Լաս Վեկաս Էյսըզ դարձաւ աղջկանց «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան` յաջորդական 2-րդ տարին ըլլալով պարտութեան մատնելէ ետք Նիւ Եորք Լիպըրթին` 70-69 արդիւնքով:
Էյճա Ուիլսըն, որ «Էմ. Վի. Փի.» ընտրուեցաւ, նշանակեց 24 կէտ ու 16 ռիպաունտ եւ օգնեց Էյսըզին, որ 12 կէտով ետ կը մնար մրցումի առաջին մասին:
Նիւ Եորք լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը եւ կարտ Քորթնի Վանտըրսլութ 19 կէտ ալ նշանակելով յոյս ներշնչեց Լիպըրթիի, որ 21 տարուան ընթացքին առաջին անգամն ըլլալով կը հասնէր աւարտականին:
Էյճա Ուիլսըն ըսաւ. «Ամբողջ տարեշրջանին պայքարեցանք դժուարութիւններու դէմ, բայց մեր կեդրոնացումը մնաց անխախտ: Լացինք միասին, աղօթեցինք միասին եւ այժմ շամփանյը կը բանանք միասին»:
Էյսըզ լաւ ձեւով չսկսաւ, Չելսի Կրեյ եւ Քիա Սթոքս վիրաւոր ըլլալով 8 թըրնովըր կատարեց (գնդակ կորսնցնել) առաջին քորթըրին:
Վերջին երկվայրկեանին Սապրինա Իոնեսքու փորձեց յաղթանակ ապահովել Նիւ Եորքի, սակայն գնդակը չկրցաւ զետեղել կողովին մէջ:
«Կը շնորհաւորեմ Վեկասը, կը պարտուէին, եւ ձեւ մը գտան մրցումին արդիւնքը յեղաշրջելու: Պայքարեցանք, բայց մեր լաւագոյն ելոյթը չէր այսօր», ըսաւ Լիպըրթիի մարզիչ Սենտի Պրոնտելլօ:
Երկու խումբերն ալ կը կոչուէին «սուփըր թիմ» (գեր-խումբեր) եւ մեծ թիւով համակիրներու հետաքրքրութիւնը գրաւեց այս 5-էն 3 յաղթանակի մրցումներու շարանը, որ այս տարի աւարտեցաւ 3-1 արդիւնքով` ի նպաստ Լաս Վեկաս Էյսըզի: