգայնութիւններ յառաջացուցած էր:

Գիտաշխատանոցի մը մէջ 6 ամիս մնալէ ետք,  «Սրբուհի Աննա» տարի մը անցուցած էր Լուվրի մօտակայ Ֆրանսայի թանգարաններու ուսումնասիրութեան եւ վերանորոգութեան կեդրոնին արուեստանոցներուն մէջ, թանգարանին կողմէ ընտրուած վերանորոգութեան մասնագէտ Չինցիա Փասքուալիի հսկողութեան տակ:

Փասքուալի կը շեշտէ, թէ վերանորոգութեան պատճառը սոսկ գեղագիտական չէր:

«Կը նմանէր հիւանդի մը հոգալու,- կ՛ըսէ ան:- Պահպանութեան դիտանկիւնէն` պարտաւոր էինք միջամտել` գլխաւորաբար դարմանելու համար ճեղքռտուող ջնարակը, ինչ որ կրնար ներկը անպաշտպան ձգել աւերի դիմաց»:

Սակայն «Սրբուհի Աննա» կերպարանափոխուած է վերանորոգութենէն ետք:

Հնամաշ ջնարակը այլանդակած էր նկարը` զայն ծածկելով բարակ բիծերով, որոնք այժմ ամբողջութեամբ մաքրուած են, եւ այնպէս կը թուի, թէ դեղնաւուն-սրճագոյն քող մը վերցուած է անոր վրայէն` արտացոլելու համար Աստուածամօր շրջազգեստին մեղմ կապոյտը, ինչպէս նաեւ` մանրամասնութիւններու գանձ մը. օրինակ` լոգանքի ջուրի աւազան մը` պատկերուած կերպարներուն ոտքերուն տակ:

«Այնպէս կը թուէր, թէ կուտակուած ջնարակը հարթ բանի մը վերածած էր գեղանկարը,- կը բացատրէ  Ֆրանսայի թանգարաններու ուսումնասիրութեան եւ վերանորոգութեան կեդրոնին արուեստանոցներուն գեղանկարչութեան բաժնին տնօրէնը` Փիեռ Քիւրի:- Զայն վերանորոգելը անգամ մը եւս ծաւալ շնորհած է անոր, բնանկարի մը մէջ դրուած քանդակի մը պէս»:

Մանրամասնութիւններ, ինչպէս գառնուկին պոչը կամ պատկերուած կերպարներու ալեծուփ շրջազգեստները տեսնելով` «մեզի համար յստակ կը դառնայ, թէ գեղանկարը անաւարտ է,- կը բացատրէ Փասքուալի:- Այս մասին տեղեակ էինք այլ աղբիւրներէ, սակայն այստեղ կրնանք մեր աչքերով հաստատել»:

«Ոմանք կը հաւատան, թէ Աստուածամօր դէմքը այնքա՛ն թափանցիկ է եւ լուսափայլ, որ հաւանաբար կիսաւարտ է: Սակայն կ՛ենթադրեմ, թէ Լէոնարտօ այս ձեւով պիտի ուզէր պատկերել զայն` արտացոլելու համար անոր մաքրամաքուր էութիւնը»:

Լուվրի համար Փասքուալիի կատարած վերանորոգութեան աշխատանքը վիթխարի խոչընդոտի մը հանդիպեցաւ անցեալ տարի, երբ մտավախութիւն յայտնուեցաւ, թէ այն նիւթը, որ կը գործածուէր ջնարակը բարակցնելու համար, կրնար ի սպառ ջնջել նաեւ հիմնական ներկը: Այս պատճառով երկու մասնագէտներ հրաժարած էին աշխատանքին վերահսկող յանձնախումբէն ` իրենց բողոքը արտայայտելու համար:

«Չեմ հասկնար վիճարկութեան պատճառը,- կ՛ըսէ Փասքուալի,- շատ հեռու էինք կիրարկուած ներկին խաւէն. չես կրնար աւերել բան մը, որուն չես հպիր»:

Վիճարկող մասնագէտներէն մէկը` Սեկոլեն Պերճէոն Լանկլ Լուվրի պաշտօնաթերթին կողմէ կատարուած հարցազրոյցի մը մէջ ըսած է, թէ վերանորոգութեան կարգ մը երեւոյթներուն վերաբերող իր մտահոգութիւնները որոշ չափով փարատած են:

Սակայն ան կը շարունակէ իր տարակարծութիւնը յայտնել այլ երեւոյթներու վերաբերեալ, ինչպէս` մանուկ Յիսուսի մարմնին վրայէն ճերմակ արատը հանելու որոշումը: Ան կը հաւատայ, որ հաւանաբար Լէոնարտօ ինք իր ձեռքով աւելցուցած էր զայն:

Ընդհանրապէս մասնագէտներուն մտավախութիւնները կեդրոնացած են Սրբուհի Աննայի եւ Աստուածածինի դէմքերուն վրայ, ինչպէս նաեւ` ներկի այն խաւերուն, զորս Լէոնարտօ կիրարկած է մշուշոտ եւ մեղմ գոյներ ստեղծելու համար:

Լարուածութիւնները մեղմացնելու նպատակով` Լուվր որոշած է ջնարակի յաւելեալ խաւ մը անհպելի պահել պատկերուած կերպարներուն դիւրաբեկ դէմքերուն վրայ: Թանգարանը նաեւ արգիլած է գեղանկարէն ջնջել որոշ տարրեր, ինչպէս` ծառի գերաններու խումբ մը, թէեւ կը կարծուի, որ անոնք աւելցուած են 19-րդ դարուն:

«Լուվրի թանգարանը կը կիրարկէ արուեստի գործերու մաքրութեան շատ չափաւոր քաղաքականութիւն մը,- կ՛ըսէ Քիւրի:- Ներկայ հանգրուանին այստեղ կանգ առնելը ապահովութեան երաշխիք մը կ՛ընձեռէ ապագային, երբ դարձեալ դրուի գեղանկարը վերանորոգելու հարցը, ինչ որ անխուսափելի է 30 կամ 50 տարիէն»:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Նախորդը

50 Տարի Առաջ ( 30 մարտ 1962 )

Յաջորդը

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. Գաղտնիք Մը Պահած Կինը

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.